Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Երէկուան Արտակարգ Ժողովը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ ժողով մը` քննելով Նըժմէ ակումբին արձանագրած բողոքը, ինչ կը վերաբերի նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած հարցերուն` Ախա Ահլի Ալէյ – Նըժմէ մրցումէն ետք, որուն ընթացքին Նըժմէի կարգ մը մարզիկներ վիրաւորուեցան:

Իր հաղորդագրութեան մէջ ֆետերասիոնը բուռն կերպով դատապարտեց դէպքը` յայտնելով, որ նմանօրինակ արարքներ երբեք ընդունելի չեն, ինչ ալ ըլլան դրդապատճառները:

Ատկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած` Ասաատ Սապլինիէն (Նըժմէ), Մալեք Արսլանէն (Ախա Ահլի Ալէյ) եւ Ասաատ Սայիտէն (Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոն)` քննելու համար այս հարցին մանրամասնութիւնները եւ երեւան հանելու ինքնութիւնները այն անձերուն, որոնք յարձակեցան Նըժմէի մարզիկներուն վրայ:

Իր հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ ֆետերասիոնը եզրափակեց ըսելով, որ այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումները կը սառեցուին` մինչեւ ֆետերասիոնին յառաջիկայ նիստը:

 

Share this Article
CATEGORIES