Մայրերու Օրուան Առթիւ – Սխալ Էիր, Մա՛յր Իմ
ՇԱՀԷ ՔԷՕՐՕՂԼԵԱՆ
Կը ներես, բայց, սխա՛լ էիր,
մա՛յր իմ,
Երբ կ՛ըսէիր`
դրամով մարդ չե՛ն դառնար,
ընկերութիւն չե՛ն ծախեր,
դրամով կամք չե՛ն
պարտադրեր,
մարդը մարդուն
չի՛ դաւեր…
Սխա՛լ էիր, երբ կ՛ըսէիր`
դրամով փառք չե՛ն գներ,
պատուոյ գի՛ր իսկ
չեն գրեր.
տգէտ մարդուն
բանգէտի տեղ
չե՛ն դներ,
անարժանը չե՛ն
թագադրեր…
Սխա՛լ էիր, երբ կ՛ըսէիր`
դրամի տակ` երբե՛ք շուրջպար չեն պարեր,
անհաւատը հաւատախօս չե՛ն կոչեր,
գրիչը` սուրի փոխան,
սուտն ալ որպէս վահան չե՛ն կրեր…
Սխա՛լ էիր, մա՛յր իմ, սխալ, երբ կ՛ըսէիր`
կամակատար չե՛ն դառնար,
ուղղամիտներ լարախաղաց չե՛ն ըլլար,
անկախները գործակատար չե՛ն դառնար,
ոչ ալ անշուշտ` հոգեվաճառ հաղորդավար…
***
Լա՛ւ է, չկաս, մա՛յր իմ, չկաս,
Որ չտեսնես, չմտածես
որ սխալ ես զիս պատրաստած…
Թէեւ շա՜տ են օր ցերեկով,
հեշտ ու հանգիստ` իրենք-զիրենք,
նոյնպէս` իրար ծախողները,
իրարու դէմ դաւողները,
իմ դէմ կռուի ելլողներ
գնել, բանտել, կամք պարտադրել փորձողները…
Ոչ կարող են խոստումներով զիս գնել,
Ոչ` դրամով, ոչ` վանդակով զիս բանտել,
Ոչ` պայմաններ պարտադրել,
Ոչ ալ` կամքիս, եւ կամ ձեռքիս շղթայ դնել:
Երախտապա՛րտ եմ, մայր իմ,
Որ զիս այսպէ՛ս կրթեցիր:
Թոյլ տուր, խնդրեմ,
համեստաբար ես ընդունիմ
որ ճի՛շդ էիր,
Ազնուակա՛ն, սուրբ մայր իմ:

