Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները

***

«Իսկական հերոսները անոնք են, որ ոչ անուն ունին, ոչ ձայն եւ ոչ ալ փայլ: Անոնք աշխարհին կը նային վերէն եւ չունին համարեա ե՛ւ ոչ մի անհատական, սեփական կիրք: Հարստութիւնը, հանգստութիւնը, աղքատութիւնը, աղէտը` ամէնքը համազօր երեւոյթներ են: Ոչ ալ հետաքրքրական է անոնց փառքը, իշխանութիւնը, հռչակը եւ բոլորը, որ իրենց անձին կը վերաբերի: Անոնք իսկական դերվիշներ են: Այս դերվիշների բոլոր կիրքերը կը խտանան միայն մի հաճոյքի մէջ, որ անոնց կու տայ եռանդ, կենսունակութիւն եւ անսահման կարողութիւն: Անոնք միայն մի հզօր կիրք ունին` տեսնել մարդկութիւնը այնպէս, ինչպէս իրենք կը ցանկան: Այս մարդկանց ուժը կախում չունի ոչ իրենց կրթութենէն, ոչ իրենց գեղեցկութենէն, ոչ ֆիզիքական ուժէն, ոչ կազմակերպական տաղանդէն եւ ոչ ալ հռետորական եւ գրական շնորհներէն: Անոնց ուժը իրենց կիրքն է դէպի մարդկութիւնը, որ կը ձգտի լաւը լաւ պահել ու սիրել, իսկ վատը նոյնպէս կը սիրէ եւ իր սիրելով կ՛ուզէ զայն լաւ դարձնել: Այդ կը յաջողի ոչ այնքան իր սիրոյ միջոցով, այլ աւելի իր անձնական օրինակով եւ այն հաւատի ներշնչումով` անոր սէրը, յանդիմանութիւնը, տուած ծեծը, խրատը տարբեր չեն, քան իր հարազատ մօր վերաբերմունքը ճամբայէն շեղած իր զաւակին»:

Ռուբէն, «Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները»,
Զ. հատոր, էջ 119-120:

Share this Article
CATEGORIES