Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղդէացիներու Պատրիարքը
Հինգշաբթի, 23 մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց քաղդէացիներու եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ ամենապատիւ Լուիս Սագօ պատրիարքը: Պատրիարքին կ՛ընկերակցէին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվէյթ, Իրաքի հայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան եւ ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքական փոխանորդը:
Շուրջ ժամ մը տեւած սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ պատրիարքին միջեւ: Քաղդէացիներու եկեղեցւոյ պատրիարքը, որուն նստավայրը կը գտնուի Իրաքի մէջ, լայն տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետին երկրին մէջ տարուող քաղաքական, ապահովական ու միջհամայնքային յարաբերութեանց առնչուած նիւթերու մասին: Ապա խօսակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ: Անդրադառնալով քննարկուած հարցերուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Յուսահատութիւնը, պարտուողականութիւնը եւ թերահաւատութիւնը հեռու պէտք է մնան քրիստոնեայի կեանքէն: Մեր եկեղեցիները կոչուած են յոյս ներշնչելու, սէր փոխանցելու եւ հաշտարար դեր կատարելու: Ա՛յս է քրիստոնեային առաքելութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք շրջանին մէջ կառչած մնալ մեր հողին, մեր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն` փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ վստահութեամբ գոյակցելով իսլամութեան հետ:

