Հաղորդագրութիւն
Իւրաքանչիւր տարուան նման, այս տարի եւս 9 մայիսին Շուշիի ազատագրութեան 21-րդ տարեդարձին առիթով, Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ը կազմակերպեց իր տարեկան նախաձեռնութիւնը: Ազգայիններէ եղան ինքնաբուխ բազմաթիւ նուիրատուութիւններ` իբրեւ մասնակցութիւն Արցախի վերականգնման եւ վերաբնակեցման աշխատանքներուն:
Սոյն նախաձեռնութեան իբրեւ արդիւնք հանգանակուեցաւ 22,635 ամ. տոլար:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային

