Ճատրակ. Մէյս Ժապալի Միջազգային Մրցաշարք. Մեկնում` Առաւօտեան Ժամը 7:15-ին
Ինչպէս ծանօթ է, հովանաւորութեամբ Մէյս Ժապալի քաղաքապետ Մուրթատա Քապալանի, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ Մէյս Ժապալի ճատրակի առաջին միջազգային մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 25 մայիսին` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական ձեւով, ընդամէնը` 7 հանգրուան, այս մարզով հետաքրքրուած բոլոր փափաքողներուն համար, ըլլան անոնք ակումբներու մաս կազմող ճատրակ խաղացողներ կամ անհատներ:
Մրցաշարքին համար ընդհանուր գումար յատկացուած է երկու հազար ամերիկեան տոլար, որ պիտի բաժնուի տարիքային տարբեր դասակարգերու, չդասուած եւ միջազգային դասաւորում ունեցող տիտղոսակիրներուն:
Անոր մասնակցութիւնը եւ փոխադրութիւնը պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ ձրի, իսկ մասնակցողները կէսօրուան ճաշի հիւրը պիտի ըլլան Մէյս Ժապալի քաղաքապետութեան:
Յայտարարուեցաւ, որ շաբաթ, 25 մայիսին, առաւօտեան ժամը ճիշդ 7:15-ին, յատկացուած յատուկ փոխադրակառքերը Քոլայի շրջանէն պիտի ուղղուին հարաւ:
Ֆետերասիոնին յատուկ կարգադրութեամբ, յատուկ փոխադրակառք մը տրամադրուած պիտի ըլլայ հայ մասնակցողներուն համար, որ նոյն ժամուն պիտի մեկնի հարաւ, Նահրի կամուրջէն վար, աջ կողմը գտնուող տարածութեան քովէն:

