Այսօր Կը Սկսին Ծախուիլ Հայաստան – Մալթա 2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցումին Տոմսերը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ շաբաթ, 25 մայիսին կը սկսին ծախուիլ Հայաստան – Մալթա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին տոմսերը:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 7 յունիսին` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

Հիւսիսային եւ Հարաւային թրիպիւնին գինն է 3000 դրամ, արեւելեանինը` 5000 դրամ, իսկ արեւմտեանինը` 8000 դրամ:

Share this Article
CATEGORIES