Ազրպէյճանէն Կազ Ստանալու Համար Պալքանեան Երկիրներ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են 2 Նոր Կազատար Խողովակաշարի Կառուցման Գծով

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Պալքանեան երկիրներու, մասնաւորաբար Մոնթենեկրոյի, Ալպանիոյ, Պոսնիոյ եւ Խրուաթիոյ կառավարութիւնները յուշագիր ստորագրած են Անդրադրիական եւ Յոնիա-ադրիական կազատար խողովակաշարերու կառուցման շուրջ:

Յուշագիրը ստորագրուած է Թիրանայի մէջ: Կողմերը համաձայնած են օժանդակել կազատար խողովակաշարերու կառուցման նախագիծերու զարգացման, ֆինանսաւորման եւ իրականացման: Բացի ատկէ, կողմերը պէտք է նախապատրաստեն իրենց ներքին շուկաները Ազրպէյճանէն ու կասպիական շրջանէն կազ ստանալու:

Մոնթենեկրոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Անդրադրիական խողովակաշարը պիտի ունենայ 520 քիլոմեթր երկարութիւն եւ նախատեսուած է կազը կասպիական շրջանէն Արեւմտեան Եւրոպա փոխադրելու համար: Իսկ 530 քիլոմեթր երկարութեամբ Յոնիա-ադրիական խողովակաշարը Անդրադրիականին մէկ ճիւղը պիտի ըլլայ եւ ատոր իրագործման համար պիտի պահանջուի 610.5 միլիոն եւրօ:

Share this Article
CATEGORIES