Մոսկուա Կոչ Կ՛ուղղէ Առանց Ուշացումի «Ժընեւ-2»-ի Յստակ Թուական Մը Ճշդելու

Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ «գոհունակութիւն» արտայայտելով յայտարարեց, որ Դամասկոս կը վստահեցնէ, որ սկզբունքով պատրաստ է Սուրիոյ տագնապին շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու:

«Ռուսիա վերջերս մեծ ջանք կը թափէ Սուրիոյ տագնապին լուծման շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան գործադրութեան համար», ըսաւ Լուքաշեւիչ` աւելցնելով, որ Մոսկուա սոյն նախաձեռնութեան 30 յունիս 2012 թուակիր Ժընեւի յայտարարութեան հիմամբ գործադրութիւնը արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու, սուրիացիներու ողբերգութեան վերջ տալու եւ ի շահ բոլոր քաղաքացիներուն Սուրիոյ ժողովրդավարական ապագայի մը ապահովման համար իրատեսական առիթ մը կը նկատէ… եւ այս առիթը պէտք չէ փախցնել»:

Ան նշեց, որ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, որովհետեւ «հակառակ ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան ձեռնարկումէն ետք շարք մը գործընկերներու եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մեր ուղղած կոչերուն, Սուրիոյ շուրջ միակողմանի որոշում մը որդեգրուեցաւ, ինչ որ կը հակասէ սուրիական տագնապի լուծման համար անհրաժեշտ միաձայնութեան»` աւելցնելով, որ ներկայիս Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց յանձնախումբի 23-րդ նիստի ընթացքին եւս այդպիսի «ոչ շինիչ» որոշում մը որդեգրելու աշխատանք կը տարուի:

Լուքաշեւիչ քննադատեց ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան գործադրութիւնը խանգարելու փորձը եւ «քաղաքական նեղ շահերը գլխաւոր նպատակէն բարձր դասելը»: «Այդ փորձերը ընդդիմադիր խմբաւորումներուն ժխտական պատգամներ կ՛ուղղեն եւ զանոնք կը մղեն երկխօսութիւնը մերժելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «գլխաւոր առաքելութիւնը կը մնայ այն, որ ընդդիմութիւնը առանց նախապայմաններու խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար պատուիրակութիւն մը կազմէ»:

Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «պէտք է առանց ուշացումի խորհրդաժողովի յստակ թուական մը ճշդել… առանց յստակացման, թէ ո՛վ եւ ի՛նչ լիազօրութեամբ ընդդիմութեան անունով պիտի խօսի, հարց մըն է, որ կարելի չէ լուրջի առնել»` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներու կարգ մը որոշումները, որոնց շարքին Մատրիտի հանդիպումը եւ Ամմանի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը «յուսախաբութիւն կը պատճառեն»:

Ան հաւանական նկատեց, որ Փարիզի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճոն Քերրիի միջեւ «Ժընեւ-2»-ի հարցով հանդիպում մը տեղի ունենայ:

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի յայտարարեց, որ «գետնի վրայ Սուրիոյ բանակին ձեռքբերումները պիտի ճշդեն «Ժընեւ-2»-ի արդիւնքները»:

Կոլանի Մէջ Հրեայ Բնակեցուածներու
Միլիսի
Վերականգնում

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ վերջին ամիսներուն Իսրայէլ-Սուրիա լարուածութեան լոյսին տակ Կոլանի մէջ հրեայ բնակեցուածներու միլիսին եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ եւս լարուածութիւն տիրած է եւ բնակեցուածները պահանջած են իրենց արտօնել պատրաստուիլ որեւէ դիպաշարի, ներառեալ` «խափանարարներու ներթափանցման»: Այժմ իսրայէլեան բանակը հաւանութիւն տուած է, որ բնակեցուածներու միլիսը վերսկսի իր մարզումին: Բանակը չորեքշաբթի օր բնակեցուածներուն հաղորդած է, որ միլիսի անդամներու զէնք կրելու իրաւունքին դէմ դիւանակալական արգելքները վերցուած են եւ մարզումի աշխատանքը պիտի վերսկսի:

Թրքական
Ապահովական
Պատ

Թուրքիոյ մաքսատուներու եւ առեւտուրի նախարար Հայաթի Եազըճը յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած են Սուրիոյ հետ սահմանի մէկ բաժինին վրայ կառուցել պատ մը` նշելով, որ շուրջ 2.5 քիլոմեթր երկարութեամբ պատը պիտի կառուցուի Ալեքսանտրէթի Սիլվիկէօզիւ սահմանային անցքի շրջանին մէջ:

Ան աւելցուց, որ այժմ կը խօսուի փշաթելերով օժտուած պատի մը մասին, որուն վրայ հսկողութեան տեսախցիկներ պիտի զետեղուին սուրիական կողմէն ապօրինի սահմանահատումներու կանխարգիլման համար:

Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան գրասենեակը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-ին հրթիռ մը հարուածած է Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն դասարանները` աւեր գործելով դպրոցին մէջ: Բարեբախտաբար մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած:

 

Share this Article
CATEGORIES