Ռայի Պատրիարքը Վերադարձաւ Լիբանան Եւ Անհրաժեշտ Նկատեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը աւարտելէ ետք Հարաւային Ամերիկա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ Վատիկան կատարած այցելութիւնը երէկ վերադարձաւ Լիբանան:

Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ ցաւ եւ յուսախաբութիւն յայտնեց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու գծով:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց սակայն, որ ինք միշտ դրական կ՛ուզէ մօտենալ հարցերուն եւ ելքերուն մասին մտածել: Ան նշեց, որ ընտրական օրէնքին թնճուկը քրիստոնեաներուն մօտ չի գտնուիր, որովհետեւ քրիստոնեայ ղեկավարները համաձայնեցան օրէնքի մը շուրջ, սակայն այդ օրէնքը մերժուեցաւ:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ միջմարոնիական հանդիպումները պիտի շարունակուին:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն խորհրդարանին նստաշրջանը երկարաձգելու գաղափարը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը մերժելի է:

 

Share this Article
CATEGORIES