Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Հըսի
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրումի տօնին նախօրեակին անհրաժեշտ էր այցելել այդ ազատագրումի կերտիչներէն մէկուն:
Ռաատ նշեց, որ Հըզպալլայի դէմ շղթայազերծուած արշաւին պատճառը հակառակորդ կողմերուն ձախող ընտրանքներն ու որոշումներն են:
Ռաատ ընդգծեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ դաշինքին պահպանումը հիմնուած է կառավարութեան մէջ հաւասար ներկայացուցչութիւն ապահովելու սկզբունքին վրայ, յատկապէս այս հանգրուանին, որուն ընթացքին Լիբանան ապահովական լուրջ ցնցումներ կ՛ապրի:
Ռաատ նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է եւ այդ պատճառով ալ լիբանանցիները մտահոգ են, հետեւաբար կապիկները իրենց վանդակներէն դուրս բերող կողմերը պէտք է վերստանձնեն զանոնք դարձեալ իրենց վանդակները ուղարկելու պատասխանատուութիւնը:


