Մեծ Թիւով Պատասխանատուներ Երէկ Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դարձաւ աշխուժ կեդրոն մը, ուր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ թիւով պատասխանատուներ եւ պետական պաշտօնատարներ առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ մեծ թիւով երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքի երեսփոխանները վերստին առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը:

Նոյն աշխատանքը կատարեցին նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ, Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես:

Հըզպալլայի կողմէ 14 թեկնածուներ, ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան կողմէ թեկնածութիւնները պիտի առաջադրուին յառաջիկայ երկուշաբթի օր:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները ամբողջացուցած է` կատարելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը մինչեւ օրս չէ հրապարակած իր նստաշրջանը երկարաձգելու որոշում մը, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները անխուսափելի են յառաջիկայ 16 յունիսին:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց կառավարութեան նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի ընդառաջեց Պըրրիի առաջարկին եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ երկուշաբթի կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ գումարել կառավարութեան նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի որոշուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին կազմութեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Յայտնենք, որ Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի ընդգծեց, որ մեղք է քանդել Լիբանանը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է անոր շահերը իրականացնելու համար ճիգ չխնայել եւ վերջ տալ Թրիփոլիի բախումներուն, ինչպէս նաեւ օժանդակել լիբանանեան բանակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES