Վարչապետարանին Մէջ . Նախկին Վարչապետներու Հանդիպում

Նախկին վարչապետներու հանդիպումէն պահ մը

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Օմար Քարամէն, Ֆուատ Սինիորան եւ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կողմէ չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կտրականապէս  մերժուեցան ապօրինի զինեալ երեւոյթները:

Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ նաեւ ամրապնդելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու գոյակցութիւնը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախկին վարչապետներուն, որոնց մէջ նաեւ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին էր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ:

Share this Article
CATEGORIES