Այն Թինէի Մէջ. «Կը Մերժեմ Ելեկտրականացած Մթնոլորտին Մէջ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ երկրին մէջ ելեկտրականացած ներկայ մթնոլորտին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումին:
Ան ընդգծեց, որ երկիրը իր այս վիճակին հասած է, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ձախողած են Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածքին գործադրութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


