Եարզէի Մէջ. «Դիմադրութիւնը Շատ Աւելի Վեհ Է` Սադրանքներու Մէջ Խեղդուելէ» Ըսաւ Նախագահ Սլէյման

Լիբանանեան բանակի սպայակոյտին հետ հանդիպումէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընի ու բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ու բանակի սպայակոյտին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ բանակին ներկայ հրամանատարը եւ զինուորական խորհուրդը կատարեալ եւ ամբողջական զօրակցութիւն կը վայելեն իրենց ցանկացած որոշումները տալու իմաստով, պայմանաւ որ բանակի կառոյցին մէջ անիշխանութիւն չստեղծուի:

Ան նշեց, որ ինք իբրեւ բանակի ընդհանուր հրամանատար եւ զինեալ ուժերու պետ կատարեալ ու ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ բանակին:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան այլոց ժողովրդավարութեան գինը պէտք չէ վճարէ:

Հարաւի ազատագրումին 13-ամեակին սեմին նախագահ Սլէյման նշեց, որ երբ Դիմադրութիւնը հարաւային Լիբանանը կ՛ազատագրէր, յարանուանական հարցի համար չէր պայքարեր, այլ ազգային հարցի մը համար:

«Սակայն դժբախտաբար Լիբանան հարաւի ազատագրումին պտուղները չքաղեց: Հողը ազատագրեցինք, սակայն չկրցանք ազատագրել նաեւ մարդը», ըսաւ նախագահ Սլէյման` աւելցնելով, որ այս կամ այն քաղաքական ուժին կամ ղեկավարին հետեւորդը ըլլալու իրականութիւնը առկայ է, յարանուանական տարբերութեանց պարագային արձանագրուած ճեղքը հետզհետէ կը խորանայ: «Ինչպէ՞ս կարելի է երկրի մը Դիմադրութեան եւ զոհողութեան բարձր օրինակ մը ըլլալ, երբ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի այնպիսի վարուելակերպ, որ կ՛ամրապնդէ յարանուանական խտրութիւնը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Դիմադրութեան նշանակութիւնը շատ աւելի վեհ է, քան` սադրանքներուն մէջ խեղդուիլը` ըլլայ ան Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց երկրին դիմագրաւած նախկին փորձառութիւններէն ուսանելի դասեր քաղելու:

Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց Լիբանանը կռիւի դաշտի վերածելու եւ կամ Քուսէյրի, թէ Թրիփոլիի մէջ կռիւներ մղելու երեւոյթները:

«Այս բոլորը կը փաստեն, թէ մենք անցեալէն ոչ մէկ դաս քաղած ենք», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Հանրապետութեան նախագահը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամին, որպէսզի ան ազգային իր պարտականութիւնը կատարէ եւ աշխատի պաշտպանել Լիբանանի շահերը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ անհրաժեշտ է անպայման կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ անոնցմէ փախուստ չտալ:

Իր կարգին, զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակէն պէտք է հեռացնել բաժանումի ուրուականը:

Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ բանակը կը վստահի երկրին իշխանութեան պետերուն եւ անոնց քաղաքական հովանաւորութիւնը կը խնդրէ, որպէսզի կարենայ իր պարտականութիւնը լիովին կատարել` պաշտպանելով քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, առանց քաղաքական ցեխարձակումներու թիրախ դառնալու:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES