Թրիփոլիի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն. Բանակը Կը Դիրքաւորուի Ժապալ Մըհսենի Մէջ

Թրիփոլիի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որուն լոյսին տակ բանակը իբրեւ առաջին հանգրուան դիրքաւորուեցաւ Ժապալ Մըհսենի մէջ եւ իբրեւ երկրորդ հանգրուան պիտի դիրքաւորուէր Պապ Թըպպանէի, Պաքքարի, Մանքուպինի, Շաարանիի եւ Մալլուլէի, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու մէջ:

Այս առումով, Պապ Թըպպանէի պատասխանատուներուն համաձայն, լիբանանեան բանակին Պապ Թըպպանէ մուտքը պիտի արտօնուի զինադադարէն 48 ժամ ետք, երբ յստակ կը դառնայ, որ բոլոր կողմերը կը փափաքին պահպանել զինադադարը:

Պապ Թըպպանէի եւ Պաքքարի զինեալ պատասխանատուները բանակին հետ հարց չունին, սակայն իրենց համար կարեւոր է գիտնալ, որ զինեալ բախումներուն վերջ դնելու կամքը եւ փափաքը կայ:

Միւս կողմէ, Ժապալ Մըհսենի զինեալ խմբաւորումներու պատասխանատուներ յայտնեցին, որ իրենք կ՛ենթարկուին օրէնքին եւ բանակին հրահանգներուն` աւելցնելով, որ անոնք վերջ տուած են կրակոցներուն եւ արձակազինութեան:

Նշենք սակայն, որ Թրիփոլիի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւնը խզուեցաւ արձակազէններուն փամփուշտներով, իսկ Օմարի մզկիթին մօտակայքը ինկաւ ռումբ մը:

Արձակազինութեան պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք, Ժամաա Իսլամիէի կազմակերպութեամբ ցոյց մը կատարուեցաւ Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ:

Ցոյցին ընթացքին հրկիզուեցան Հըզպալլայի, Իրանի եւ Ռուսիոյ դրօշները:

Թրիփոլիի մէջ Ժամաա Իսլամիէի պատասխանատու շէյխ Մուսթաֆա Ալլուշ ցոյցին ընթացքին ցեխարձակումներ կատարեց Հըզպալլայի դէմ` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնն է, որ կը խանգարէ Թրիփոլիի նման ազգային քաղաքին անդորրը:

Թրիփոլիի մէջ դպրոցները, համալսարաններն ու վաճառատուները մնացին փակ` նկատի ունենալով տիրող վտանգաւոր կացութիւնը:

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւններուն առումով, Մուսթաքպալ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի երեսփոխանները Պէյրութի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն նախագահեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Թրիփոլիի մէջ պահպանել Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ պահպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ Թրիփոլիի մէջ անցեալ կիրակի օրուընէ ի վեր բախումներուն պատճառով արձանագրուած են 23 զոհեր եւ աւելի քան 200 վիրաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES