«Իշխանութիւնները Ունակ Չեն Իրականացնելու Հիմնական Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախորդող օրերուն կառավարութեան ներկայացուցածը ծրագիր չէ, լաւագոյն պարագային հռչակագիր է` մշուշոտ եւ անհեռանկարային կէտերով: Ըստ Մինասեանի, թիրախային չէ եւ տարեկան կտրուածքով ցուցանիշներ չեն ծրագրաւորուած, ինչ որ կառավարութեան գործունէութիւնը անվերահսկելի կը դարձնէ: Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ նոյն անվերահսկելիութեան արդիւնքն է այն, որ կառավարութիւնը պատասխանատուութիւն չէ կրած նախորդ ծրագիրի չիրականացման համար:

«Եթէ կը խօսիք պատասխանատու, հաշուետու, թափանցիկ իշխանութեան մասին, նախ եւ առաջ պէտք է անկէ սկսիլ: Դէմ քուէարկած ենք ոչ միայն այս պատճառով, այլ այն պատճառով, որ բացթողումներ կան», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան` հիմնաւորելով, որ ո՛չ խօսք կայ նոր հիւլէական կայանի մասին, ո՛չ ալ նոր ազգային օդանաւորդական ընկերութեան մասին, որ Հայաստանի ապահովութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է: Դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ այս բոլորին կը գումարուին գիւղական մարզի ծանր վիճակն ու սղութիւնը եւ յստակ կը դառնայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ունակ չեն հիմնարար բարեփոխումներ իրականացնելու երկրին մէջ:

«Մեր կառավարութիւնը զիջումային քաղաքականութիւն կ՛իրականացնէ բոլոր ուղղութիւններով», ըսաւ ՀՅԴ ներկայացուցիչը: Ըստ անոր, ընդդիմութիւնը կը քննադատէր հիմնաւորուած, իսկ մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը վիրաւորանքով կը պատասխանէր: Մինասեան շեշտեց, որ աւելի կը կարծրանայ իշխանութեան անպատասխանատու վերաբերմունքը, ամէն ինչ յաղթողի սկզբունքը: Ան իշխանութեան քաղաքականութիւնը համեմատեց վիպասան Րաֆֆիի հերոս Քաւոր Պետրոսին հետ. դուրսէն այլ է, ներսէն` բոլորովին այլ բան եւ հիմնովին կեղծ:

Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ նաեւ Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի նախանցեալ օր կատարած յայտարարութեան, թէ` «եթէ Սերժ Սարգսեանը չ՛ըլլար, դուք ո՞ւր պիտի ըլլայիք»:

«Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն պիտի ըլլար. թերեւս ասիկա նկատի ունէր Գալուստ Սահակեան իր միտքի գոհարները ըսելով», յայտնեց Մինասեան:

Share this Article
CATEGORIES