Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Սարգսեանին

Երէկ Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյֆ Մոհամետ Զաապին (նստավայրը` Թեհրան) իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

Նախագահը շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց նոր դեսպանին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ դեսպան Զաապի քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու կարելիութիւնները: Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ պատմականօրէն ձեւաւորուած հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը եւ երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները ամուր հիմք ստեղծած են քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան համար:

Հայաստանի նախագահը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը կարեւոր նկատեցին յառաջիկային երկու երկիրներու միջկառավարական յանձնախումբի նիստի կայացումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու քննարկումը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու աշխուժացման կարեւորութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES