«Եուրոփա Լիկ»-ին Տիտղոսակիրը Պիտի Մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, թէ 2015-2016 տարեշրջանէն սկսեալ, «Եուրոփա լիկ»-ին տիտղոսակիրը պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Իր այս քայլով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կ՛ուզէ, որ աւելի արժէք տրուի այս մրցաշարքին, որովհետեւ իւրաքանչիւր խումբ պիտի փափաքի, որ տիրանայ տիտղոսին եւ ապա մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Եւրոպայի անուանի ակումբներուն եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատասխանատուներուն միջեւ (որոնց կարգին` նախագահ Միշել Փլաթինի) ամիսներ տեւած բանակցութիւնները ի վերջոյ յանգեցան այս եզրակացութեան:
CATEGORIES Մարզական

