«Սթեֆորտ Էսոսիէյթց»-ի Խաղեր. 3500 Մարզասէրներ Մասնակցեցան 44 Տեսակ Խաղերու

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան «Սթեֆորտ Էսոսիէյթց»-ի հովանաւորութիւնը վայելող 2013-ի պէյրութեան 6-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 3500 երկսեռ մարզասէրներու, որոնք կը ներկայացնէին 28 ընկերութիւններ եւ հաստատութիւններ: Անոնք երկու օրուան վրայ երկարող այս խաղերուն մասնակցեցան 44 տարբեր տեսակի մարզախաղերու:

Խաղերուն աւարտին ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Մորիքս Սիսթեմզ` տիրանալով 30 մետալի (12 ոսկի, 5 արծաթ եւ 13 պրոնզ), 2-րդ դիրքը 25 մետալով (8 ոսկի, 9 արծաթ եւ 8 պրոնզ)` Պէյրութի դրամատունը, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Աուտէ դրամատունը` 17 մետալով (6 ոսկի, 4 արծաթ եւ 7 պրոնզ):

Աւարտին կազմակերպիչ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք եւ հովանաւոր ընկերութեան նախագահ Անթուան Իտ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES