Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Շախտիոր Դարձեալ Տիրացաւ Տիտղոսին
Ուքրանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, Շախտիոր Տոնեցք 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Չեռնոմորեցը, 9-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին:
Նախորդ տարեշրջանի տիտղոսակիրին առաջին երկու կոլերուն փոխանցումները կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Նշենք, որ Շախտիոր Տոնեցք արդէն իսկ հանդիսացած է Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

