Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հանդուրժող եւ զգուշաւոր եղէք ձեր արհեստին վերաբերեալ որեւէ որոշում տալէ առաջ: Ձեր ընտրութիւնը տրամաբանական թող ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան մը յիշատակը ձեզ պիտի մղէ կատարելու նոր արկածախնդրական ճամբորդութիւն մը: Այսուհանդերձ, մնացէք խոհեմ եւ զգուշ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործերը ծաղկուն են եւ քաջալերական: «Երկուորեակները» լաւ գիտեն իրենց գործերը կարգի դնելու գաղտնիքը, լաւ ձեւով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Համարձակութեամբ փշրեցէք սառոյցը եւ պիտի տեսնէք, թէ յաջողած էք եւ ջերմացուցած էք ձեր յարաբերութիւնը անձի մը կամ հաստատութեան մը հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի ըլլաք լաւ մեծաւոր մը կամ վարպետ մը` ձեզի յանձնուած խումբին: Պիտի կարենաք յաջողութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի կարենաք ամենայն եռանդով գործի անցնիլ, պրկել ձեր մկանները: Պիտի հետեւիք ձեր որոշած աշխատանքին յաջողութեամբ աւարտին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ քնացէք, ճիշդ ժամերուն քնացէք: Այս է այսօրուան ձեզի տրուած խրատը: Ձեր աշխատանքային ժամերը լաւ դասաւորեցէք, որպէսզի օրը անցնի բնական ընթացքով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր շրջապատը ջիղերու վրայ` պայքարի մէջ է: Դուք լաւ գիտէք այսպիսի խառն մթնոլորտը հանդարտեցնելու գաղտնիքը: Գործի անցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճաշի ժամերը յարգեցէք: Նախաճաշ մը, որ կարեւոր է, պէտք է կատարէք հանգիստ, նստած, եւ ոչ` հապճեպ, խառնաշփոթ մթնոլորտի մէջ: Մտածեցէք լաւ մարսողութեան կերպին մասին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արժեւորեցէք ձեր կարողութիւնը, հետեւեցէք վայելուչ երեւնալու արուեստին` խնամելով ձեր արտաքին տեսքը, հագուածքը: Կ՛ուրախանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հետեւեցէք ձեր առողջութեան, ձեր գործէն տարուած` մի՛ մոռնաք այս կարեւոր հարցը: Ըստ ձեր սովորութեան, երբեմն կ՛անտեսէք այս հարցը: Հետեւաբար փոխեցէք ձեր սովորութիւնը եւ անցէք գործի` առողջ մնալու համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը յարմար է ձեր հարցերը լաւ ձեւով կարգադրելու: Ժամանակն է, որ մնաք կեդրոնացած ձեր աշխատանքին վրայ: Օրը պիտի օգնէ ձեր յաջողութեան:

