50 տարի առաջ (27 Մայիս 1963)

Ն. Վ. Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս

 Ներկայ Եղան` Նախարարներ, Երեսփոխաններ, Բարձրաստիճան
Անձնաւորութիւններ Եւ Մեծ Թիւով Հաւատացեալներ

 Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Գեղեցիկ Ուղերձը

Անթիլիաս երէկ` կիրակի, 26 մայիս, տօնական օր մը եւս ապրեցաւ` արտակարգ խանդավառութեամբ: Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը փութացած էր կաթողիկոսարան` ողջունելու համար Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապը, որ աւանդական իր բարեբաստիկ այցելութիւնը պիտի տար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ անոր արժանաւոր գահակալ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Մայրուղիէն վանք տանող ճամբուն վրայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը շինել տուած էր երկու հսկայական կամարներ` լիբանանեան գոյներով զարդարուն:

Զինուորական փողերախումբը եւ հանրապետական պահակագունդը տեղ գրաւած էին վանքին մուտքէն վեհարան տանող բակին մէջ, Լիբանանեան հեռատեսիլի երկու կայաններու, լիբանանեան ձայնասփիւռի եւ թերթերու նկարիչներ եւ թղթակիցներ երէկ ժամադրուած էին Անթիլիաս` նախագահական այս ուրախառիթ այցելութեան առթիւ:

Հետզհետէ սկսան հասնիլ պաշտօնական հիւրերը, որոնք դիմաւորուեցան պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Յաջորդաբար եկան խորհրդարանի փոխնախագահ Մունիր Ապու Ֆատել, վարչապետի ներկայացուցիչ եւ ծրագրումի նախարար Օսման Տանա, հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, հանրապետութեան նախագահութեան փրոթոգոլի պետ Ժորժ Հայմարի, երեսփոխաններ` Ապտել Ազիզ Շեհապ, զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Ժոզեֆ Չատեր, Էմիլ Մուքարզել, Շարլ Սաատ, Քամիլ Աքըլ, Ֆատլալլա Թալհուք, Մըրշետ Հապշի, Մորիս Ժեմայէլ, Ֆուատ Պոն, Պէյրութի քաղաքապետ Էմիլ Եաննի, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ, Լեռնալիբանանի զինուորական հրամանատար գնդ. Խաթթար Հայտար, Մեթնի գայմագամ շէյխ Համիտ Խուրի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ալէյի գայմագամ Իպրահիմ Զըրպի, ինչպէս նաեւ` այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Ժամը ճիշդ 10:00-ին մոթորսիքլեթ սուրհանդակներ անցք կը բանան նախագահական թափօրին, որ երբ կը յայտնուի, ժողովուրդը անընդհատ կը ծափահարէ եւ հուռռաներ կ՛արձակէ:

Նախագահը կ՛իջնէ ինքնաշարժէն: Փողերախումբը կը հնչեցնէ ողջոյնի կանչը, որմէ ետք կը նուագուի լիբանանեան քայլերգը` երկիւղած լռութեան մէջ: Աչքէ անցընելէ ետք պահակագունդը, նախագահը, որ եկեղեցիի դրան առջեւ կը դիմաւորուի նախարարներու կողմէ, կը մտնէ եկեղեցի, ուր կը գրաւէ նախագահական աթոռը: Մինչեւ ժամը 11:00 նախագահը կը հետեւի պատարագին, որ կը մատուցուի Թեհրանի թեմի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեանի կողմէ:

Այնուհետեւ, նախագահն ու վեհափառը, պետական աւագանիի եւ հայ երեւելիներու շքախումբով, կը բարձրանայ վեհարան, ուր տեղի կ՛ունենայ հիւրասիրութիւն, մինչ պատկերասփիւռի եւ թերթերու նկարիչներ կը գործեն, ֆլեշներու ակնախտիղ լոյսին տակ: Լիբանանեան պետական ձայնասփիւռը, որ առտուընէ ի վեր կու տար եկեղեցական արարողութիւնները, խանդավառ մեկնաբանութիւններով կը պանծացնէ հայ ժողովուրդին անվերապահ համակրանքն ու սէրը նախագահին հանդէպ:

Վեհարանին մէջ վեհափառը կը կարդայ գեղեցիկ ուղերձ մը, որուն ամբողջական պատճէնը պիտի տանք մեր յաջորդ թիւով: Ուղերձին մէջ, որ յետոյ արաբերէն թարգմանութեամբ կարդացուեցաւ Հայկ Թովմասեանի կողմէ, վեհափառը գլխաւորաբար կը շեշտէ.

«Այս օրհնեալ երկրի դարաւոր կոչումն է ծառայել որպէս օրրան հաւատքի, հաւատքին` առ միակ Աստուած, Արարիչը տիեզերքին եւ անհունօրէն գթառատ, հաւատքին` իր ամէնէն այլազան ձեւերուն տակ: Բայց մեծաւ մասամբ Ձերդ վսեմութեան արժանիքին պէտք է վերագրել այս վերջին տարիներուն ներդաշնակումը նման գեղակերտ ձեռնարկի մը կրօնական հաւատքի այն այլազան արտայայտութեանց ի բարւոք վայելումն եւ ի բարգաւաճումն բոլոր լիբանանցիներուն անխտիր»:

«Կիլիկիա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, նախ կ՛երգէ լիբանանեան քայլերգը, ապա յետ հիւրասիրութեան` «Կիլիկիա»-ն:

Հասած է հրաժեշտի պահը: Նախագահը մինչեւ վեհարանին դուռը կ՛առաջնորդուի վեհափառին կողմէ: Շրջափակին մէջ խռնուած բազմութիւնը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջերթ կը մաղթէ նախագահ Շեհապին, որուն կը հետեւին բարձրաստիճան միւս հիւրերը:

Share this Article
CATEGORIES