Կրթական Նիւթեր. Քունի Պակասը Կը Խանգարէ Աշակերտներուն Սորվելու Կարողութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԹԱՔՈՒՆ ԳՈՐԾՕՆ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՏԿԱՐԱՑՆԷ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈՒՍՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ՎԵՐԼՈՒԾՈՂ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՄԱՏՂԱՇ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ ՔՈՎ ԱՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՊԱՏՃԱՌԱԾ ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՍՏԱՌՆԵՐՈՎ ՅԱԳԵՑԱԾ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԲՆՈՐՈՇ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ ԵՆ:
Հարցը յատկապէս տիրական է աւելի բարգաւաճ երկիրներու տարածքին, ուր քունի մասնագէտներ երեւոյթը կ՛առնչեն մինչեւ ուշ գիշեր ննջասենեակին մէջ բջիջային հեռաձայններու եւ համակարգիչներու գործածութեան հետ:
Քունի պակասը այնքա՛ն լուրջ խանգարում մըն է, որ հարկ է դասերը աւելի ցած մակարդակի վրայ փոխանցել` յարմարելու համար անքնութենէ տառապող աշակերտներուն, ինչպէս ի յայտ բերած է Պոսթըն քոլեճին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը:
Միջազգային բաղդատութիւններ ցոյց տուած են, թէ ամէնէն աւելի Միացեալ Նահանգներու տարածքին աշակերտներ կը տառապին անքնութենէ. ամերիկացի 9-10 տարեկան մանուկներուն 73 առ հարիւրը եւ 13-14 տարեկան պատանիներուն 80 առ հարիւրը իրենց ուսուցիչներուն կողմէ կը նկատուին անքնութեան ժխտական ներգործութեան ենթակայ:
Միացեալ Նահանգներու տարածքին գրաճանաչութեան քննութիւններ ցոյց տուած են, թէ 9-10 տարեկան մանուկներուն 76 առ հարիւրը կը տառապի քունի պակասէ:
Տկար Աշխատանք
Քունի պակասէ տառապող աշակերտներուն համեմատութիւնը բարձր է նաեւ Նոր Զելանտայի, Սէուտական Արաբիոյ, Աւստրալիոյ, Անգլիոյ, Իրլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ: Կրթական փայլուն արդիւնքներ արձանագրող Ֆինլանտայի մէջ եւս մեծ է թիւը քունի պակասէ տառապող աշակերտներուն:
Աշակերտներ ամէնէն աւելի բաւարար քուն կը ստանան Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Փորթուգալի, Չեխիոյ Հանրապետութեան, Ճափոնի եւ Մալթայի մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը մաս կը կազմէ լայնածաւալ տեղեկութիւններ հաւաքելու գործընթացի մը, որ կը ծառայէ կրթական մակարդակի համաշխարհային դասաւորումներու: Նման դասաւորումներ կը կատարուին Ուսողութեան եւ գիտութեան միջազգային ուղղութիւններու ուսումնասիրութեան (ԹԻՄՍՍ) եւ Ընթերցանութեան-գրաճանաչութեան միջազգային յառաջդիմութեան ուսումնասիրութեան (ՓԻՐԼՍ) արդիւնքներուն հիմամբ:
Այս երկու ուսումնասիրութիւնները կը դասուին միջազգային չափանիշներ հաստատող գլխաւոր միջոցներուն շարքին: Անոնք հիմնուած են աւելի քան 50 երկիրներու եւ շրջանային մարզերու մէջ նախակրթարանի եւ երկրորդականի աւելի քան 900 հազար աշակերտներու քննութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:
Անցեալ տարեվերջին հրապարակուած ուսողութեան, գիտութեան եւ ընթերցանութեան քննութիւններուն արդիւնքներուն համաձայն, կրթական ասիական համակարգերը կը գրաւեն տիրական դիրք` դասաւորումներուն գագաթին:
Սակայն ուսումնասիրողներ նաեւ փափաքած են գիտնալ, թէ տան մէջ մանուկներուն կենցաղը ի՛նչ ներգործութիւն կ՛ունենայ անոնց կրթական արդիւնքներուն վրայ: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են ընտանեկան հարստութեան եւ աղքատութեան ներգործութիւններուն վերաբերեալ: Պոսթըն քոլեճի ուսումնասիրողները քննած են յաւելեալ ազդակներ, ինչպէս` քուն եւ սննդառութիւն:
Հետեւաբար կրթական նորագոյն քննութիւններուն ընկերակցած են մանուկներուն քնանալու սովորութիւններուն առնչուող հարցարաններ` ուղղուած ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Ապա ուսումնասիրողները իրենց ստացած տուեալները բաղդատած են աշակերտներուն քննութիւններու արդիւնքներուն հետ, որպէսզի ուսողութեան, գիտութեան եւ գրաճանաչութեան մէջ անոնց կարողութիւնները բաղդատեն անոնց քունի տեւողութեան հետ:
Սնունդ` Ուղեղին
«Կ՛ենթադրեմ, որ կը թերագնահատենք քունին ներգործութիւնը: Մեր տուեալները ցոյց կու տան, թէ աշխարհի տարածքին այն մանուկները, որոնք միջին հաշուով աւելի լաւ կը քնանան, աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն ուսողութեան, գիտութեան եւ ընթերցանութեան մէջ», կ՛ըսէ Ուսողութեան եւ գիտութեան միջազգային ուղղութիւններու ուսումնասիրութեան եւ Ընթերցանութեան-գրաճանաչութեան միջազգային յառաջդիմութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի պատասխանատուն` Չատ Մինիչ:
«Նոյն կապը կարելի է գտնել այն մանուկներուն քով, որոնք բաւարար սնունդ չեն ստանար», կ՛աւելցնէ ան:
«Երբ չես կրնար կեդրոնանալ կամ ուղեղով ներկայ ըլլալ, չես կրնար լաւագոյնդ տալ, որովհետեւ ուղեղդ եւ մարմինդ կարիքը կը զգան աւելի հիմնական բանի մը»:
«Սակայն աւելի մտահոգիչը այն է, թէ ուսուցիչներ սկսած են իրենց դասաւանդումները պատշաճեցնել, որպէսզի դասերը մատչելի դարձնեն անքնութենէ տառապող մանուկներուն»:
«Անքնութենէ տառապող մանուկները սկսած են տկարացնել դասաւանդումի մակարդակը», կ՛եզրակացնէ ան:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ նոյնիսկ այն մանուկները, որոնք բաւարար քուն կը ստանան, ենթակայ են քունի առնչուած մակարդակի այս անկումին:
Յաւելեալ Դասեր
Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են շրջանային երեւոյթներ, որոնք չեն համապատասխաներ ակնկալութիւններու:
Ասիական երկիրներու աշակերտները ամէնէն լաւ արդիւնքները կ՛արձանագրեն ուսողութեան քննութիւններու մէջ: Մինիչ կը բացատրէ, թէ այս երեւոյթը յաճախ կ՛առնչուի դասաւանդումի երկար ժամերու հետ եւ յետդպրոցական սերտողութեան պահերու:
«Պիտի մտածէինք, թէ ասիացի աշակերտները չափազանց կը յոգնին,- կ՛ըսէ ան: Սակայն, երբ կը քննենք քունի գործօնը, կը թուի, թէ անոնք այնքան ալ չեն տառապիր քունի պակասէ, բաղդատած` այլ երկիրներու աշակերտներուն»:
Գիշերուան լաւ քուն մը հրաշք չի գործեր եւ կրթական տկար մակարդակով երկիր մը չի վերածեր գերուժի: Օրինակ, յայտնապէս Ազրպէյճանի մէջ է, որ աշակերտներ ամէնէն նուազ կը տառապին անքնութենէ, սակայն նկատառելի կերպով անոնք ետ կը մնան քունի պակասէ տառապող Ֆինլանտայի աշակերտներէն:
Այսուհանդերձ, գիտնականներու համաձայն, երեւոյթը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս աշակերտներ անհատաբար կը հակազդեն անքնութեան, որ ժխտական ներգործութիւն կ՛ունենայ իրենց կարողութիւններուն վրայ եւ որմէ կախեալ է միջակ եւ բարձր նիշեր արձանագրելու տարբերութիւնը:
Մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, մինչ աշակերտներ կը մեծնան: Հարաւային Քորէայի նախակրթարաններուն մէջ արձանագրուած է անքնութենէ տառապող աշակերտներու ամէնէն նուազ համեմատութիւնը, սակայն երկրորդականի մէջ անոնք աշխարհի ամէնէն աւելի անքնութենէ տառապող աշակերտներուն շարքին են:
Տարբերութիւններ կան նոյնինքն տուեալ երկրի մը մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոլորատոյի երկրորդական վարժարաններուն աշակերտները շատ աւելի կը տառապին անքնութենէ, քան` Մասաչուսեցի մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց չի տար, թէ ինչո՛ւ մանուկներ եւ պատանիներ կը տառապին քունի պակասէ, կամ` ինչո՛ւ արհեստագիտական մարզերու մէջ յառաջադէմ երկիրներ յայտնապէս կը դիմագրաւեն ամէնէն ծանր դժուարութիւնները:
Սակայն մասնագէտներ կը մատնանշեն յատուկ հարց մը, որ կապ ունի մանուկներուն ննջասենեակներուն մէջ տեղադրուած արհեստագիտական սարքերուն հետ, մասնաւորաբար` պաստառներու, սմարթֆոներու եւ գիրկի համակարգիչներու գործածութեան` ուշ գիշերին:
Լուրջ Պատուար` Սորվելու
Գործընթացին Դէմ
Հարցը միայն այն չէ, թէ մանուկներ եւ պատանիներ արթուն կը մնան` երկտողներ փոխանակելով իրենց բարեկամներուն հետ կամ` համացանցը գործածելով: Համակարգիչին կամ սմարթֆոնին պաստառէն արձակուած լոյսը այնքա՛ն մօտ է մեր դէմքին, որ ինքնին կը խանգարէ քնանալու պատրաստուելու բնական ընթացքը:
«Երբ կ՛աշխատինք մեր դէմքէն հազիւ քանի մը սանթիմեթր հեռու պաստառի մը վրայ, շատ աւելի կ՛ողողուինք լոյսով, քան` երբ կը դիտենք սենեակին միւս կողմը զետեղուած պատկերասփիւռի պաստառը», կը բացատրէ քնանալու հետ կապուած հարցերու մասնագէտ Քերի Ֆիցփեթրիք, որ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ Իլինոյի Նորթուեսթըռն համալսարանին մէջ:
«Այս լոյսը ուղեղին կը թելադրէ արթուն մնալ», կ՛ըսէ ան:
«Անիկա կրնայ տարբեր ձեւով լարել 24 ժամի վրայ հիմնուած մեր մարմնին ժամանակացոյցը եւ ըսել` «կեցի՛ր, տակաւին քնանալու ժամը չէ»:
Քունի պակասը նաեւ ֆիզիքական լուրջ պատուար մըն է սորվելու գործընթացին դէմ:
«Անքնութիւնը գլխաւոր հարց է սորվելու, յիշողութեան եւ կատարումի իւրաքանչիւր հանգրուանին», կ՛ըսէ Սըրէյի համալսարանին մէջ Քունի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Տըրք, Եան Տայք:
Քունի խանգարումի եւ ուղեղի գործունէութեան ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են քունին կարեւորութիւնը` յիշողութեան եւ տեղեկութիւններ ընկալելու գործընթացին մէջ:
Անքնութեան պարագային` ուղեղը մեծ ճիգ կը թափէ իւրացնելու եւ յիշողութեան մէջ պահելու որոշ գաղափարներ:
«Հետզհետէ յաւելեալ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ կապը` բաւարար քունի եւ կրթական արդիւնքներու միջեւ», կ՛ըսէ Տայք:
Կարելի Է Դարմանել Վնասը
Ֆիցփեթրիքի համաձայն, աշակերտներ անքնութեան պատճառով ջղագրգիռ կը դառնան, կը սկսին խանգարել իրենց շրջապատը եւ ֆիզիքապէս տքնիլ` սորվելու համար:
Քունի կորուստը եւ քունի ժամանակացոյցը վերականգնելու կարճատեւ ճիգերը կրնան յաւելեալ խանգարումներ յառաջացնել տեղեկութիւններ ամբարելու ուղեղին գործընթացին մէջ:
Սակայն լաւը այն է, թէ կանոնաւոր կերպով բաւարար քուն ստանալով` կարելի է վերականգնել սորվելու կարողութեան կորուստը:
«Այնքան ատեն որ չափազանց անքնութենէ չենք տառապիր, երբ սկսինք գիշերը 7-9 ժամ քնանալ, հաւանական է, որ կարենանք վերականգնել տեղեկութիւններ ամբարելու եւ զանոնք յիշողութեան յանձնելու ուղեղին գործընթացը, անշուշտ, եթէ անդառնալի վնասներ չէ կրած ուղեղը», կը բացատրէ Ֆիցփեթրիք:
«Սորվելու հիմնական գործընթացը ինքնին հաւանական է, որ վերադառնայ իր բնական մակարդակին», կ՛աւելցնէ ան:
Այլապէս, առանց քնանալու սորվելու ճիգ թափելը տաժանելի է: «Ուղեղդ պարապի կ՛աշխատի», ինչպէս կը նկարագրէ Ֆիցփեթրիք:


