Կրթական Նիւթեր. Ֆինլանտացի Աշակերտներ Ինչպէ՞ս Կը Գերազանցեն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ Է, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ԵՆ ԵՒ ՆՈՅՆԻՍԿ` ԴԺՈՒԱՐ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ: ՖԻՆԼԱՆՏԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒԱԾ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ, ՈՒՐ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՐՈՒԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ: ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՊԱՐԲԵՐԱԲԱՐ Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՅՍ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ: ՎԵՐՋԵՐՍ «ՏԸ ԿԼՈՊ ԷՆՏ ՄԷՅԼ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ՖԻՆԼԱՆՏԱՑԻՔ ԱՅԺՄ Ի՛ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿՈՒ ՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ:
Խումբ մը ճարտարագէտներ 2003-ի սեպտեմբերին ՆԱՍԱ-ի Հրթիռարձակումի գիտաշխատանոցին մէջ մէկտեղուեցան կարծիքներ փոխանակելու համար: Անոնք ունէին փառատենչ ծրագիր մը. երեւակայել անջրպետանաւ մը դէպի Հրատ ուղարկելու նոր ձեւ մը:
Երեք օր շարունակ տարբեր ընտրանքներ ներկայացուեցան ելեկտրոնային պաստառներու վրայ: Իսկ վերջնական լուծումը արմատական յեղաշրջում մըն էր: Ճարտարագէտները ճիփի չափով «Քիւրիոսիթի» անջրպետանաւը պիտի ուղարկէին Հրատ: Երբ «Քիւրիոսիթի» 10 քմ մօտենար մոլորակին, օդապարիկ մը պիտի բացուէր անոր վրայ եւ պիտի դանդաղեցնէր շարժակները` ժամական 3 քմ արագութեամբ առաջնորդելով զայն, որպէսզի անջրպետանաւը «օրօրուելով» իջնէր գետին: Ապա օդապարիկը պիտի անջատուէր եւ իյնար քիչ մը հեռու:
Գաղափարը կը յեղաշրջէր ՆԱՍԱ-ի փիլիսոփայութիւնը, որ կը նախընտրէր բարդ եւ արկածախնդրական արհեստագիտական միջոցները, քան` աւելի պարզ, ապահով, բայց ոչ միշտ ճշգրիտ այն ձեւագծումները, որոնց համար նախապէս օգտագործուած էին օդով լեցուն պարկեր եւ ոտքեր: Ծրագիրին մանրամասնութիւններուն հետեւողները խենթութիւն կը նկատէին առաջարկուած լուծումը: Սակայն 5 օգոստոս 2012-ին, մինչ ճարտարագէտներ անձկութեամբ կը հետեւէին «Քիւրիոսիթի»-ի ուղեւորութեան, անիկա ի վերջոյ ապահով էջք կը կատարէր Հրատի վրայ:
Անջրպետանաւը օդապարիկով իջեցնելու գաղափարը արդի յայտնագործութիւն մըն էր. այսօրուան մեծ եւ յեղաշրջող գաղափարները բարդ են եւ կը ծնին գործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Յայտնագործութիւնները այլեւս անպայման մէկ անձի մը կողմէ չեն կատարուիր, այլ արդիւնք են հաւաքական գիտութեան եւ խմբային աշխատանքով հարցեր լուծելու մօտեցումին:
Հետեւաբար, եթէ յայտնագործութիւններ կատարելը գործակցութիւն կը պահանջէ, ապա ինչո՞ւ մեր կրթական համակարգերը կեդրոնացած են անհատական իրագործումներու վրայ: Այս հարցումը կորիզը կը կազմէ Ֆինլանտայի կրթական պաշտօնական ներկայացուցիչ եւ «Ֆինլանտական դասեր. աշխարհը ի՛նչ կրնայ սորվիլ Ֆինլանտայի կրթական փոփոխութենէն» վերնագիրով գիրքի հեղինակ Փասի Սահլպըրկի աշխատանքին: «Քաղաքականութիւն մշակողներ, որոնք կը փորձեն աւելի մրցունակ դարձնել իրենց երկրին տնտեսութիւնը, կը մտածեն, թէ այս նպատակը կ՛ենթադրէ յաւելեալ մրցակցութիւն ստեղծել կրթական համակարգին մէջ, որպէսզի մանուկներ եւ պատանիներ իրենց փորձառութեամբ ըմբռնեն մրցակցութեան գաղափարը,- կ՛ըսէ Սահլպըրկ:- Ասիկա ամբողջութեամբ սխալ մօտեցում է»:
Սահլպըրկ կը վիճի, որ եթէ կը փափաքինք մրցակցութեան ոգին քաջալերել մատղաշ սերունդին քով եւ աւելի մրցունակ տնտեսութիւն մը ունենալ, ապա պէտք է մեր դպրոցները ձեւաւորենք յայտնագործումներ կատարելու ճիշդ ուղիին հետեւողութեամբ: «Դասաւանդումի եւ սորվելու գործընթացները աւանդաբար բնորոշած ենք իբրեւ մէկ ուղղութեամբ եւ որոշակի գործընթացներ,- կը գրէ ան տնտեսական մրցակցութեան եւ կրթութեան միջեւ կապին վերաբերող ուսումնասիրական յօդուածի մը մէջ:- Յայտնագործութիւնը ինքնուրոյն, բնական բան մըն է: Դպրոցներու մէջ դասաւանդելու եւ սորվելու գործընթացները պէտք է հիմնուին աշխուժ մասնակցութեան, ընկերային փոխազդեցութիւններու եւ արտայայտութիւններու սկզբունքներուն վրայ»:
Քանատայի մէջ կը քաջալերուի մրցակցութիւնը աշակերտներու միջեւ: Ուսուցիչներ հաշուետու են քննութիւններու մէջ իրենց աշակերտներուն յաջողութեան, իսկ դպրոցներու միջեւ բաղդատութիւններ կը կատարուին ընդունուած քննութիւններու արդիւնքներուն հիմամբ: Ֆինլանտայի մօտեցումը տարբեր է: Աշակերտներ մինչեւ 5-րդ դասարան կը ստանան միայն քանի մը տողով արժեւորումը իրենց աշխատանքին: Աւելի բարձր կարգերու մէջ արժեւորումը կը կատարուի աշակերտներուն կարողութիւններուն համապատասխան արձանագրուած արդիւնքին հիմամբ եւ ոչ թէ` դասընկերներու միջեւ բաղդատութեան: «Ուսուցիչներ կարելի չափով նուազ շեշտ կը դնեն նիշերու վրայ,- կը բացատրէ Սահլպըրկ:- Ասիկա կը նշանակէ, թէ աշակերտներ «կը մրցին» իրենք իրենց դէմ եւ ոչ թէ` իրարու դէմ»:
Ֆինլանտայի կրթական համակարգը այս մէկը կ՛իրագործէ` ուսուցիչներուն շնորհելով աւելի լայն իրաւասութիւններ, որպէսզի անոնք դասաւանդումի մեթոտները պատշաճեցնեն իրենց դասարաններուն, փոխանակ կիրարկելու ուսուցիչին կողմէ վերէն տրուած դասաւանդումի մօտեցումը եւ քննութիւններու վրայ հիմնուած արժեւորումի ձեւը:
Սահլպըրկ «Ֆինլանտական դասեր» գիրքը գրելու մասին մտածած է, երբ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէր Աշխարհի դրամատան համար եւ նկատած էր հետզհետէ ծաւալող հետաքրքրութիւն մը` Ֆինլանտայի կրթական համակարգին նկատմամբ: Ֆինլանտայի դպրոցները իրենց հռչակը կը պարտին Աշակերտներու կարողութիւնները չափող միջազգային քննութիւններու ծրագիրին (ՓԻՍԱ), որ բաղդատութիւններ կը կատարէ 70 երկիրներու մէջ 15 տարեկան աշակերտներու կարդալու, ուսողութեան եւ գիտութեան կարողութիւններուն միջեւ: Հակառակ այն իրողութեան, որ ֆինլանտացի աշակերտներ նուազ տան պարտականութիւն կը կատարեն եւ նուազ ժամեր կ՛անցընեն դպրոցին մէջ, քան` միջին հաշուով այլ երկիրներու աշակերտները, Ֆինլանտա տեւաբար մաս կը կազմէ աշխարհի լաւագոյն արդիւնքները արձանագրող առաջին երեք երկիրներուն ցանկին: Անիկա այս պատիւը կը բաժնէ Չինաստանի, Քորէայի եւ Սինկափուրի նման երկիրներու հետ, որոնք կ՛առնչուին կրթական խիստ կարգ ու կանոնի եւ անգիր սորվելու մօտեցումներուն հետ: Ֆինլանտա երրորդ դիրքը կը գրաւէ նաեւ Աշխարհի տնտեսական համախմբումին կողմէ կատարուած Համաշխարհային մրցունակութեան նորագոյն վիճակագրութեան մէջ:
Ֆինլանտայի յաջողութիւնը աւելցուցած է Սահլպըրկի եւ անոր գիրքին ժողովրդականութիւնը: Այժմ ան աշխարհը կը շրջի տարածելու համար իր պատգամը: «Երբ աշակերտներ պարտաւոր չեն ներկայանալու չափանիշներ պահանջող ընդհանուր քննութիւններու, ապա կրնան կեդրոնանալ սորվելու բուն գործընթացին վրայ, եւ ուսուցիչներ չեն ստիպուիր մտահոգուիլ աշակերտները քննութիւններու պատրաստելու աշխատանքով», ըսած է Սահլպըրկ Նիւ Եորքի մէջ կրթական պատասխանատուներու հետ հանդիպումի մը առիթով:
Սահլպըրկ կապ մը կը գտնէ իր երկրին կրթական եւ տնտեսական յաջողութիւններուն միջեւ: Ան կը գնահատէ Ֆինլանտայի դպրոցները, որոնք սորվելու գործընթացը վերաձեւաւորած են ներկայ դարուն յայտնագործութիւններ կատարելու գործընթացին հետեւողութեամբ: Առաջնահերթ դարձնելով գործակցութեան վրայ հիմնուած աշխատանքը` Ֆինլանտայի դպրոցները աւանդականէն տարբեր ձեւով կ՛ըմբռնեն գիտելիքը: Ուսուցիչներ զայն չեն նկատեր առարկայական տուեալներու ամբարում մը: «Գլխաւոր հարցը այն չէ, թէ աշակերտ մը ի՛նչ գիտէ կամ չի գիտեր, այլ` ի՛նչ կարողութիւններ ունի գիտութիւն ընկալելու, գործածելու, տարածելու եւ ստեղծելու, ինչ որ կարեւոր է տնտեսական յառաջդիմութեան եւ ընկերային փոփոխութեան համար», կ՛ըսէ Սահլպըրկ:
Անշուշտ աւելի դժուար է չափել կամ գնահատել այս վերացական կարողութիւնները, քան` թուաբանական աղիւսակներու տիրապետելու աշակերտի մը կարողութիւնը: Սակայն նման վերացական կարողութիւնները նաեւ մրցունակութեան այն յատկանիշներն են, որոնց կարեւորութիւն կու տան գործատէրերը: Վերջերս խորհրդատուական ՄքՔինզի ընկերութեան կողմէ 9 երկիրներու տարածքին 8000 պատանիներու, կրթական գործիչներու եւ գործատէրերու վրայ կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ կրթական մարզին մէջ աշխատողներ նախապատուութիւն կու տան սահմանուած նիւթ մը դասաւանդելու, մինչդեռ գործատէրեր կը պահանջեն «նուրբ կարողութիւններ», ինչպէս` հարցեր լուծելու, վերլուծելու եւ հաղորդակցելու կարողութիւններ: Համակարգիչի Այ. Պի. Էմ. ընկերութեան կողմէ 1500 տնօրէններու հետ կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ «ստեղծագործելու կարողութիւնը» իբրեւ ղեկավարելու գլխաւոր յատկանիշ պիտի պահանջուի ապագային:
Սահլպըրկ կ՛ըսէ, թէ կրթական բարեկարգումներու շարժումը (յատկանշուած` ուսուցիչներու հաշուետուութեամբ եւ դպրոցներու միջեւ բաղդատութեամբ) կը գերիշխէ համաշխարհային կրթական մօտեցումներուն մէջ, մասնաւորաբար` Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն տարածքին, եւ կարեւորութիւն չի տար անձնական կարողութիւններ զարգացնելու:
Բարեկարգումներու շարժումը, որ առաւելաբար ծանօթ է նախկին նախագահ Պուշի վարչակարգին որդեգրած «ոչ մէկ մանուկ ետ պիտի մնայ» յօդուածով, 1990-ական տարիներուն իր գագաթնակէտին հասած է Քանատայի մէջ:
«Մարկրեթ Թաչըրի, Ռոնըլտ Ռիկընի եւ աւելի առաջ` Չիլիի նախագահ Օկիւսթօ Փինոշէի հետեւողութեամբ` այս շարժումը կը ձգտէր աւելի կեդրոնական տեղ տալ կրթական ծրագիրին, բազմացնել քննութիւնները եւ հաշուետու դարձնել ուսուցիչները,- կը գրէ Էնտի Հարկրիվզ, հեղինակը` «Տը ֆորթ ուէյ. տի ինսփայրինկ ֆիուչըր ֆոր էճիւքէյշընըլ չէյնճ» (չորրորդ ձեւը. կրթական փոփոխութեան ներշնչող ապագան) գիրքին:- Ասիկա ծնունդ տուաւ սպառողական արեւելումով ծնողներու նոր սերունդի մը` տեղեկութիւններ հրապարակելով դպրոցներու մակարդակին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հրատարակելով դպրոցներու մակարդակը ցոյց տուող բաղդատական ցուցակներ` շուկայական մրցակցութիւնը քաջալերելու համար անոնց միջեւ: Փոխանակ չափելու այն, ինչ որ արժէքաւոր է մեզի համար, ստիպուած ենք արժեւորել այն, ինչ որ դիւրին կարելի է չափել»:
Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ Ֆինլանտայի մօտեցումը հող կը շահի: Հարկրիվզ իր գիրքին համար ուսումնասիրած է ամէնէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած կրթական համակարգերը եւ նկատած է հետեւեալ յատկանշական երեւոյթը. «Հակասութիւն է, սակայն եթէ կը փափաքիք տնտեսական յաւելեալ մրցունակութիւն, ապա հարկ է ունենալ գործակցութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգ: Ասիկա կը սկսի դասարանէն` գործակցութեան հիմնական կարողութիւնները եւ մօտեցումները սորվեցնելով աշակերտին: Ապա ուսուցիչներ պէտք է հրաժարին իրենց անձնական մենատիրութենէն եւ առիթ տան հաւաքական պատասխանատուութեան` իւրաքանչիւր աշակերտի յաջողութեան համար»:
Հարկրիվզ նկատած է, թէ ինչպէ՛ս Օնթարիոյի մէջ ուսուցիչներ որդեգրած են իր ցուցմունքը. «Նախապէս այսպէս էր. «Աշակերտս դասարանիս մէջ», իսկ այժմ անոնք կ՛ըսեն. «Մեր աշակերտները մեր դպրոցին մէջ»: Ասիկա կը նշանակէ, թէ երբ աշակերտ մը դժուարութեան կը հանդիպի, բոլոր ուսուցիչները կը մէկտեղեն իրենց կարծիքները եւ գիտելիքները` լուծում մը գտնելու համար տուեալ աշակերտին դժուարութեան»:

