Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում
Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:
Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը թուին, սակայն ան իրողապէս ամենակարճ հանգրուանն է: Այսպէս ալ, վարժարանի աւարտական դասարաններու 23 սան-սանուհիները յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով, որոնք ապրեր ու հիւսեր էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, իսկ այժմ անոնք իրենց ետին ձգելով մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ` իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր կը նային դէպի նոր հորիզոններ:
Անոնք բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն դուրս այլ համազգեստներով ու գլխարկով, սակայն` դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարիգալստեան խօսքէն ետք, անոնք հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով, որոնք արտասանուեցան հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, որոնց մէջ ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ` ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը. խօսքերը մերթ ընդ մերթ երանգ ստացան երգերով, նուագներով եւ պարերով, որոնք ջերմօրէն գնահատուեցան հանդիսութեան ներկաներուն կողմէ եւ որպէս աշակերտներ` իրենց բազմաշնորհ տաղանդներով հարստացուցին օրուան խորհուրդը:
Ներկայացումներու աւարտին, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը, դպրոցի 90-ամեայ վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Վկայականաց բաշխումէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ հայր Գէորգ Եղիայեանը, որ յատուկ պատուանշանակներ յանձնեց կրթական տարեշրջաններու յիշատակութեան արժանի չորս աշակերտուհիներու. Գարին Սեփեթճեանին` որպէս գերազանցիկ, իսկ Լէա Քեքեճեանին, Սարին Գրօղլեանին եւ Գարին Մաճարեանին` իրենց յարատեւ ջանասիրութեան համար. ապա սրտի խօսքը փոխանցելով` կարեւոր նկատեց Անարատ յղութեան հայ քոյրերու կրթանուէր ծառայութիւնը, վկայաբերելով Հռիփսիմեանց վարժարանի 90-ամեայ վաստակը հայ սերունդներու ինքնուրոյն դաստիարակութեան համար, դիմեց նաեւ ծնողաց` անվարան իրենց զաւակները վստահելու Հռիփսիմեանցին:
Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեայ պանծալի առաքելութիւնը եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընձեռած ծառայութիւնները հայ սերունդներու դաստիարակութեան համար, ապա ընդգծեց հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ` ներկայ սերունդէն եղած ակնկալութիւնները:
«1922… Պոլսէն դէպի Միջերկրականի այս հիւրընկալ ափը, Անարատ յղութեան հայ քոյրերէն հինգ նուիրեալներ` քաջ մշակներ, անվարան կը հասնին լիբանանեան տարածք: Արեւմտահայութեան ամենադժխեմ, ճակատագրական այդ տարիներուն հայ քոյրերը տէր կը կանգնին գաղթական մեր ժողովուրդին, վերապրած, եղեռնաբախտ հայ բեկորներուն: Որպէս ճշմարիտ մայր ու դաստիարակ` անձնուէր հոգիով կրթական առաքելութեան հիմը կը դնեն ամենահամեստ պայմաններու մէջ: Անշուք, տախտակաշէն, թիթեղածածկ երդիքի տակ: Բայց միշտ կորովի, աննկուն կամքով, յուսադիր ապագայի տեսլականով, որովհետեւ հայ քոյրը հաւատաց եւ կը հաւատայ իր ժողովուրդին անսասանութեան, անոր քրիստոնէական, ազգային յաւերժութեան, նաեւ իր առաքելութեան սրբազան գաղափարականին:
«Պատմական այս թուականը, յարգելի ներկաներ, հպարտանքի մեծ առիթ է այսօր: Արդար հպարտանք` Հռիփսիմեանցի անցեալի բարեբեր գործունէութիւններուն եւ յաջողութիւններուն համար, միաժամանակ` խանդավառ ու վերանորոգ կամքով շարունակելու մեր ուղին, դիմագրաւելու ամէն մարտահրաւէր, ճշդելու արդի ժամանակներուն հետ վարժարանիս ուսումնական, կրթական բազմապիսի եւ պատուաբեր գործընթացը:
«Փառք ու պատիւ անցնող 90 տարիներու բոլոր նուիրեալներուն. շնորհիւ իրենց վճռակամութեան` այս կրթօճախը դարձաւ իսկական հնոց մը ազգային, կրօնական, հայեցի դաստիարակութեան, ամուր պահելու հայու ինքնութիւնը, լեզուն, դարաւոր հարուստ մեր մշակոյթը, լուսաւորչեան հաւատքը: Շնորհիւ իրենց անջնջելի հետքերուն` Հռիփսիմեանցը լիբանանեան պարարտ հողին վրայ եղաւ եւ մնաց միշտ բարգաւաճ եւ յարաճուն վերելք», նշեց ան:
Ան դիտել տուաւ, որ ընթացիկ դպրոցական տարեշրջանը եղաւ բարեբեր գործօն եւ ծաղկեալ. աշակերտին հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական աշխարհը հարստացնող ազդակներով, նաեւ վարժարանը աշակերտութեան ապահովեց ընտանեկան ջերմիկ մթնոլորտ մը, որուն շնորհիւ ան դարձաւ իր երկրորդ հարազատ իր բոյնը, ընտանեկան քաղցր յարկը: Այս բոլորին համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատասխանատուներուն, բաժնի տեսուչներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ պաշտօնէութեան:
Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ան ըսաւ. «Դուք` Հռիփսիմեանցի 90-ամեակի հունձքը. դուք այսօր կը դարձնէք ձեր կեանքի ամէնէն գեղեցիկ էջերէն մէկը եւ հրաժեշտ կու տաք դպրոցական տարիներուն. սակայն ձեր ուղին տակաւին չէ աւարտած, այս օրը պարզապէս անկիւնադարձային պահ մըն է, հրաւէր մը` նոր կերտումներու, նոր խոյանքներու:
«Դուք` հարազատ զաւակները այս վարժարանին, դուք` նորափթիթ, դեռատի «Հռիփսիմեանցականներ», շարունակեցէք քալել հայու արդար հպարտութեամբ, մարդկային ու ազգային գիտակցութիւնը ձեր հոգիին մէջ պարտիք նուաճել նոր բարձունքներ, քաջաբար յաղթահարել ամէն պատնէշ, ամէն կապանք ու արգելք: Խիզախ ու աննկուն, հայավայել տքնաջան աշխատանքով պիտի կերտէք ձեր ապագան, որպէսզի զինուած համալսարանական գիտութեամբ, մարդասիրական վեհ զգացումներով ու ազգային արժէքներով, աշխատիք ու նուիրուիք նախ մեր մայր հայրենիքի հզօրացման, Լիբանանի բարգաւաճման, համայն հայութեան եւ մարդկութեան ի նպաստ:
«Եղէ՛ք հաւատարիմ Հռիփսիմեանցի վսեմ գաղափարականին, պատիւն ու պարծանքը ձեր ընտանիքին եւ ձեր վարժարանին»:

