Անդրադարձ. Յուզմունքի Եւ Տիրակա՛ն Հպարտութեան Պատկերներ («Կարկաչ»-ի Համերգին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ 

Կարելի՞ է ներկայ գտնուիլ Համազգայինի «Կարկաչ»-ի մանկապատանեկան տարեկան համերգին եւ չտարուիլ այն հոգեգրաւ ոգեկանութենէն, որ մեզի կը փոխանցեն հայ երգի ու երաժշտութեան պանծացման լծուած զոյգ երգչախումբերը:

Այլ խօսքով, ինչպէ՛ս չյուզուիլ եւ չանէանալ բոլոր անոնց հետ, այս պարագային` մանկականի ու պատանեկանի տարիքին եղող հայ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներու, որոնք պահ մը մոռնալով ամէն ինչ, մէկդի դնելով իրենց առօրեայ այսպէս ասաց մանկահասակ հոգերն ու տրտունջքները, խաղերն ու երազները, ակնկալութիւններն ու փափաքները, եւ ամբողջ տարեշրջան մը սորվելէ ետք հայաշունչ  եւ գեղարուեստի զգացողութիւն պարփակող երգեր, բեմական անմեղ ու թրթռուն հայեացքներու, խայտացող շարժումներու թէ խանդավառ ապրումներու ներքեւ ամբողջ շրջապատի մը կը հրամցնեն ազգային, հայրենասիրական, ազգագրական, տոհմիկ թէ մանկապատանեկան աշխարհի համահունչ երգ ու երաժշտութիւն:

Անկեղծ ասաց, միշտ ալ եղած են առիթներ, յատկապէս «Կարկաչ» երգչախումբի պարագային, ըստ էութեան արժեւորելու եւ լոյսին բերելու յոյժ գնահատելի այս աշխատանքին կարեւորութիւնն ու սնուցիչ դերը գաղութահայ կեանքի կենսունակութեան պահպանման եւ մշակութային մակարդակի առաւել բարձրացման մէջ:

Ի դէպ, տասնվեց տարիներու անընդմէջ գոյութեամբ եւ տիրական ներկայութեամբ` «Կարկաչ» երգչախումբը շրջանցած է բազում դժուարին պահեր ու ժամանակներ, ստեղծած իր հեղինակադրոշմ պատուանդանն ու հմայքը, վաստկած իր շրջապատին ջերմութիւնն ու գնահատանքը, քաջալերանքն ու թիկունքը, եւ յարատեւօրէն շարունակած իր ազգանուէր առաքելութիւնը` յանուն հայ երգարուեստի տարածման, ծաղկումին ու պահպանման, նաեւ նորափթիթ սերունդներու դաստիարակութեան, գեղարուեստական շունչի ու որակի պայծառացման:

Այս հետեւողական, մշտանորոգ ու վերելքի ճանապարհին անդրադառնալով` ինչպէ՛ս կարելի է աներկբայօրէն չյիշատակել ու չընդգծել այս բոլոր իրագործումներուն ետին կանգնող ու պաշտպան հանդիսացող անհատականութեան մը անունը, յանձին Զաքար Քէշիշեանի, որուն գոյութեան իմաստը եթէ մէկ կողմէ երաժշտական բարձրարուեստ աշխարհի ընկալումն ու անոր ծառայութիւնն է, միւս կողմէ` մանկապատանեկան երգչախումբերու ստեղծումն ու ջատագովանքը` Լիբանանէն մինչեւ արծուեբոյն Արցախ: Հոս հասկնալի կը դառնայ անսեթեւեթ իրողութիւն մը, թէ ազգային նուիրուածութեամբ եւ արհեստավարժի ունակութեամբ յագեցած իւրաքանչիւր մտայղացք թէ աշխատանք` ինչպիսին է խմբավարին պարագային, անպայման որ եզակի ներդրում եւ ազդուութիւն պիտի ունենայ հաւաքական կեանքի առողջ ու անարգել զարգացման մէջ:

Արդարեւ, կիրակի, 19 մայիս 2013-ին, հայ թէ օտար արուեստասէր հասարակութիւն մը` ծնողներ, հարազատներ, բարեկամներ ու հայ երգի սիրահարներ կրկին անգամ ժամադրուած էին ներկայ գտնուելու Համազգայինի «Կարկաչ»-ի աւանդական համերգին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ:

Խոստովանիլ է պէտք, որ այս տարուան յայտագիրը կ՛ընդգրկէր տարբեր երանգ ու ժանրային հասկացողութիւն, այն առումով, որ մեր սիրելի «կարկաչ»-ականները (պատանեկան) պիտի մատուցէին օտար ազգագրական թէ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու երգերու փունջ մը, անշուշտ, հայերէնին առընթեր:

Ինչպէս միշտ, «Կարկաչ» մանկական երգչախումբի անդամները իրենց ելոյթով ոչ միայն կ՛առինքնեն քեզ իրենց կենսաթրթիռ մատուցմամբ եւ հոգեզմայլ ապրումներով, այլ նաեւ կը թափանցեն իւրաքանչիւրին ներաշխարհը`  հաստատելու հեքիաթային աշխարհի մը գեղեցկութիւնը:

Փաստօրէն, յայտագիրի մաս կազմած «Չեմ գիտեր»-ը, «Նապօ Նազար»-ը, «Աքլորը»-ն ու «Փայտփորիկի երգը», «Քուչիկն ու փուչիկը», «Երեք փչակ, երեք բու» եւ մնացեալ երգերը կրկին անգամ ունկնդրելէ ետք, մեր կարգին չենք գիտեր թէ ինչպիսի՛ յուզաշխարհի մը արբեցումը կ՛ապրինք, երբ անոնք կը լսուին հայ մանուկներու վճիտ շրթներէն:

Իսկ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբին այս համերգով առիթ մըն էր ունկնդրելու մեծաւ մասամբ  ազգագրական օտար երգեր ու մեծահամբաւ երաժշտագէտներու յօրինումներ:

Այլ խօսքով, երգչախումբի անդամները ինքնավստահ, կայտառ ու յիշարժան կատարումով արուեստասէր հասարակութիւնը փոխադրեցին  Պախի, Մոցարթի թէ Պիզէթի աշխարհները («Եսու, ճոյ աֆ մենզ տիզայրինկ», «Աւէ Մարիա», «Աւեք լա կարտ Մոնթանթ», «Ուոլթզինք Մաթիլտա») եւ այլն, ինչպէս նաեւ` անոնք յաջողեցան առաւելագոյնս մարմնաւորել կարգ մը ազգագրական օտար երգերու համամարդկային ու ներդաշնակ զգացողութեան գրգիռները («Չիքիթա»-ն, «Տիս օլտ մեն»-ը):

Ուշագրաւ է երգացանկին մէջ ներառուած լիբանանցի վաստակաւոր յօրինող Զեքի Նասիֆի մէկ ստեղծագործութիւնը` «Միլի եա ժաննեթ պիլատի»-ն, իբրեւ երախտիք ու յարգանք անոր յիշատակին:

Միւս կողմէ, յոյժ ողջունելի ու միշտ քաջալերելի է հայրենասէր խմբավարին այն մօտեցումն ու աշխարհահայեացքը, թէ հայոց պարծանք ու ազգային ազատագրական պայքարի օրրան Արցախի նուիրուած երգերը անպակաս պէտք է ըլլան իւրաքանչիւր համերգի ընդհանուր պարունակէն` անդադար յիշեցնելու, թէ հայութիւնը յաղթեց բարբարոս թուրք-ազերիին եւ ազատագրեց իր հայրենիքը:

Այս առումով, «Կենաց  երգ»-ն ու «Իմ Ղարաբաղ»-ը առանձնակի ու հնչեղ թելադրականութիւն մը կը պարփակէին, առհասարակ սփիւռք-հայրենիք  կամրջումի ու կարօտի անմիջականութիւնը ապրելու տեսակէտէ: Այլապէս, սրտառուչ յուզմունքի մը այլ պատկեր մըն էր համերգի աւարտին Արցախի քայլերգի կատարումը, որով թնդաց սրահը` ծափողջոյններու տարափին տակ:

Յիրաւի, նմանառիթ ազգաշունչ եւ նուիրական պահերու առթած հոգեկանութիւնը եթէ մէկ կողմէ ուրախութիւն կը պատճառէ, ապա միւս կողմէ կը պարտաւորեցնէ իւրաքանչիւրս վերամրագրելու այն հաստատ համոզումը, թէ գաղութահայ կեանքը որքան բան կորսնցուցած պիտի ըլլար մշակութային միութիւններու բացակայութեան ու անոնց ունեցած գերազանց նուիրականութեան դիմաց:

Արդ, Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նաեւ այս առումով` «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին անսակարկ աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, մշակութային կեանքի յենարաններու պաշտպանութեան սատար հանդիսացած կ՛ըլլայ, հեռակայ առաջադրանքներու կենսակործման ի խնդիր:

Այլապէս ալ, ինչպէ՛ս կարելի է պատկերացնել ազգաշէն ու հոգեթով գործունէութիւններու ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ առանց ազնիւ հայորդիներու անմնացորդ աջակցութեան, նուիրումին ու յաղթանակին:

Խոստովանինք, թէ ընթերցելէ ետք խմբավար Զաքար Քէշիշեանի խօսքը` «Նոր երգերու սպասումով», ոչ թէ միայն խռովք մը ապրեցանք, այլ նաեւ` անոր արդար ընդվզումին ու մտահոգութիւններուն մասնակից դարձանք: Փաստօրէն, անըմբռնելի է տիրող կացութեան դիմաց այսքան հաւաքական ամլութիւն եւ անկարողականութիւն:

Ո՛ւր մնացին մեր առողջ ու պայծառ մօտեցումներու խայտանքը` աջակցելու սփիւռքահայ արհեստավարժ յօրինողներու, հայ նորահաս սերունդին մատակարարելու արեւմտահայերէնի նոր երգեր ու երաժշտութիւն, որպէսզի խմբավարներն անգամ չստիպուին կրկնելու «հին» երգերը եւ կամ իրենց երգացանկին մէջ ներառեն մեծաթիւ օտար երգեր:

Աւարտին, ինչ խօսք վաստակաւոր խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ժրաջան աշխատանքին, անմնացորդ նուիրումին, յարատեւող կամքին ու կեցուածքին, հայ երգի ու երաժշտութեան անաղարտ պահպանման, մանկավարժի իր գերազանց ունակութիւններուն թէ արհեստավարժ մօտեցումներուն մասին, որոնց հանդէպ հայ նորահաս սերունդներ միշտ ալ երախտապարտ պիտի մնան:

Ի դէպ,  պարտաւորեցնող է արձանագրել, թէ համերգին իւրայատուկ, երաժշտական արուեստի բարձրաթռիչ զգացողութիւն պարգեւեց մեր սիրելի խմբավարին կողակից դաշնակահարուհի  Կամելա Քէշիշեանի նուագակցութիւնը, որուն հոգեզմայլ ու նեարդային գեղարուեստի շնորհներուն քաջածանօթ է հայ արուեստասէր հասարակութիւնը: Անոր ներկայութեամբ ու առաջնորդութեամբ անպայման որ «կարկաչ»-ականները ըմբոշխնեցին ու վայելեցին հայ թէ օտար երաժշտական յօրինումներու կատարելիութիւն մը:

Բոլորին վարձքը կատար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES