Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երուսաղէմի Լուտերական Եպիսկոպոսը

Ուրբաթ, 24 մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ Մունիպ Եունանը: Եունան եպիսկոպոս միաժամանակ բողոքական համայնքին նախագահն է Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ եւ ատենապետը Լուտերական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին:

Երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ ըլլալով վեհափառ հայրապետին` Եունան եպիսկոպոս վեհափառին հետ ունեցաւ  երկար հանդիպում մը, որուն ընթացքին նախ պարզեց Երուսաղէմի մէջ տիրող քաղաքական թէ կրօնական կացութիւնը իր բազմազան ու այլազան դժուարութիւններով: Եունան եպիսկոպոս անդրադարձաւ Լուտերական եկեղեցիներու խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ապա վեհափառ հայրապետին ու իր հիւրին խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան վրայ: Իբրեւ նախագահները Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին, անոնք ընդհանուր ակնարկ նետելէ ետք շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, որոշեցին, որ յառաջիկայ ամիսներուն Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպէ խորհուրդը Լիբանանի կամ Կիպրոսի մէջ: Նման հանդիպում մը առիթ պիտի հանդիսանայ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ կացութիւնը եւ մանաւանդ միասնաբար արտայայտելու իրենց մտահոգութիւնները, սպասումները եւ տեսակէտները:

 

Share this Article
CATEGORIES