Աթլեթիզմ. Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Տիրացաւ 2 Ոսկի Մետալի
Նախորդ շաբաթավերջին երեք օրերու տեւողութեան վրայ Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի կրտսերներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները:
Այս ախոյեանութեան բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրելով 2 ոսկի մետալի տիրացաւ Լորի Թաշճեան:
Աղջկանց 200 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրելով 27″ 00 արդիւնք մը` Թաշճեան հանդիսացաւ առաջին:
Իսկ 400 մեթր վազքի մրցումներուն ան 59″ 5 արդիւնք մը արձանագրելէ եւ ոսկի մետալին տիրանալէ բացի բարելաւեց նախապէս իր արձանագրած արդիւնքը:
CATEGORIES Մարզական


