Ճատրակ. Պէյրութի 6-րդ Բաց Մրցաշարք. Քոթանճեան Եւ Նոսենքօ Տիրացան Տիտղոսին

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Պէյրութի ճատրակի 6-րդ բաց մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրերներու վարժարանին մէջ:

Առաջին անգամ ըլլալով երկու անձեր միասնաբար տիրացան տիտղոսին, թէեւ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան նախապէս երկու առիթներով տիրացած է տիտղոսին (երկրորդ եւ հինգերորդ մրցաշարքերուն` 2008 եւ 2012):

Քոթանճեան, ինչպէս նաեւ ուքրանացի Ալեքսանտր Նոսենքօ, ապահովելով նոյնքան կէտ, միասնաբար տիրացան տիտղոսին, ինչպէս նաեւ 1600 ամերիկեան տոլարի: Մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր 6700 ամերիկեան տոլար:

Աղջկանց տիտղոսին տիրացան յորդանանցիներ Լուճին Տահտահ եւ Ռազան Շըհայպի (5,5-ական կէտ), իսկ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեան Իպրահիմ Շահրուր, ապահովելով 6 կէտ, հանդիսացաւ 18 տարեկանէն վար ախոյեան:

Այս մրցաշարքին աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Նեպիլ Սըննօ:

Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին մասնակցող հայ ճատրակ խաղացողներուն, անոնք արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները. Րաֆֆի Ճիկերեան, Գրիգոր Օգնայեան (5-ական կէտ), Յուշիկ Քայմեքեմեան (3,5 կէտ) եւ Հրակ Լախեան (2 կէտ):

 

Share this Article
CATEGORIES