Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբ. 4500 Կին Մասնակցողներ Վազեցին Վազքի Մրցումին
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 26 մայիսին, տեղի ունեցաւ կիներու վազքի մրցում մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 4500 կին վազողներու, 5 եւ 10 քմ մրցումներուն, ինչպէս նաեւ ծնողներու եւ անդամալոյծներու մրցումներուն:
«Իրաւամբ զօրաւոր է» («Աան Ժատ Աուիյէ») բնաբանը կրող այս վազքի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆաա Սլէյմանի, մեծ խանդավառութիւն մը ստեղծեց բոլոր կին վազողներուն մօտ, որոնք բոլորն ալ մարզական ոգիով մասնակցեցան անոր:
Իր խօսքին մէջ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակցողներուն, ըսաւ, որ կիներու վազքի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ իւրաքանչիւր տարի:
Նշենք, որ այս վազքի մրցումին ներկայ էին նախարարներ Հասսան Տիապ, Ուալիտ Տաուք, երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր, Հանրի Հըլու, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, Լիբանանի նախկին առաջին տիկին Մունա Հըրաուի եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Կիներու 10 քմ վազքին մէջ (60-64 տարեկան) 1 ժամ 00′ 50″ արդիւնք մը արձանագրելով առաջին դիրքը գրաւեց Պարպարա Աղանեան (Էլիթ):

