Հայաստանի Անկախութեան Եւ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակներուն Նուիրուած Մայիսեան Փառապանծ Եւ Փառաշուք Փառատօն

Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար սովորութիւն դարձած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը նշել Մայիսեան հանդիսաւոր եւ փառաշուք փառատօնով. իսկ այս տարուան 26 մայիսին կայացած փառատօնը յաւելեալ խորհուրդ եւ պատգամ ունէր, որովհետեւ անոր ընթացքին կը նշուէին երկու կարեւոր ամեակներ` Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` իր սկաուտներով, մարզիկներով, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն  մասնակցած դպրոցական աշակերտներով, միութենականներով եւ համակիրներու խիտ շարքերով համախմբուած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ` վճռակամ ու բարձրաղաղակ յայտարարելու, որ պիտի ընթանայ Հայաստանի անկախութիւն կերտած հերոսներուն գծած նուիրական ուղիով, պիտի շարունակէ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութիւնը` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի` պատրաստելով հայութեան ու հայրենիքին համար ամէն ինչ նուիրաբերելու պատրաստ, ազգասէր, հայրենատենչ եւ անկախութեամբ արժէքին գիտակից «Կամաւոր բանակ»:

 

 

 

 

 

 

Մայիսեան այս փառատօնը կը կրէր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նախագահութիւնը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կշռոյթով բարձրացան Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները:

Հայկ Թապաքեան

Փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունելէ ետք անդրադարձաւ 95-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութեան` սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու կողքին 95 տարի շարունակ ազգապահպանման, հայապահպանման եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ վառ պահելու առումով:

Ան մայիսեան փառատօնին նման ժողովրդային հաւաքներ լաւագոյն առիթը նկատեց վերանորոգելու ուխտը` տէր կանգնելու միութեան  անոր նշանաբանին, գործելու ի շահ ազգին ու հայրենիքին, որպէսզի անաղարտ մնայ հայութեան ազգային դիմագիծը, միութենական ոգին եւ հաւաքական կամքը: «ՀՄԸՄ-ը աննահանջ ու հաստատ քայլերով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, շնորհիւ հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ անոր մշտաթարմ կորովին ու հաւատքին», հաստատեց Հ. Թապաքեան:

Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան հաւատացող, անոր աշխատանքներուն սատար հանդիսացող, փառատօնին յաջողութեան սատարած բոլոր անձերուն, նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի հովանաւորութիւնը ստանձնած Հայկազեան համալսարանին եւ  ԼԵՎԱՄ-ի մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն մարզական պատասխանատուներուն ու աշակերտութեան:

Բացման խօսքէն ետք Սերոբ Յակոբեան երգեց «ՀՄԸՄ բարձրացիր բարձրացուր»-ը:

Ապա միութեան ապագան մարմնաւորող գայլիկ եւ արծուիկ ճիւղերը ներկայացուցին «Օձի պար»-ը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած սկաուտական ուրոյն եւ խորհրդանշական պատկեր մը գծուեցաւ դաշտին վրայ: Սկաուտները ներկայացուցին իրենց առօրեայէն ու աշխատանքներէն առնուած պատկերներ, մինչ այդ ընթերցուեցան 95-ամեայ միութեան կեանքին մէջ յատկանշական նկատուող թուականներուն եւ դէպքերուն վերաբերող տուեալներ:

Յակոբ Քէշիշեան

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ լուսարձակի տակ առաւ իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն հայ սերունդներ դաստիարակելու կոչուած, այսօր աւելի քան 100 մասնաճիւղ ունեցող ՀՄԸՄ-ին առաքելութիւնը` սիրել հայրենիքը եւ ամէն գնով պահպանել ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը:

Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ազգային սկզբունքներու վրայ հիմնուած որեւէ կազմակերպութիւն կամ միութիւն, որ կը գոյատեւէ եւ կ՛ունենայ իր հիմնադրութեան ամեակները, անպայման կ՛ունենայ հաւաքական աշխատանքին եւ կազմակերպութեան գերագոյն նպատակին հաւատացող անդամներ, որոնց զոհաբերութեան եւ կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ կը գոյատեւէ եւ կ՛ուռճանայ:

«Ահա այդ զոհաբերութեան «Կամաւոր բանակ»-ին ծննդավայրն է ՀՄԸՄ-ը, որ 1918-էն ի վեր եղաւ գեղեցկագոյն մանկապարտէզ ու լաւագոյն համալսարան: Հազարաւոր ՀՄԸՄ-ականներ` հաւատարիմ մնալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացու՛ր» նշանաբանին, վկայուեցան այս մարմնակրթական կառոյցէն ու ջահը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ: Երէկուան մարզիկներն ու սկաուտները դարձան պատասխանատուներ ու ՀՄԸՄ-էն ստացած իրենց դաստիարակութիւնը ծառայեցուցին նոր սերունդներ պատրաստելու աշխատանքին», նշեց Յ. Քէշիշեան:

Այս առիթով ան ոգեկոչեց յիշատակը ՀՄԸՄ-ը հիմնելու գաղափարը յղացած հիմնադիրներուն, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ ծառայած ու անկէ անցած վաստակաշատ բոլոր ծանօթ ու անծանօթ բազմաթիւ խոնարհ հերոսներուն, որոնք անսակարկ զոհաբերութիւններ յանձն առին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը գոյատեւէ ու բարգաւաճի:

Յ. Քէշիշեան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ը լոկ մարզական միութիւն մը չէ, այլ` «ՀՄԸՄ-ը սփիւռքահայութեան մարմնակրթական նախարարութիւնն է, որ հայ պատանին ու երիտասարդը մարզական ոգիով կը զինէ ըլլալու համար արի ու չարքաշ տիպար քաղաքացի ու իր սկաուտին կը սորվեցնէ «գործել բարիք մը ամէն օր»: ՀՄԸՄ-ը այն կառոյցն է, որ կը հնչեցնէ «հսկայ նուիրման տորմիղ հրաթեւ կամաւոր բանակ» քայլերգը», եզրափակեց ան:

Գառնիկ Մկրտիչեան

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ համապարփակ կերպով անդրադարձաւ 95 տարի շարունակ գոյատեւած ՀՄԸՄ-ին ազգային ու համահայկական առաքելութեան եւ հայկական իրականութեան մէջ անոր ունեցած կշիռին` հաստատելով, որ հակառակ 95 երկար տարիներուն, հակառակ պայմաններու փոփոխութեան, միութիւնը կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն երթը` հաւատարիմ մնալով անոնց սկզբունքներուն:

«Մեզի նման փոքր ու աշխարհի տարածքին սփռուած ժողովուրդի մը մէջ, հրաշքի հաւասար բան է 95 տարի մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը պահելը եւ թիւով ու որակով տեւաբար յառաջդիմելը: Իսկ այդ հրաշքը մենք կը պարտինք մեր սքանչելի ժողովուրդին, որուն համար ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ սերունդներու փրկութեան լաստը, մարզական առողջ միջավայրը, սկաուտական ազնիւ սկզբունքներու դարբնոցը, մէկ խօսքով` մարդակերտումի եզակի կեդրոնը:

«Մարզանքն ու սկաուտութիւնը իբրեւ միջոց ունենալով` ՀՄԸՄ-ը 95 տարի շարունակ իրեն դիմող սերունդներուն փոխանցեց ինքնավստահութիւն, արժանապատուութեան զգացում եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն, այլ խօսքով` ան հայկականութեան ազգային կնիքով դրոշմեց երիտասարդ սերունդներ, ՀՄԸՄ-ը դարձնելով համագաղութային եւ համահայկական մե՛ծ ընտանիք, կամուրջ` գաղութէ գաղութ եւ գաղութներէ հայրենիք», հաստատեց Գ. Մկրտիչեան:

Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ի կամրջող միութիւն մը ըլլալու փաստը կու տան համաՀՄԸՄ-ական նախաձեռնութիւնները: «Արդարեւ, երկու ամիս առաջ, միութիւնը Կիպրոսի մէջ կատարեց միջվարչական դիւաններու իր 8-րդ խորհրդաժողովը` միութեան դրօշին տակ համախմբելով աշխարհասփիւռ կառոյցի իր պատասխանատուները: Յուլիսին, Երեւանի մէջ կը կատարուին համաՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերը, որոնք այս անգամ քով-քովի կը բերեն միութեան մարզական թեւին մեծաթիւ ներկայացուցիչները: 2014-ի ամրան կ’իրագործուի համաՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումը, ուր Արագածի լանջին սկաուտներ յիշատակելի 10 օրեր կ’անցընեն ազգային-միութենական դաստիարակութեան խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Այսպէս, ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ 95-ամեայ երթը` իր մասնակցութիւնը բերելով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պատրաստութիւններուն, թէ՛ համահայկական կեդրոնական մարմինին իր անդամակցութեամբ եւ թէ՛ գաղութներու մէջ տեղական մարմիններու աշխատանքներուն սատար կանգնելով», ընդգծեց Գ. Մկրտիչեան:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը միութեան 95-ամեակը ուրախութեան առիթ նկատելու կողքին յիշեց, որ կայ նաեւ մտահոգութիւն եւ թախիծ, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը մտահոգութեամբ կը հետեւի իր պատմական ու ճառագայթող շրջաններէն` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանին ապրած դժնդակ պայմաններուն: Մտահոգութիւն մը, որ արդարօրէն ծնունդ տուած է զօրակցութեան ու անվերապահ աջակցութեան: Ան յոյս յայտնեց, որ շուտով խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը տիրեն եւ շրջանը վերագտնէ իր երբեմնի փայլուն օրերը:

Գ. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ 95-ամեակը առիթ է ՀՄԸՄ-ի ծառայութեան մեր ուխտը վերանորոգելու, «որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ մրցակցութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ, միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս, տոկալու եւ պայքարելու: Բարձրանալու եւ բարձրացնելու:

«Առանց ազգային գիտակցութեան, առանց կարգապահ ու նուիրեալ շարքերու, առանց ֆիզիքապէս ու հոգեպէս տոկուն երիտասարդութեան կարելի չէ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան ունենալ: Ու եթէ բախտաւոր օր մը հայութեան պանծալի դրօշը պիտի ծածանի նաեւ բռնագրաւեալ մեր հայրենիքի երկնակամարին վրայ, այդ կը պահանջէ կամք, լաւագոյնին ձգտելու ճիգ եւ յարատեւութիւն:

«Այս հաստատ համոզումներով կ’ողջունենք ՀՄԸՄ-ի 95-ամեակը` խոստանալով միշտ բարձր պահել այն դրօշը, որ մեզի աւանդ ձգուեցաւ միութեան աննման հիմնադիրներուն կողմէ:

«Այն դրօշը, զոր 95 տարի բարձր բռնեցին «հսկայ նուիրման… կամաւոր բանակ»-ի հաւատաւոր անդամները:

«Այն դրօշը, որ այսօր կը ծածանի Երեւանի ու Արցախի վերեւ, իսկ վաղը, պայծա՛ռ ապագային, պիտի ծածանի նաեւ Վանի, Մուշի, Սասունի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ», եզրափակեց Գ. Մկրտիչեան:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն. նախակրթարանի բաժինի յատուկ վահանը յանձնուեցաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին, միջնակարգինը` Վահան Թէքէեան վարժարանին, իսկ երկրորդականինը` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանին:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ փառատօնին ունեցած խորհուրդը լուսարձակի տակ առնելով յայտնեց, թէ մայիսեան հերոսական այս փառատօնին 95-րդ անգամ ըլլալով ազգային հպարտութեամբ կ՛ըսենք` ողջոյն մայիս 28-ին, ողջոյն եռագոյնին, ողջոյն մայիսեան հերոսապատում կերտած հայ ժողովուրդին:

Ան դիտել տուաւ, որ 28 մայիս 1918-ին դարձեալ փայլատակեց հայու ազատատենչ ոգին, որ միշտ ալ փայլատակած է, երբ հայութիւնը գտնուած է տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, երբ ճգնաժամային պահեր եւ կացութիւններ հայութիւնը դրած են տարբեր պայմաններու դէմ յանդիման:

Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուած այդ ոգին է, որ պահած ու պահպանած է հայ ժողովուրդը, երբ ճակատագրական կացութիւններու մէջ գտնուած է:

Այս ոգիին մասին խօսելով` ան ողջունեց ՀՄԸՄ-ը, որ միշտ պատրաստ ուխտապահի ջանքերով եւ կամաւոր բանակով 95 տարի շարունակ իրերայաջորդ սերունդներու մէջ վառ պահեց այդ ազատատենչ ու ազգապահպան ոգին:

Գեղամ արք. Խաչերեան մայիսեան յաղթանակի ու անկախութեան կարեւորութեան եւ արժէքին անդրադառնալով` հաստատեց, որ 1918-էն ետք հայութեան արեւը դարձաւ եռագոյն արեւ, առանց որուն մեր կեանքը խաւար է:

Համայն հայութեան եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն մասին խօսելով` առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ այսօր քաղաքական եւ ապահովական մագլցումներն ու վտանգաւոր զարգացումները յատկապէս ծանրացած են պատմական եւ պատուական գաղութ հանդիսացող սուրիահայութեան վրայ: Ան նշեց, որ սուրիական իրադարձութիւններուն պատճառով սուրիահայութիւնը տագնապահար օրեր կ՛ապրի եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի` համայն հայութիւնը դնելով իրեն նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելու յանձնառութեան տակ:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ այս յանձնառութեան մէջ լիբանանահայութիւնը միշտ պատրաստ եղած է եւ ըստ այնմ կը գործէ: «Ազգապահպանումը լիբանանահայութեան միջնաբերդն է, իսկ այդ միջնաբերդին միջնաբերդը Պուրճ Համուտն է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ սերունդներու դաստիարակութիւնը կը նշանակէ հայ դպրոց: Այս առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը յայտարարեց, որ ազգային կեդրոնական երկրորդական նոր վարժարանը արդէն պատրաստ է իբրեւ ծրագիր, ոգեղէն շէնք եւ սերունդներու թրծման կոչուած յանձնառու կառոյց:

Ան հաստատեց, որ յառաջիկայ տարի իսկ այդ կառոյցը տեսանելի պիտի ըլլայ մեր աչքերով:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գեղամ արք. Խաչերեան ողջունեց յիշատակը մայիս 28 կերտած հերոսներուն, որոնք արժանի են յարգանքի ու պատիւի:

Ապա տողանցեցին լիբանանահայութեան ապագան մարմնաւորող նոր սերունդի ներկայացուցիչները` սկաուտական շարքերը, մարզական խումբերը եւ դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ԼԵՄ-ն ու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու մարզական խումբը: Տողանցողներուն քայլերը խրոխտ ու հաստատ էին, անոնք ներշնչուած էին 95 տարի առաջ կերտուած փառապանծ յաղթանակէն եւ 95 տարիներ առաջ ծնունդ առած հզօր ՀՄԸՄ-էն:

Տողանցքէն ետք իր պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ այս առիթով երեք հիմնական պատգամ ուղղեց` ՀՄԸՄ-ին, լիբանանահայութեան եւ համայն հայութեան:

Խօսքը ՀՄԸՄ-ին ուղղելով` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ անիկա հանդիսացաւ այն միութիւնը, որ 95 տարիներ շարունակ եղաւ հայութեան համար ընտանիք, աւանդութիւններու, սրբութիւններու եւ արժէքներու պահապան, եղաւ դպրոց, հայակերտման ու մարդակերտման առաքելութեան լծուած դարբնոց: Ան դիտել տուաւ, որ ազատ ու անկախ Հայաստան չունէր հայութիւնը, ՀՄԸՄ-ը եղաւ հայրենիք, եռագոյն դրօշակ, հայ ժողովուրդին իղձերը ապրեցնող կառոյց` օժտուած պայքարելու վճռակամութեամբ: «Այսպէս եղար ու այսպէ՛ս պէտք է մնաս», հաստատեց վեհափառ հայրապետը` յայտնելով, որ միութեան նշանաբանը տարբեր է ուրիշներէ, որովհետեւ անոր մէջ կայ ՀՄԸՄ-ի ոգի եւ սկզբունք: Ան նշեց, որ ժողովուրդը լաւ ու վատ օրերուն սիրեց ՀՄԸՄ-ը, որովհետեւ անոր մէջ տեսաւ մեր ազգային եւ բարոյական արժէքներու դրսեւորումը:

Վեհափառ հայրապետին երկրորդ պատգամը ուղղուած էր լիբանանահայութեան. ան յայտնեց, որ ինք մօտէն կը հետեւի լիբանանահայութեան խնդիրներուն, պայքարներուն, իրագործումներուն, ծրագիրներուն: Լիբանանահայութիւնը սփիւռքահայութեան սիրտը եղաւ եւ պէտք է այդպէս մնայ, պէտք չէ միայն անցեալով հպարտանալ, այլ պէտք է գործել սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսանալու արժանի ըլլալու վճռակամութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ, դիտել տուաւ վեհափառը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ լիբանանահայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտին, որ Հայաստան էր ու Հայաստան պիտի մնայ: Ան կոչ ուղղեց` հաւաքաբար գործելու Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման համար, որովհետեւ այլապէս հայութիւնը շատ բան կորսնցուցած պիտի ըլլայ:

Իր երրորդ պատգամը ուղղելով հայութեան` Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին ապրող, վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ մայիս 28-ը միայն օրացոյցին ու պատմութեան պատկանող թուական չէ, այլ անիկա պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէկ մասնիկը, որով պէտք է ապրինք, անիկա պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի հաւաքական ոգիին, հաւատամքին, մարտնչումներուն, տեսիլներուն եւ երազներուն խոյանքը: Բայց եւ այնպէս Արամ Ա. կաթողիկոս դիտել տուաւ, որ թշնամիին դիմաց կանգնած եւ «Երեւանը չենք դատարկեր» յայտարարած Արամ Մանուկեանի հայրենի հողը այսօր կը դատարկուի իր իսկ բնակիչներուն կողմէ, որոնք տէրը չեն մայիս 28-ի ոգիին ու պատգամին: Ան այս առիթով նաեւ լուսարձակի տակ առաւ տարածուող եւ աւելցող փտածութիւնը, որ բոյն դրած է Հայաստանի մէջ:

Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսքը ուղղելով ՀՄԸՄ-ին, լիբանանահայութեան եւ հայութեան` կոչ ուղղեց բոլորին հաւատարիմ մնալու մայիս 28-ի ոգիին. ան հաստատեց, որ նման փառատօններ առիթ են վերանորոգելու հաւատարմութիւնը մեր սկզբունքներուն եւ մայիսեան վեհ ոգիին նկատմամբ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

https://archive.aztagdaily.com/pdf/27 May 2013.pdf

Share this Article
CATEGORIES