Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Երէկ Թիրախ Դարձան «Կրատ» Տիպի Երկու Հրթիռներու

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներու, որոնք պատճառեցին չորս վիրաւոր, որոնցմէ երեքը` սուրիացի քաղաքացիներ:

Հրթիռները պատճառեցին նաեւ նիւթական վնասներ` նկատի ունենալով, որ անոնք թիրախ դարձուցին Շայեահի մօտակայ Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մօտակայքը:

Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան Հարաւային արուարձաններ, շրջափակեցին հրթիռներուն թիրախ դարձած շրջանը եւ դէպքին մասին բացին հետաքննութիւն մը` բացայայտելու համար յանցագործներուն ինքնութիւնը:

Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, նշեալ հրթիռները արձակող մարտկոցները գտնուած են Պաապտայի Այթաթ եւ Պսապա շրջաններէն:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել առաւօտեան ժամը 8:15-ին փութաց դէպքին վայրը, ուր շեշտեց, թէ այդ արարքը խափանարարական նպատակով կատարուած է:

Ոստիկանութեան պետ գնդապետ-զօրավար Ժոզեֆ Տուէյհի իր կարգին ուղղուեցաւ Հարաւային արուարձաններ, ստուգեց  Մար Մխայել եկեղեցւոյ մօտակայքը եւ Մարուն Միսք փողոցին վրայ ինկած հրթիռներուն պատճառած վնասները:

Իր կարգին, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր զինուորական ոստիկանութեան յանձնեց այս դէպքին շուրջ հետաքննութիւն բանալու պատասխանատուութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն դէմ արձակուած երկու հրթիռները եւ նշեց, որ անիկա ահաբեկչական գործողութիւն մըն է, որ կատարուած է ահաբեկիչներու կողմէ, որոնք չեն ուզեր Լիբանանը կայուն եւ խաղաղ տեսնել:

Նախագահ Սլէյման պահանջեց ամէնէն արագ միջոցին քողազերծել դէպքին ծալքերը եւ անոր թղթածրարը փոխանցել համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն զգաստ մնալու եւ քաղաքացիական ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու` յանցագործները ոստիկանութեան յանձնելու նպատակով:

Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց սադրանքներ չնախապատրաստելու եւ ապահովական կայունութիւնը չխախտելու, այլ` պահպանելու ազգային ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած հրթիռարձակումին նպատակը խուճապ ստեղծելն է, հետեւաբար «զգաստութեան կոչ կ՛ուղղենք եւ կը մաղթենք, որ այս հանգրուանին բոլոր կողմերը զգուշութեամբ վարուին»:

Միքաթի կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական ղեկավարներուն հանդարտեցնելու Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ դատապարտեց Հարաւային արուարձաններուն դէմ հրթիռարձակումը` զայն նկատելով ահաբեկչական արարք մը, որ կը միտի համայնքային գրգռութիւններ հրահրել:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած հրթիռարձակումը` զայն նկատելով ահաբեկչական արարք մը:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ Յորդանան կը գտնուի, խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած հրթիռարձակումը` զայն նկատելով շատ վտանգաւոր արարք մը եւ պահանջելով բացայայտել այդ դէպքին ծալքերը, ինչպէս նաեւ խստիւ պատժել յանցագործները:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ խստիւ դատապարտեց Հարաւային արուարձանները հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու արարքը` շեշտելով, որ այդ արարքին միակ նպատակը սադրանքներու նախապատրաստութիւնն է:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ արձակուած երկու հրթիռները կը միտին Լիբանանը սադրանքներու մէջ ներքաշել` նկատել տալով, որ թշնամական այս արարքէն օգտուող կողմերը Լիբանանի թշնամիներն են:

Ղոսըն հաստատեց, որ նման արարքի միակ նպատակը կրնայ ըլլալ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը խոցել:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ կատարուած հրթիռարձակումը ահաբեկչական արարք մըն է, որ իր նպատակին պիտի չհասնի:

Ֆրենժիէ նշեց, որ այդ արարքին նպատակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը հարուածել:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց բանակին երկաթեայ բազուկով հարուածելու ահաբեկիչները, որոնք արաբական աշխարհի եւ Լիբանանի մէջ կը հետապնդեն սիոնական գոյացութեան նպատակներուն գործադրութինը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Պէյրութի հարաւային արուարձանները հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու արարքը նկատեց շատ վտանգաւոր, եթէ կարելի չըլլայ անոր առնչութեամբ իմաստուն կեցուածք ցուցաբերել:

Ժահժահ շեշտեց, որ Հըզպալլայի կողմէ սուրիական տագնապին միջամտութեան պատճառով է, որ նման արարք մը գործուած է: Ան Հըզպալլայէն պահանջեց անմիջապէս վերջ տալ Սուրիոյ մէջ իր ապահովական եւ զինուորական միջամտութեան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ  դատապարտեց Շայեահը հրթիռարձակումի թիրախ դարձնելու արարքը` աւելցնելով, որ այս պատահարը կը միտի Սուրիան Լիբանան վերադարձնել:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը, ուր դատապարտեց գործուած արարքը` մաղթելով, որ այդ դէպքին ծալքերը բացայայտուին:

Ղարիոս շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը թիրախ դարձնել փափաքողը անպայման պիտի ձախողի:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Ամմար յայտնեց, որ Հարաւային արուարձանները պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ հարցեր դիմագրաւած է եւ անոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ նման հրթիռներ չեն վախցներ զայն:

«Մենք պատրաստ ենք շարունակելու Դիմադրութիւնը, որուն ուղեգիծէն անշեղ կը մնանք, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնենք, որ ներքին լիբանանեան առումով սադրանքներ նախապատրաստելու ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրը յաջողի», ըսաւ Ամմար:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Եասին Ժապեր դատապարտելէ ետք հրթիռարձակումը շեշտեց, որ այդ արարքը կը փաստէ, թէ ոմանք կը փափաքին Լիբանանը դէպի պատերազմ առաջնորդել:

ՆՇԵՆՔ, որ Քուէյթի դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն Լիբանան չուղղուելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց հեռանալու Լիբանանէն:

Իր կարգին, ֆրանսական դեսպանատունը Լիբանանի մէջ իր քաղաքացիներուն յղեց հեռաձայնային կարճ նամակներ, որոնց ընդմէջէն ան իր քաղաքացիներուն առաջարկեց մեկնիլ Լիբանանէն` անոնց ձգելով Լիբանանի մէջ մնալու կամ մեկնելու վերջնական որոշումը: Աւելի ուշ դեսպանատունը հերքեց այս լուրը:

 

Share this Article
CATEGORIES