«Դիմադրութիւնը Չի Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Երբ Սուրիոյ Մէջ Անոր Ողնասիւնը Կոտրելու Փորձեր Կ՛ըլլան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան 13-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, Հըզպալլա անցեալ շաբաթ օր Մաշղարայի մէջ կազմակերպեց հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին մեծ շուքով նշուեցաւ այդ տօնը:

Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիսութեան ներկայ էին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, զինուորականներ, կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներ, որոնց կը գլխաւորէին Լիբանանի մէջ Սուրիոյ եւ Իրանի դեսպանները:

Հանդիսութեան ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն շեշտեց Դիմադրութիւնը, անոր արձանագրած յաղթանակներն ու ազգային յիշողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ հիմնական երկու վտանգներ կը սպառնան արաբ ազգին, Իսրայէլը` իր սուր ախորժակներով եւ Սուրիոյ զարգացումները, որոնցմէ ամէնէն վտանգաւորն է ուրիշը անհաւատ նկատողներուն հոսանքը:

Իսրայէլի յղած իր պատգամին մէջ սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել` աւելցնելով, որ Դիմադրութեան հետեւորդները ճակատաբաց պիտի շարունակեն իրենց ուղեգիծը:

Անդրադառնալով Իսրայէլի դէմ լիբանանեան պետութեան ծրագիրներուն` սէյիտ Նասրալլա ցաւ յայտնեց, որ Իսրայէլի դէմ պետական մակարդակի ոչ մէկ ծրագիր կայ` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի մնայուն սպառնալիքներով հանդերձ, լիբանանեան պետութիւնը թշնամիին հակադարձելու ոչ մէկ միջոց ունի: Ան ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը Սայտայի մէջ նահատակի մը յուղարկաւորութիւնն իսկ չի կրնար պաշտպանել:

«Մինչդեռ 2006-էն ի վեր Իսրայէլ ներքին ճակատը ամրապնդելու առումով ամբողջական ռազմափորձեր կը կատարէ, որոնք կը կոչուին «Շրջադարձ» եւ մինչեւ օրս արդէն իսկ արձանագրուած են «Շրջադարձ»-ի վեց ռազմափորձեր, իսկ այսօր Իսրայէլի մէջ պիտի կատարուի «Հզօր ճակատ» անունով ռազմափորձ մը», նշեց ան:

Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասելու փորձերուն ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա այդ անուանացանկը նկատեց թուղթի վրայ թանաքի գոյութիւն մը, որ ոչ մէկ իմաստ ունի:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց, որ շրջանին մէջ հիմնական պայքարը սիւննի-շիի բախումը չէ, այլ ուրիշը անհաւատ նկատող հոսանքին հետ է պայքարը, որ ամերիկեան – իսրայէլեան ծրագիրներուն կողքին կը սպառնայ շրջանին:

Ան ընդգծեց, որ ուրիշը անհաւատ նկատող հոսանքը կը սպառնայ Լիբանանին, լիբանանցիներուն, լիբանանեան պետութեան, Դիմադրութեան եւ ազգային համերաշխութեան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սուրիա Դիմադրութեան նեցուկն է եւ ողնաշարը, «եւ մենք պիտի չդիտենք ու չարտօնենք այդ ողնաշարը կոտրելու փորձերը, այլ պիտի պաշտպանենք զայն»:

Անդրադառնալով Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն եւ արիւնահեղութեան` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ բախումները պէտք է կասեցուին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մասին տարակարծութիւնները յստակ են, սակայն անոնք բախումի պէտք չէ վերածուին, իսկ եթէ պէտք է վերածուին, ապա Լիբանանը պէտք է չէզոք պահել այդ բախումներէն եւ Սուրիոյ մէջ կռուիլ:

«Մենք կը մերժենք անիշխանութիւնը եւ պատրաստ ենք մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նոյնիսկ եթէ անիկա 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի կատարուի», շեշտեց ան: Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մեր նպատակն է ամրապնդել Դիմադրութիւնը եւ պաշտպանել զայն: Մեր նպատակն է ամրապնդել Լիբանանը եւ պաշտպանել զայն: Եւ ինչպէս միշտ խոստացած եմ յաղթանակներ արձանագրել, այսօր եւս կը հաստատեմ, որ դարձեալ պիտի յաղթենք»:

 

Share this Article
CATEGORIES