Նախարար Սապունճեան Այցելեց Շուֆի Գործարանները Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ժոմպլաթի Հետ

Շուֆի գործարաններէն մէկուն մէջ

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան շաբաթ օր աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շուֆ, ուր այցելեց շարք մը գործարաններ Տամուրի, Սըպլինի, Տարայայի, Պաաքլինի, Պաքաաթայի, Քֆարնապրախի, Տէյր Քամարի եւ Իքլիմ Խարրուպի մէջ:

Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին ան իմացաւ այդ շրջաններու գործարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները` ընդգծելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու գործարաններու սեփականատէրերուն:

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան այցելեց նաեւ Մուխթարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ Մուխթարայի եւ հայութեան միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ ճիգ պիտի չխնայուի այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու:

Share this Article
CATEGORIES