Թրիփոլիի Կացութիւնը Համեմատաբար Աւելի Հանդարտ Է
Թրիփոլիի մէջ եւ յատկապէս Պապ Թըպպանէի ու Ժապալ Մըհսենի միջեւ բախումներուն սկսելէն շաբաթ մը ետք, երէկ տիրած կացութիւնը համեմատաբար աւելի հանդարտ էր` նկատի ունենալով, որ հրթիռարձակումը վերջ գտած էր, իսկ զինեալ բախումները աւելի հանդարտած, բացի արձակազինութենէն:
Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին Թրիփոլիի մէջ ոչ մէկ զոհ արձանագրուեցաւ:
Կրակոցները ամէնէն աւելի արձակուեցան Պաքքարի եւ Մալլուլէի շրջանէն եւ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառեցին Ժապալ Մըհսենի եւ Մանքուպինի շրջաններուն մէջ:
Արձակազինութեան պատճառով երէկ Ժապալ Մըհսենի մէջ սպաննուեցաւ Մոհամետ Հորանի անունով քաղաքացի մը:
Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան Ժապալ Մըհսենէն առեւանգուած քաղաքացի Հայսամ Մազլումը կարելի եղաւ ազատ արձակել երէկ կէսօրին` լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութեան կողմէ:
Քաղաքական առումով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին մէջ հանդիպումները շարունակուեցան` բոլորին յարմար լուծումի մը յանգելու նպատակով:

