Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին:
Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին ըսած է, թէ 1960-ի ընտրական օրէնքը վերստին շրջանառութեան մէջ դնելու քայլը ամէնէն վտանգաւոր իրադարձութիւնն է երկրին մէջ:
Ան նշեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ ընտրութիւնները խստիւ մերժելի են:
«1960-ի ընտրական օրէնքին վերադարձը մեծագոյն դաւաճանութիւնն է, եւ ճիգ պիտի չխնայենք զայն մերժելու», շեշտեց Ժահժահ:
Ժահժահ անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին քննարկէ նաեւ Քուսէյրի մէջ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը, որովհետեւ այդ պատճառով է, որ Լիբանանի մէջ փորձանքներ պիտի պատահին եւ ոչ թէ 1960-ի ընտրական օրէնքին պատճառով:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Պքերքէի մէջ մատուցուած կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կասեցնելու եւ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու արարքը մերժելի է:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ կարելի չէ խորհրդարանին ներկայ նստաշրջանին երկարաձգումը պահանջել` առանց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:
Զօր. Աուն Պքերքէի Մէջ
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ուղղուեցաւ Պքերքէ` ընկերակցութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի:
Ապա զօր. Աուն դռնփակ նիստ մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն խորհրդարանէն պահանջեց գումարել նիստ մը` քուէարկելու համար առաջարկուած ընտրական օրինագիծերուն: Ան ըսաւ. «1960-ի ընտրական օրէնքը վատ է, խորհրդարանի նստաշրջանին երկարաձգումը` վատագոյնը, իսկ անիշխանութիւնը` փորձանք»: Զօր. Աուն նշեց, որ ընտրական օրէնքի մը շուրջ չհամաձայնելու պարագային, ապա ընտրութիւնները պիտի կատարուին 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ եւ այդպիսով փորձանքին եւ վատագոյնին փոխարէն վատը ընտրած կ՛ըլլանք:

