Պոզտաղ. «Հըզպալլա Իր Անունը «Սատանայի Կուսակցութեան» Պէտք Է Փոխէ» «Իրաքցի Պաշտօնատարներուն Փոխանցեցինք Ժընեւի Խորհրդաժողովին Մասնակցելու Սուրիոյ Որոշումը» Ըսաւ Մոալլեմ

Մալիքի եւ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ անակնկալ կերպով Պաղտատ այցելեց, ուր հանդիպում ունեցաւ իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Մոալլեմ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հետ քննարկեց Սուրիոյ տագնապին զարգացումներն ու ազդեցութիւնները շրջանին, մասնաւորաբար Սուրիոյ սահմանակից երկիրներուն վրայ: Մալիքի վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապին երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնելու եւ «անել ուղի» եղող զինուորական լուծումէն զգուշանալու կարեւորութիւնը:

Ան ողջունեց «Ժընեւ-2» միջազգային ժողովին մասնակցելու սուրիական կառավարութեան որոշումը` նշելով, որ Իրաք Սուրիոյ տագնապի լուծման նպաստող որեւէ շրջանային կամ միջազգային ջանքի կողքին կը կանգնի: Իրաքի վարչապետը նշեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը նուազեցնելու նպատակով ամէն բան կատարելու:

Մոալլեմ իր իրաքցի պաշտօնակից Հոշիար Զիպարիի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ողջունեց «իրաքեան ապահովական ուժերու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կատարած դերը» եւ նշեց, որ «Իրաք չի կրնար Սուրիոյ հակադրուող առանցքի մը մաս կազմել»` աւելցնելով, որ «այն երկիրները, որոնք Սուրիոյ դէմ կը դաւեն, Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներն են»:

Ան յայտնեց, որ «իրաքցի պաշտօնատարներուն փոխանցեցինք Ժընեւի խորհրդաժողովին մասնակցելու Սուրիոյ որոշումը»` աւելցնելով, որ Դամասկոս «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը «Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման յարմար առիթ մը» կը նկատէ: «Սուրիա տագնապի սկիզբէն ի վեր այն կարծիքին է, որ տագնապի լուծումը սուրիացի ժողովուրդի բաղադրիչ մասերուն միջեւ երկխօսութիւնն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «չկայ աշխարհի մէջ ուժ մը, որ կրնայ սուրիացի ժողովուրդին փոխարէն անոր կամքը որոշել, եւ ամենայն բարի տրամադրութեամբ կը կարծենք, որ Ժընեւի մէջ միջազգային խորհրդաժողովը կրնայ Սուրիոյ տագնապին լուծման առաջնորդող քայլ մը ըլլալ»:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «մենք Իրաք եկանք յանուն ղեկավարութեան ու ժողովուրդին զօրակցելու համար իրաքցի ժողովուրդին ու իրաքեան պետութեան հետ, որ թիրախ կը դառնայ անմեղ կեանքեր խլող ահաբեկչական գործողութեանց»` գոհունակութիւն յայտնելով «Քայիտայի դէմ պայքարին մէջ իրաքեան բանակին որդեգրած քայլերուն» համար:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի իր կարգին յայտարարեց, որ Իրաք զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ շուրջ խաղաղութեան խորհրդաժողովին, իսկ Սուրիան շրջապատող երկիրները ներկայ պիտի գտնուին այդ ժողովին` նշելով, որ «հանդիպումին ընթացքին եւ ատկէ ետք գործնական քայլեր քննարկեցինք, ինչպէս նաեւ արծարծեցինք սուրիացի ժողովուրդին դիմագրաւածին քաղաքական ու խաղաղ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները»:

Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ արտաքին ուժեր Իրաքի վրայ իրենց կամքը պարտադրելու ջանքեր կը գործադրեն, սակայն իրաքցի ժողովուրդը ինքն է, որ իր ընտրանքները կատարած է քուէատուփերու ճամբով եւ ահաբեկչութեան դէմ դնելով:

Նշենք, որ Մոալլեմի այցելութենէն երկու օր առաջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի եւ Մալիքիի միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը շեշտած էին:

Պոզտաղ. «Հըզպալլայի Արարքները Իսլամութեան
Ուսմունքներուն
Չեն Համապատասխաներ»

Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պաքիր Պոզտաղ երէկ բուռն կերպով քննադատած է Սուրիոյ կռիւներուն Հըզպալլայի մասնակցութիւնը` նշելով, որ կուսակցութիւնը իր անունը «Սատանայի կուսակցութեան» պէտք է փոխէ (Հըզպալլա բառացիօրէն Աստուծոյ կուսակցութիւն կը նշանակէ. «Ա.»):

Ան Պոլսոյ մէջ «Իսլամական աշխարհի խնդիրներն ու անոնց լուծումները» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «կազմակերպութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինք Աստուծոյ կուսակցութիւն կոչել, մինչ այր մարդիկ, կիներ եւ մանուկներ սպաննելու համար պատերազմ կը հռչակէ»:

Ան նշած է, որ այդ «կուսակցութեան արարքները իսլամութեան ուսմունքներուն չեն համապատասխաներ»` Հըզպալլային կոչ ուղղելով իր անունը «Սատանայի կուսակցութեան» փոխելու:

«Անոնք, որոնք Ասատի վարչակարգին կողքին կը կանգնին եւ իրենց իսլամ եղբայրները կը սպաննեն, պատերազմի դաշտին վրայ առանց խտրութեան կիներն ու մանուկները կը սպաննեն, պէտք չէ իրենց արարքները արդարացնելու համար իսլամութեան եւ Քորանին դիմեն»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետը շրջանին մէջ միջյարանուանական կռիւներու մագլցումէն զգուշացուց եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը քննադատելով յայտնեց, որ ան որեւէ տարբերութիւն չունի փարաւոնէն, որ իր տեսած մէկ երազին պատճառով նորածին տղաները սպաննել հրամայեց (կ՛ակնարկէ Հին կտակարանին մէջ Մովսէսի դրուագին. «Ա.»):

Պահրէյն Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը
«
Ահաբեկիչ» Կը Նկատէ, Իսկ Զինք Զսպելը`
«
Ազգային Ու Կրօնական Պարտաւորութիւն»

Պահրէյնեան ՊՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Խալետ պըն Համատ Ալ Խալիֆա «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կոչեց «ահաբեկիչ մը, որ իր ազգին դէմ պատերազմ կը յայտարարէ»:

Ան նշած է, որ «Նասրալլան զսպելն ու Լիբանանը անոր ճիրաններէն փրկելը բոլորիս համար ազգային ու կրօնական պարտաւորութիւն է»:

Եգիպտոսի Իսլամ Եղբայրները Կը Դատապարտեն
«
Հըզպալլայի Ճամբով Սուրիոյ Մէջ Իրանի
Ուղղակի
Կամ Անուղղակի Միջամտութիւնը»

Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրները երէկ երեկոյեան հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մերժեցին Եգիպտոսի մէջ սուրիացի գաղթականներու համար ճամբարներու կառուցումը` նշելով, որ «եգիպտացի ժողովուրդը սուրիացի իր եղբայրներուն առջեւ իր տան դռները կը բանայ, ինչպէս բացաւ դպրոցներն ու համալսարանները, որպէսզի անոնք եգիպտացիներուն համահաւասար նկատուին»:

Իսլամ եղբայրները նաեւ իրենց մերժումն ու դատապարտումը արտայայտեցին Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեանց, «ներառեալ` լիբանանեան Հըզպալլա միլիսին ճամբով իրանեան ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութիւնը»:

Մինչ այդ, Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ահմետ Վահիտի յայտարարեց, որ «Թեհրան զինուորական ուժեր Սուրիա չէ ուղարկած եւ պիտի չուղարկէ»:

Նշենք, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահի պաշտօնակատար Ժորժ Սապրա երէկ դարձեալ ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղեց «Քուսէյրը Իրանէն ու Հըզպալլայէն փրկելու»:

Մուրսի–Պայտըն Հանդիպում

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս Ապապայի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծում կը գտնուի` վստահեցնելով, որ Եգիպտոս կը զօրակցի սուրիացի ժողովուրդին ի շահ եղող որեւէ նախաձեռնութեան, ներառեալ` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին:

Մուրսի յոյս յայտնեց, որ «Ժընեւ-2»-ը յանգի արդիւնքներու, որոնք ի շահ սուրիացի ժողովուրդին եւ Սուրիոյ մէջ կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ ժողովի ընթացքին իշխանութեան կանոնաւոր փոխանցման մեքանիզմի մը շուրջ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ:

Ապահովական Զարգացումներ

Մինչ Իսրայէլ երէկ լայնածաւալ ռազմափորձի մը սկսաւ, առ ի պատրաստութիւն համապարփակ պատերազմի մը, իսրայէլեան օդուժի հրամանատար Ամիր Իշել յայտարարեց, որ «Պողպատեայ գմբէթը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ պատերազմի ծագման պարագային անվտանգութիւնը չ՛ապահովեր»:

«Սքայ Նիուզ-Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի եւ Սուրիական ազատ բանակի միջեւ բախումներու ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 13 զոհ, որոնց շարքին` Սուրիական ազատ բանակի մարտական ղեկավար մը:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռիֆ Իտլիպի Մաաղրաթ Մասրին գիւղին մէջ «ահաբեկչական» երկու խմբաւորումներու միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց ընթացքին զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Զոհերուն շարքին է այդ խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը` Շուքրի Աժուժ:

Սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակին հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած են Քուսէյրի մէջ «Ֆարուք» ջոկատի մարտական ղեկավար, Պըն Լատեն Բ. ծածկանունով ծանօթ Պիլալ Իտրիսը եւ շուրջ 100 զինակիցներ:

Share this Article
CATEGORIES