Թուրքիա-Իսրայէլ Առեւտուրը Այս Տարի Եւս Աճ Կ՛արձանագրէ
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ, որ մինչ Թուրքիա եւ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա»-ի հարցէն եւ Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ ներկայացուած ներումի պաշտօնական հայցէն ետք իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան, անոնց միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները կը թուին վնասուած չըլլալ:
Ըստ օրաթերթին կողմէ երկու երկիրներուն մէջ վիճակագրական գործակալութիւններէն հաւաքուած արտաքին առեւտուրի տուեալներուն, դէպի Իսրայէլ Թուրքիոյ արտածումները 2013-ի առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած 555 միլիոն տոլարէն բարձրացած են 612 միլիոն տոլարի, իսկ դէպի Թուրքիա Իսրայէլի արտածումները 2013-ի առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած 448 միլիոն տոլարէն բարձրացած է 475 միլիոն տոլարի: Անոնց առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի կազմած էր աւելի քան 4 միլիառ տոլար:
Մինչ դէպի Իսրայէլ Թուրքիոյ գլխաւոր արտածումները ինքնաշարժներ, շինարարական նիւթեր, մետաղներ, ելեկտրոնային գործիքներ, կերպասեղէն եւ զարդեղէններ էին, դէպի Թուրքիա Իսրայէլի գլխաւոր արտածումներն էին բարձր ճարտարագիտութեան արտադրման գործիքներ եւ փոխնորդ կտորներ, ցանքերու ջրման համակարգեր, կերպընկալէ եւ քիմիական նիւթեր:
Թուրքիա եւ Իսրայէլ ազատ առեւտուրի համաձայնութիւն մը ստորագրեցին 2000-ին, երբ դէպի Իսրայէլ Թուրքիոյ տարեկան արտածումը շուրջ 650 միլիոն տոլար կը կազմէր:

