50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 23 ՄԱՅԻՍ 1961 )

Ա. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ

Եգիպտոս նահանգի մայրաքաղաքէն անցան, ապրիլի մէջ, միջազգային համբաւի տիրացած Արամ Խաչատուրեան իր երկու քոնչերթոներով, դաշնակի եւ ջութակի, եւ Կոմիտասի հարազատ աշակերտը` Բարսեղ Կանաչեան, իր լռութեան հետ:

Անոնցմէ առաջինը բորբոքեց մեր ազգային հպարտութեան կրակը. խանդավառեց բազմութիւնները եւ երգահանի տաղանդին միացուց վարպետ խմբավարի իր տաղանդը: Տրուած ամէն նուագահանդէս յաղթանակ մը եղաւ իրեն համար:

Բայց եթէ երկարատեւ ծափողջոյններ պանծացուցին խորհրդային երկրի զաւակը, հայ ժողովուրդի զաւակն ըլլալէ չդադրեցաւ ան, երբ մինչեւ իսկ իր ստեղծագործութիւնները շատ աղօտ ճաճանչներ շողացուցին մեր հոգիին մէջ հայրենի երկինքէն:

Միւսը, ինչպէս ըսի, անցաւ մեր մէջէն իր լռութեան խորհուրդին հետ: Չգիտցան իսկ շատերը, որ եկած էր ան ու թերեւս ալ` վերջին անգամ ըլլալով:

Հիմա որ ամայացած է հրապարակը, մեր յիշողութեան մէջ «Գայեանէ»ի, «Սպարտակ»ի եւ «Համանուագ»ի ոսկեշող ծնծղաները իրենց մեծաձայն արձագանգները կ՛երկարեն դեռ: «Մասքարատ»ի ալիքները կոհակ առ կոհակ կը բարձրանան եւ կը բախին մեր էութեան լուսեղէն պատուարներուն: Մեր շուրջը կը ճաճանչէ հնչական բազմանկարում մը, որուն զմայլահար յաճախանքը պիտի ունենանք դեռ երկար ատեն:

Իսկ ոչ մէկ շեշտ լսեցինք «Նանոր»էն եւ բոլոր միւս երգերէն, զորս հիւսած է Կանաչեան, երբ մենք անյագուրդ եւ հրեղէն ծարաւը ունինք միշտ այն ձայներուն, որոնք թունդ կը պահեն մեր սիրտը եւ արցունքով կը ցօղեն մեր հոգիներէն ժայթքող յուզումը: Ան մե՛րն է ամբողջապէս` իր սրտին իւրաքանչիւր զարկով, իր արիւնին իւրաքանչիւր կաթիլով: Հայրենի ենթահողէն միայն քաղած է ան իր ստեղծագործութեան ծաղիկները, որոնք խունկ կը բուրեն մեր տաճարներուն մէջ մխացող բուրվառներուն պէս:

Եթէ համայն աշխարհի լոյսին դարձող արեւածաղիկներ չեն անոնք, ոսկի շուշաններ են, որոնց բաժակներուն մէջ ոչ թէ միայն ցօղը կայ արշալոյսին, այլ նաեւ արցունքը` «Օրօր» երգող մեր սգաւոր մայրերուն:

Սքանչացանք մէկուն վրայ, որ եկած էր մեծ հայրենիքէ մը, բայց աւելի խորապէս դառնութիւն զգացինք միւսին հանդէպ եղած անտարբերութեան պատճառով:

Բայց երբ յուշաձայն արձագանգի փոխուին «Համանուագ»ին մեծահնչուն ծնծղաները հայոց աշխարհի պղտոր գետերը, դարնանազայր, անտառները մթին ու պատգամախօս, ձիւնագեղ կատարներէն իջնող մրրկոտ քամիները, ոսկեծուփ դաշտերը քաղցրամրմունջ միշտ պիտի հիւսեն մեր կարօտին համար ամէնէն ճշմարիտ եւ հարազատ համանուագը Բարսեղ Կանաչեանի հայրենաշունչ հոգիէն բխած:

Եւ այն ատեն պիտի չըսենք երբեք, եւ` սրտայոյզ արդարութեամբ, թէ ան մեր մէջէն անցաւ քանի մը օր առաջ իր երգերուն լռութեան հետ:

ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ

Ս. ՆՇԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Նշան եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան վարչութիւնը նախաձեռնութիւնը ունեցած էր տօնելու Մայրերու օրը, 7 մայիս 1961, կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 4:50-ին, Ամերիկեան համալսարանի ժողովասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:

Խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր ժամանակէն առաջ լեցնել սրահը:

Հանդէսը սկսաւ ճիշդ ժամուն: Կենդանի պատկերի տեսարանը կը ներկայացնէր Դանիէլ Վարուժանի գիւղը. մայրը նստած իր տան դրան առջեւ, կանաչազարդ ուռիներուն տակ, գետակին եզերքը` կկոցը ձեռքին, երազուն, մինչ անդին իր որդին` Վարուժան օտարութեան մէջ հայ ճամբորդի գօտիին մէջ իր նամակը (պատուէրը) կը տեղաւորէր իր կարօտակէզ մօրը յանձնելու համար: Շատ յուզիչ էր տեսարանը, գիւղանկարը, գործ` երիտասարդ նկարչուհի Զեփիւռ Սրուզեանի, շատ յաջող էր: Զարեհ Սրուզեան յուզումով արտասանեց Դ. Վարուժանի պատուէրը: Ժ. Լիպարիտեան կը ներկայացնէր ճամբորդը` հայ գիւղացիի տարազով:

Վարչութեան ատենապետուհի Է. Պալեան ողջոյնի քանի մը խօսքէն ետք բացաւ հանդէսը եւ տասը վայրկեան խօսեցաւ հայ մայրերու մասին, երեք դասի բաժնեց մայրերը: Ա.ը պատմական հայուհիները, ազգասէր, եկեղեցասէր, առաքինասէր հայուհիի տիպարը, Բ.ը ապրիլեան սերունդը, հայ մնալու ջանքով տքնաջան, Գ.ը նոր եւ նորագոյն մեր մայրերը, որոնք կոչուած են հայը հայ պահելու դժուարին գործին, կոչ ուղղեց մասնաւորապէս երիտասարդուհիներուն` գիտակցիլ իրենց պարտականութեանց եւ ուխտել հայ ապրիլ եւ հայ ապրեցնել:

Է. Պալեան երկարատեւ ծափերու մէջ վերջացուց իր խօսքերը` իր յարգանքն ու հիացումը յայտնելով հայ մայրերուն:

35 հոգինոց երկսեռ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երիտասարդ եւ խոստումնալից խմբավար Ր. Սվաճեանի, յաջողութեամբ երգեց Կոմիտասի հարսանեկան երգերէն «Փեսին գովքը» եւ Կանաչեանի «Կորանին». մեներգեց Վ. Գարապաճագեան» խոր ապրումով:

Հինգ վայրկեան դադարէ ետք սկսաւ յայտագրին Բ. մասը: Յ. Յովսէփեան երգեց Այտա Ազնաւուրի «Մայրիկ, մայրիկ»ը յաջողութեամբ եւ ժողովրդական երգ մը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Գ. Թոգաճեանի: Ապա Է. Պալեան բեմ հրաւիրեց օրուան միակ բանախօս Յակոբ Իսկենտերեանը, որ խոր վերլուծումով տուաւ հայ մօր սիրոյ ու զոհողութեանց պատկերը, անոր առաքինութեանց եւ պարկեշտութեան դերը հայ ընտանիքին եւ ազգին մէջ, ու յետոյ, որպէս վերջաբան, կարդաց Յովհաննէս Շիրազէն գողար քերթուած մը` «Մայրը», այնքան յուզիչ ու այնքան գեղեցիկ: Երկարատեւ ծափերու տարափին տակ իջաւ բեմէն:

Երկսեռ երգչախումբը այս անգամ երգեց Կանաչեանի «Օրօր»ը, Էլիզ Մանուկեան մեներգի բաժինը տարաւ մեծ ապրումով եւ յուզեց ներկաները: «Հոյ նարը» երգուեցաւ նոյնքան յաջողութեամբ: Ժողովուրդին երկարատեւ ծափերը ստիպեցին երիտասարդ խմբավար Ր. Սվաճեանը, որ կրկնէ երգը: Խումբը երգեց այս անգամ «Կանաչել են արտերը»` նոյնքան յուզիչ:

Սիամանթոյի «Մօր մը երազը» խմբական արտասանութիւնը խնամքով պատրաստուած էր Է. Պալեանի կողմէ:Ս. Նշանի երկսեռ աշակերտներ յաջողութեամբ կատարեցին` արցունքներ խլելով ներկայներէն:

Ապա Է. Պալեան մեծ յարգանքով բեմ հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը` իր օրհնութիւնները տալու համար: Ծափերու տարափին տակ բեմ բարձրացաւ Զարեհ վեհափառը, օրհնեց միութեան անդամներուն նուիրումը եւ ցոյց տուած գործունէութիւնը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Մայրերու օրուան տօնակատարութեան իբրեւ հովանաւոր ներկայ գտնուելուն համար: Օրհնութեան խօսքէն ետք երգուեցաւ ժողովուրդին կողմէ «Հայր Մեր»ը յոտընկայս:

Այս յոյժ պատուաբեր ու գեղեցիկ տօնակատարումը եղաւ իսկապէս շքեղ` իր խնամուած յայտագրով ու անթերի գործադրումով. հայ մայրերուն նուիրուած փառատօն մը էր: Ներկաները մեկնեցան գոհ տպաւորութեամբ, շնորհաւորելով վարչութիւնը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Share this Article
CATEGORIES