ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ԳԱՆՁԵՐ. ՈՍԿԻԻ ՄԱՐՄԱՋ
ԱՐԴԵՕՔ ՈՍԿԻՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԻՋՈ՞ՑՆ Է: ԱՐԴԵՕՔ ԲՆԱԿԱ՞Ն Է ԱՆՈՐ ՍԼԱՑՈՂ ԳԻՆԸ: ՄԻՆՉ ՈՍԿԻԻՆ ՍԱԿԸ ԿԸ ԿՈՏՐԷ ՆՈՐԱՆՈՐ ՄՐՑԱՆԻՇՆԵՐ, «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԼՐԱԳՐՈՂ ՌԻՉԸՐՏ ԷՆՏԸՐՍԸՆ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՍԻՐՈՒԱԾ ՄԵՏԱՂԸ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐԱԾ Է ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ:
Ոսկիին դիրքը, իբրեւ իր արժէքը պահող գերագոյն նիւթի, մարտահրաւէրներու չէ հանդիպած դարեր շարունակ:
Այս մետաղը իր հազուագիւտ բնոյթին պատճառով դարձած է վճարումի ընդունելի եւ վստահելի միջոց մը, սակայն նոյնինքն այս յատկանիշը անոր շնորհած է խորհրդաւոր հմայք մը:
Ասիկա պատմական դիպուածի կամ զուգադիպութեան արդիւնք չէ, այլ պարզապէս ուրիշ ոչ մէկ բան կը ծառայէր այս նպատակին: Բոլոր միւս մետաղները շատ սովորական էին, կը հակազդէին, կը մաշեցնէին կամ կազեր կ՛արձակէին: Իսկ այն մետաղները, որոնք նման անպատեհութիւններէ զերծ էին, պարզապէս չափազանց հազուագիւտ էին:
Պատմութեան ամբողջ ընթացքին կայսրեր, թագաւորներ եւ թագուհիներ, պետութիւններ, կեդրոնական դրամատուներ եւ շահարկողներ վստահած են ոսկիին արժէք պահող յատկութեան:
Պատճառը պարզ է. ոսկին սահմանափակ քանակութեամբ ֆիզիքական ունեցուածք մըն է` ի տարբերութիւն պատրաստ դրամի եւ բաժնետոմսերու, զորս կարելի է տպել կամ արտադրել ըստ կամքի:
Հետեւաբար շահարկողներու համար ոսկին միշտ ալ նկատուած է սղաճի դէմ լաւ պատուար մը: Աւանդաբար, քիչեր ոսկի գնած են դրամ շահելու նպատակով, այլ պարզապէս` չկորսնցնելու համար իրենց դրամը:
Սակայն ասիկա սկսած է փոխուիլ: Ոսկիին գինը սկսած է յարաճուն կերպով բարձրանալ վերջին 10 տարիներուն, որուն ընթացքին հնգապատկուած է, եւ այժմ իւրաքանչիւր օնս կ՛արժէ աւելի քան 1500 տոլար:
Հետեւաբար ոսկին այլեւս պարզապէս արժէք մը պահելու չի ծառայեր, այլ շահարկումի իսկական առիթ մըն է եւ կը խոստանայ լուրջ շահ ապահովել:
Սակայն արդեօք ճի՞շդ է ասիկա: Վստահաբար բոլոր այն ազդակները, որոնք ներկայիս կը բարձրացնեն ոսկիին սակը, հաւանաբար պիտի շարունակեն բարձրացնել զայն նախատեսելի ապագային:
Եթէ մէկ կողմ դնենք կարճ ժամանակի վրայ երկարող ազդակները, ինչպէս` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի խառնակութիւնը, ինչպէս նաեւ` ցած տոկոսները, որոնք գրաւիչ չեն դարձներ պատրաստ դրամը, կը տեսնենք, թէ կեդրոնական երեք մղիչ ուժեր պատասխանատու են ոսկիի գինին յայտնապէս անսանձ սլացքին:
Առաջին` սղաճի բարձր համեմատութիւնները, որոնք արդիւնք են աշխարհի տարածքին ընծայուած դրամական դիւրութիւններուն, ոսկին շատ աւելի գրաւիչ կը դարձնեն իբրեւ պատուար` մագլցող գիներուն դէմ:
Երկրորդ` համաշխարհային գլխաւոր դրամանիշներ, որոնք կը մրցին շահարկողներու դրամը ներգրաւելու համար իբրեւ ապահով աղբիւր, հետզհետէ աւելի անորոշ դիմագիծ մը կը ստանան:
Ամերիկեան տոլարը տկարացած է երկրին հսկայական պարտքերուն հարցին պատճառով, եւ յայտնապէս Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը տրամադիր չէ դիմագրաւելու հարցը:
Եւրոն կը դիմագրաւէ նմանօրինակ հարցեր` զայն գործածող այսպէս կոչուած լուսանցքային երկիրներուն տարածքին:
Երրորդ` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, այսինքն աշխարհի դրամ խնայողներուն եւ ծախսողներուն միջեւ տնտեսական անհաւասարակշռութիւնները կը հրահրեն անապահովութեան ընդհանուր զգացողութիւն մը` համաշխարհային տնտեսութեան ապագայ ուղղութեան առնչութեամբ:
Եւ ինչպէս շահարկումներու մասնագէտ մը կ՛ըսէ` «ոսկին անորոշութեան հոյակապ օդերեւութաչափն է»:
Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել Հնդկաստանի եւ Չինաստանի բարգաւաճող միջին խաւերուն մէջ հետզհետէ աւելցող ոսկեղէնի պահանջը, նոր հզօրացող այս երկիրներուն կեդրոնական դրամատուներուն կողմէ ձոյլ ոսկիի պահանջը, ինչպէս նաեւ` երկար ժամանակի վրայ ոսկիի արտադրութեան համեմատութիւնները, որոնք հաւանական չէ, որ բարձրանան: Ապա կը հասնինք այն եզրակացութեան, թէ ոսկին ոչ միայն գրաւիչ շահարկում մըն է, այլ նաեւ` անվիճելի:
«ՎԱԽԻ ԱՌԵՒՏՈՒՐ»
Կարգ մը մեկնաբաններ պիտի հակաճառէին:
«Սխալ է ոսկին նկատել շահարկումի միջոց մը», կ՛ըսէ Ֆիտելիթի ինվեսթմընց ընկերութեան դրամական հարցերու պատասխանատուն` Թոմ Սթիւընսըն:
«Ոսկին եկամուտ չ՛ապահովեր, եւ գրեթէ անկարելի է արժեւորել զայն: Ոսկիի գինին բարձրացումը ինքնին պատճառ մը չէ, որ յանձնարարելի դառնայ զայն գնելը: Իրականութեան մէջ ճիշդ հակառակը կրնայ ըլլալ»:
Սթիւընսըն չ՛ակնկալեր, որ ոսկիին գինը սկսի նահանջել մօտ օրէն, գլխաւորաբար` տոլարին տկար դիրքին պատճառով, սակայն կը զգուշացնէ, թէ երկար ժամանակի վրայ ոսկիին ճշմարիտ սակը պէտք է առնչուի անոր արտադրութեան ծախսին հետ, որ շատ աւելի նուազ է, քան` մէկ օնսի համար 1500 տոլարը:
Այս գինէն բարձր կամ աւելի վեր սլացող արժէք մը պարզապէս ենթադրութիւն է, կը վիճի ան:
Իրօք, եթէ պահ մը մոռնանք սղաճը, ոսկիին ներկայ գինը տակաւին աւելի ցած է 1980-ի իր գագաթնակէտէն: Անոր օնսը պէտք է հասնի գրեթէ 2000 տոլարի` կոտրելու համար սղաճի տարբերութեամբ մրցանիշ մը:
Հասիում ասեթ մենէյճմընթ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Եոկի Տիուան կը բաժնէ այս կարծիքը:
Ոսկիի գինին ներկայ մագլցումը հիմնուած է «ենթադրութիւններու եւ վախի առեւտուր»ի վրայ», կ՛ըսէ ան:
«Բացարձակ խելայեղութիւն է մէկ օնս ոսկիին 1500 տոլարի արժէքը: Յայտնապէս ուռուցիկ գիներու դաշտի մը մէջ կը գտնուինք»:
Իրօք, Տիուան կը վիճի, թէ ոսկիին գինը կրնայ շատ արագ գահավիժիլ, երբ պատրաստ դրամի վրայ տոկոսները սկսին աւելնալ եւ համաշխարհային տնտեսութիւնը սկսի վերաշխուժանալ:
«Եթէ դրամական տոկոսները որոշ չափով բարձրանան, կրնայ մեծ փոփոխութեան ենթարկուիլ ոսկիին գինը եւ օնսին գինը կրայ իջնել մինչեւ 1100 տոլարի», կ՛ըսէ ան:
Պատճառը այն է, որ բարձր տոկոսները պարզապէս աւելի գրաւիչ կը դարձնեն պատրաստ դրամն ու դրամանիշները եւ ցուցանիշ մըն են համաշխարհային տնտեսութեան մէջ վստահութեան վերադարձին:
ՄԵԾ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հնդկաստանի եւ Չինաստանի կեդրոնական դրամատուները կը փնտռեն միջոցներ` աւելցնելու համար ոսկիի իրենց պահեստները:
Հաւանաբար աւելի յատկանշական է Տիուանի այն վիճարկութիւնը, թէ ոսկին այժմ «խճողուած առեւտուրի» մարզ մըն է: Այսինքն շատ մեծ թիւով անձեր ոսկի ունին, ինչ որ շահարկողները հետաքրքրող յատկանիշ մը չէ:
Ասիկա մասամբ արդիւնք է ոսկիի փոխանակումով գործող հիմնադրամներու յատկանշական յաջողութեան: Այս հիմնադրամները միջոցներ են, որոնք առիթ կու տան շահարկողներուն` կապ ունենալու ոսկիի գինին հետ, առանց իրողապէս ոսկի գնելու կամ պահելու:
Նման հիմնադրամներէն մեծագոյնը` Էս. Փի. Տի. Առ կոլտ շերզ ունի աւելի քան 55 միլիառ տոլար:
Իրօք, շահարկումի այս միջոցներուն ժողովրդականութիւնը, ոսկիի գինին այժմու մագլցումին առընթեր, յաւելեալ ապացոյց մըն է, թէ ոսկիին գինին բարձրացումին մղիչ ուժը աւելի զգացական է եւ հիմնուած է ենթադրութիւններու վրայ, քան` հիմնական պատճառներու:
Հետեւաբար ոսկիի մեր հասկացողութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւն մը, այսինքն արժէք պահող ունեցուածքի փոխարէն` զայն իբրեւ շահարկումի առիթ նկատելը կրնայ նոյնինքն պատճառը դառնալ ոսկիէն խուսափելու:
ՈՍԿԻԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Քաղաքակրթութեան սկիզբէն ի վեր միայն 165 հազար թոն ոսկի դուրս բերուած է հանքերէն:
Այս ամբողջ ոսկին կարելի է զետեղել 20մ բարձրութեամբ, 20մ լայնքով եւ 20մ երկայնքով մթերանոցի մը մէջ:
Շուրջ հարիւր միլիոն հոգի ոսկիի հանքեր կը պեղէ` իր ապրուստը ապահովելու համար:
Միացեալ Նահանգներու գանձարանը` Ֆորթ Նոքս ունի 4600 թոն ոսկի։
Աշխարհի հանքերէն դուրս բերուած ոսկիին 60 առ հարիւրը կը վերածուի զարդեղէնի:
Դեկտեմբեր 2000-էն հոկտեմբեր 2010-ի միջեւ ոսկիին գինը մագլցեցաւ 400 առ հարիւրով:
Երբեւիցէ հատուած ամէնէն մեծ ոսկեդրամը` 1 միլիոն տոլար արժողութեամբ քանատական տխկիի տերեւը ունի 52 մմ տրամագիծ:
Կ՛ենթադրուի, թէ աշխարհի ովկիանոսները կը պարունակեն շուրջ 15 հազար թոն ոսկի:
Կորտըն Պրաուն 20-րդ դարու վերջերուն վաճառեց Բրիտանիոյ ոսկիի պահեստներուն կէսը, իւրաքանչիւր օնսը` 260 տոլարի: Այժմ ոսկիին օնսը կ՛արժէ աւելի քան 1500 տոլար:
(Աղբիւր` Ուըրլտ Կոլտ Քաունսըլ)
ԽՈԼՈՐՁ ՊՈԿՈՂՆԵՐՈՒ ԱՐՇԱՒԸ
ԱՆԽՆԱՅ ՀԱՒԱՔՈՂՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՇՐՋԻՆ` ՎԱՅՐԻ ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ ՊՈԿԵԼՈՎ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԽՈԼՈՐՁՆԵՐ (ՕՐՔԻՏ) ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ՎԱՃԱՌԵԼՈՎ ԱՆՀԱՄԲԵՐ ՅԱՃԱԽՈՐԴՆԵՐՈՒ, ՄԻՆՉ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՌԻԹ ՉԵՆ ՈՒՆԵՆԱՐ ԱՆՈՒՆ ՄԸ ՈՐՈՇԵԼՈՒ ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԹԱՔՈՒՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ՄԸ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԾԱԼՔԵՐԸ:
Այս գեղեցիկ ծաղիկները կը յայտնուին միայն ամէնէն ստուերային շուկաներուն մէջ եւ անոնց գիներուն շուրջ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ ծածուկ` խոլորձի (օրքիտ) հաւաքածոյ պահողներու ընչաքաղց աչքերուն տակ:
Ասիկա պարզապէս դրուագ մը չէ մաքսանենգներու աշխարհին յատուկ ահաւոր պատմութիւններէն, այլ կը վերաբերի հազուագիւտ եւ շատ թանկագին խոլորձներու ճակատագիրին:
Խոլորձ հաւաքելու մարմաջը յայտնուած է 18-րդ դարուն: Այս ծաղիկները իրենց փարթամ փերթերով եւ անհաւատալի այլազանութեամբ հրապուրած են հաւաքածոյ պահողները:
Այժմ գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ խոլորձներու ապօրինի հաւաքածոները պատճառ կը դառնան, որ կարգ մը տեսակներ գտնուին անհետացումի սեմին, ինչ որ շատ վատ անդրադարձներ պիտի ունենայ բնութեան կենսաբանական այլազանութեան վրայ:
Մինչ խոլորձներու վտանգուած տեսակներ կը յայտնուին սեւ շուկաներու վրայ` նախքան նոյնիսկ գիտական յարմար անունի մը արժանանալը, անդին` կենսաբաններ եւ մաքսատուներու պաշտօնեաներ կը պայքարին` պահպանելու համար այս գրաւիչ բոյսերը:
ՍԵՌԱՅԻՆ ԳՐԱՒՉՈՒԹԻՒՆ
Իրենց գեղեցկութեան համար հիացումի առարկայ դարձած խոլորձները կը պատկանին ծաղկող բոյսերու ընտանիքի մը, որ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 26 հազար տեսակ:
Այս բոյսերը կը տարուբերին 3 միլլիմեթրէն 20 մեթրի միջեւ. ամէնէն երկար տեսակները կ՛ապրին անձրեւային անտառներու մէջ:
Բոլորը միացնող յատկանիշ մըն է անոնց իւրայատուկ աճը. հունտերը կը կազմեն բջիջներու գլանաձեւ խուրձ մը` տունկ մը ստեղծելու համար:
Սակայն խոլորձի սիրահարներու համար ամէն բանէ աւելի հրապուրիչ է տարբեր տեսակներու առթած զգացական այլազանութիւնը: Շատեր կը ներգրաւուին խոլորձներու իւրայատուկ ձեւով, բոյրով եւ տարաշխարհիկ տեսակներով:
Վիքթորեան ժամանակներուն բրիտանացիները այս զգացումը կը կոչէին «խոլորձատապ». այսինքն անհագ մարմաջ մը` հաւաքելու խոլորձի տարբեր տեսակներ:
Ուրուականներ յիշեցնող խոլորձներէն մինչեւ գունագեղ տեսակներու գեղագիտական գրաւչութիւնը կարիքը չունի բացատրութեան:
Պատմութեան ամբողջ տեւողութեան խոլորձները նկատուած են «բացայայտօրէն սեռային» բոյսեր` իրենց ցանկայարոյց ծաղիկներուն պատճառով, որոնք կը ներգրաւեն բեղմնափոշի տարածող միջատներ:
Սակայն խոլորձներուն իւրայատկութիւնն ու գրաւչութիւնը նաեւ խոցելի կը դարձնէ զանոնք:
«Խոլորձները բնականաբար հազուգիւտ են: Բազմաթիւ տեսակներ ծանօթ են միայն փոքրաթիւ հաւաքականութիւններու», կը բացատրէ Քենթի համալսարանին Միջավայրի եւ կենսոլորտի պահպանման բաժանմունքէն խոլորձի մասնագէտ Տէյվիտ Ռոպըրց:
«Խոլորձի մաքսանենգութիւնը իր անդրադարձը կ՛ունենայ պահանջուած յատուկ տեսակներու վրայ, ինչ որ մեծ հարց է», կ՛աւելցնէ ան:
ՄԵԾ ՊԱՏԿԵՐԸ
Խոլորձները յաճախ կը նկատուին բնութեան աշխարհին մէջ առողջ միջավայրի եւ կենսոլորտի ցուցանիշ:
Պատճառը այն է, թէ բազմաթիւ տեսակներ շատ զգայուն են խանգարիչ տարրերու նկատմամբ:
Խոլորձները կը բեղմնաւորուին միայն մանրադիտակային չափի սնկային մարմնի մը ներգործութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք պէտք է ունենան իրենց յարմար հողը:
Այս բոյսերը նաեւ սերտ կապ ունին անողնայար արարածներու հետ:
Մեղու խոլորձները այս անունը կը կրեն, որովհետեւ կը յիշեցնեն էգ մեղուներուն արտաքին տեսքն ու բոյրը: Անոնք կը ներգրաւեն արու մեղուներ, որոնք կը տարածեն ծաղիկին բեղմնափոշին:
ԲԱՐՁՐ ԳԻՆԵՐ
Խոլորձի հազուագիւտ տեսակներ, ինչպէս` «Քինապալուի ոսկին» կ՛արժէ մինչեւ 5000 տոլար:
Մուճակի նմանող խոլորձներու այս տեսակը յայտնաբերուած է 1987-ին: Անիկա յատկանշական է իր ուղղահայեաց տիրական փերթերով: Մաքսանենգներ վայրի բնութենէն զայն պոկելով` վտանգած են անոր գոյութիւնը:
Թէեւ ծաղկամշակութեան ճարտարարուեստը բազմացուցած է զայն, այսուհանդերձ, «Քինապալուի ոսկին» տակաւին կը նկատուի վտանգուած եւ Քինապալուի ազգային զբօսայգիին (Մալեզիա) վայրի բնութեան մէջ անոր գտնուած վայրերը կը պահուին գաղտնի:
Սակայն ոչ բոլոր տեսակները կը վայելեն նման պաշտպանութիւն:
Անցեալ տարի ասիական խոլորձներու մասնագէտ Եաափ Վերմոյլըն ուսումնասիրած է Մալեզիոյ մէջ Սարաուաքի ազգային զբօսայգիէն բերուած խոլորձ մը:
Սակայն, նախքան գիտական նկարագրականի մը պատրաստութիւնը, գինեգոյն կէտերով ճերմակ խոլորձը յայտնուած է սեւ շուկայի վրայ:
«Գեղեցիկ եւ հազուագիւտ տեսակ մըն է, որ կ՛աճի միայն Սարաուաքի մէջ: Ասիկա ինքնին պիտի բարձրացնէ այս խոլորձին գինը, եւ միաժամանակ` հաւաքածոյի մը մէջ զայն ունենալու մարմաջը, ինչ որ ճնշումի տակ պիտի դնէ անոր բնավայրը», կը զգուշացնէ Վերմոյլըն:
ԲՈՅՍԵՐՈՒ ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Առաջին անգամ չէ, որ խոլորձի տեսակ մը կը վտանգուի` նախքան ամբողջական ուսումնասիրութեան ենթարկուիլը:
Հաւաքածոյ պահողներու պահանջը այնքան սուր է, որ մաքսանենգներ աշխարհը կը շրջին` նոր տեսակներ փնտռելով, երբեմն խոլորձներու ամբողջ հաւաքականութիւններ արմատախիլ ընելով նախքան անոնց գոյութեան բացայայտումը:
Վերմոյլըն կը նշէ օրինակներ Մալեզիայէն եւ Վիեթնամէն: Սակայն ամէնէն հռչակաւոր օրինակը կու գայ Փերուէն, ուր 2001-ին յայտնաբերուած 30 սմ մեծութեամբ եւ գինեգոյն ծաղիկներով խոլորձի տեսակ մը ապօրինի կերպով ձեռքէ ձեռք անցնելով` կը վաճառուէր մինչեւ 10 հազար տոլարի:
«Վայրի բնաշխարհէն խոլորձներու հաւաքածոյ պահողներուն համար գինը կարեւոր չէ», կ՛ըսէ բնաշխարհի մէջ բուսատեսակներու եւ անասնատեսակներու առեւտրուրին վերահսկող «Թրաֆիք ինթըռնեշընըլ» ցանցին մէկ պատասխանատուն, որուն համաձայն, չափազանց դժուար է գնահատել խոլորձներու ապօրինի առեւտուրին գումարը:
ԱՆԽՆԱՅ ՀԱՒԱՔ
«Թրաֆիք ինթըռնեշընըլ»ի տուեալներուն համաձայն, Եւրոպայի տարածքին խոլորձի օրինաւոր առեւտուրը կ՛ընդգրկէ աւելի քան 370 միլիոն բոյսեր:
Անոնք կու գան արտօնագիրով աշխատող պարտէզներէ, որոնք համապատասխան իրաւունքը ունին միջազգային վաճառքի եւ կը ստեղծեն պատուաստուած հազարաւոր տարբերակներ:
Սակայն խոլորձի հաւաքածոյ պահողներ կը ստորադասեն նոր ստեղծուած տարբերակները:
«Անոնք արժէք կու տան միայն վայրի բնութեան մէջ աճող չնաշխարհիկ խոլորձներուն եւ շատ անխնայ կերպով կը հետապնդեն իրենց նպատակը», կ՛ըսէ Թոմըս:
ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ
Բրիտանիոյ ամէնէն հազուագիւտ խոլորձը կը ստանայ օրական 24 ժամ հսկողութիւն` Լանքաշըրի կոլֆի մէկ դաշտին մէջ, ուր կ՛աճի:
Սակայն նման հսկողութենէ զուրկ են հազուագիւտ այլ խոլորձներ:
Հարաւային Ամերիկայի եւ Ասիոյ տարածքին իւրայատուկ խոլորձներու պաշտպանութիւնը դիւցազներգական ճիգ կը կը պահանջէ:
Անձրեւային անտառներուն վերահսկելու գործնական դժուարութիւններէն անդին` խոլորձներու պահպանութեան պայքարը կը բախի նաեւ բարգաւաճող երկիրներու մէջ տիրող ճնշումներուն:
Բնութեան մէջ խոլորձներու պահպանումին միջազգային կազմակերպութեան համաձայն, արեւադարձային բնաշխարհին մէջ խոլորձները սկսած են անհետանալ` փայտի առեւտուրին, հանքերու պեղումին, ինչպէս նաեւ բնակարանային տարածքներու եւ ճամբաներու շինութեան պատճառով:
Խոլորձի հաւաքածոյ պահողներ կ՛ըսեն, թէ հազուագիւտ տեսակները իրենց բնաշխարհէն դուրս բերելով` զանոնք կը պաշտպանեն մարդկային բարգաւաճումին յարուցած վտանգներէն:
Թէեւ խոլորձի կարգ մը տեսակներ կարելի է աճեցնել պարտէզներու մէջ եւ զանոնք փրկել ոչնչացումէ, սակայն կենսաբանական աշխարհին այլազանութեան դիտանկիւնէն` բնութեան պահպանումի համար պայքարողներ կը շեշտեն, թէ խոլորձները պէտք է պաշտպանուին իրենց բնական միջավայրին մէջ:
«Խոլորձի որեւէ տեսակի կորուստը ողբերգութիւն է: Աշխարհը գոյատեւելու համար կարիքը ունի կենսաբանական այլազանութեան: Հազարամեակներ կը տեւէ խոլորձի տեսակի մը եղափոխութիւնը, սակայն անոր կորուստը օրերու հարց է», կ՛ըսէ Թոմըս:
Պատրաստեց՝
Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ