ԺՈՐԺ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ` ՄԱՄՈՒԼԻ ԽՒԶԱԽ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ, ՈՐ ՎՃԱՐԵՑ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ ՄՆԱԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԸ

Լիբանանի տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, իր կատաղութեամբ  նախորդները գերազանցող իւրաքանչիւր ռաունտին, մայրաքաղաքի ո՛ր շրջանին կամ երկրի տարածքի ո՛ր անկիւնին մէջ ալ տեղի ունենար ան, որո՛նք ալ ըլլային անոր «հերոսները», հակառակորդ կողմերուն միջեւ ընթացող սաստիկ կռիւներու թատերաբեմին վրայ կը յայտնուէր Ժորժ Սեմերճեանը, անակնկալ հրդեհի մը տարածումին առաջքը առնելու համար արագահաս հրշէջի մը կամ խաղաղապահ զինուորի մը նման: Սակայն, ո՛չ առաջինը իր կրակաշէջ կազմածներով եւ ո՛չ ալ երկրորդը իր զէնքով, սպիտակ կամ կապոյտ սաղաւարտով ու փամփշտարգել բաճկոնով,  չէին կրնար Ժորժին քաջութիւնը ու յանդգնութիւնը ունենալ: Լուսանկարչական գործիք մը բարձր բռնած, երկրորդ մը ուսէն կախած` Ժորժը կը յայտնուէր  զգայուն թուղթին վրայ արձանագրելու համար կենդանի պատկերը, անկրկնելի պահը, պատահարը, դէպքը,  դրուագը եւ ասոնց դերակատարներուն ինքնութիւնը: Կը յայտնուէր յաճախ  կեանքի գնով, «Մօրս օրհնութիւնը եւ աղօթքը կը պաշտպանեն զիս» ըսելով:

Լիբանանեան մամուլի սրատես ու խիզախ լուսանկարիչն էր Ժորժ Սեմերճեան:

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՍԹԻՒՏԻՈՅԻՆ ՓՈԽԱՐԷՆ`
ԿՌԻՒՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԲԵՄԸ

Քաղաքացիական պատերազմէն առաջ Ս. Նշան եկեղեցւոյ մերձակայ փողոցներէն մէկուն մէջ հաստատած իր լուսանկարչական սթիւտիոյին փոխարէն, ան նախընտրեց կռիւներու թատերավայրը, գեղարուեստական լուսանկարներուն փոխարէն` եղբայրասպան կռիւներուն պատճառով լիբանանցի ժողովուրդին ողբերգութիւնը արտայայտող պատկերները, այդ ողբերգութիւնը ապրող ժողովուրդի տառապալի առօրեան ցոյց տուող տեսարանները, անոր ֆիզիքական ու հոգեկան վիճակները, կռիւներու մեծ ու փոքր, յայտնի ու անյայտ դերակատարներու տիպարները: Տեսանելիին հետ, ան երեւոյթներէն անդին ցոյց տուող իր ոսպնեակին միջոցով յաճախ լուսարձակի տակ բերաւ հասարակութեան տեսադաշտէն անդին գտնուող շրջաններուն մէջ ստեղծուած վիճակներն ու պարզուած երեւոյթները: Վտանգաւոր պահերէն անվնաս դուրս գալու գաղտնիքին տիրացած մարդու մը յանդգնութեամբ, ան վազեց Այն Ռըմմանէէն հիւսիս, հարաւ ու Պեքաա` անցնելով կեդրոնական շուկաներէն, Էշրեֆիէէն, Թել Զաաթարէն, Նապաայէն, Տորայէն, Պարպիրէն ու նաւահանգիստէն: Միջազգային հասարակութիւնը  դիտելով Ժորժ Սեմերճեանին լուսանկարները, տեսաւ իրականութիւնը,  տպաւորուեցաւ իրականութեամբ, յուզուեցաւ, կարծիք կազմեց երկրին մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Անխարդա՛խ կարծիք:

Պէյրութի «Պանդոկներու պատերազմ»ին  ընթացքին Ժորժը վիրաւորուեցաւ եւ ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ զինք շրջապատող զինեալներուն կողմէ, իսկ ինք մոռնալով ստացած վէրքին պատճառած ցաւը` զինք փոխադրողները նկարեց գերագոյն ճիգով մը:

Բազմաթիւ անգամներ, հայ ըլլալու հանգամանքը, որ իբրեւ անցագիր կը ծառայէր իրեն շրջանէ շրջան ազատօրէն երթեւեկելու համար,  բաւարար չեղաւ ամէն կասկածէ զերծ պահելու համար զինք: Այս պատճառով ալ պատանդ բռնուեցաւ, ծեծուեցաւ եւ նկարեց… զինք ծեծողները, որոնք աւելի ուշ անդրադարձան իրենց սխալին  եւ ներողութիւն խնդրեցին իրմէ:

Անզուգական այս հայորդին, ճակատային սահմանագիծ դարձած «Ալեմպի» ճամբուն մէջտեղը կանգնած,  յաջողեցաւ ֆուտպոլի դաշտի մը կեդրոնը կեցած եւ սուլիչի ճչոցով մը մրցումը առկախած  իրաւարարի մը նման, պահ մը կրակը դադրեցնել տալ,  ապա քով-քովի բերել ճամբուն երկու կողմերը դիրք բռնած «թշնամի եղբայրները»` զիրենք միատեղ լուսանկարելու համար: Իրարու դէմ կռուող եղբայրներու խմբանկարին հրապարակումը տակնուվրայ ըրաւ անոնց ղեկավարները:

Ժորժն էր Տորայի վառելանիւթի մթերանոցներու դժոխանման հրդեհը ամէնէն մօտէն նկարող լրագրողը, մինչ բոցերը մթերանոցներէն մէկուն երկաթեայ հսկայ կափարիչը թռչող սկաւառակի մը նման պիտի նետէին «Ազդակ»ի խմբագրատան շէնքին տանիքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ
«ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԷՋ» ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՂ ՆԿԱՐՆԵՐ

Որքա՜ն խորհուրդ կար իսլամական Ֆիթրի եւ քրիստոնէական Ս. Յարութեան տօներուն միեւնոյն օրուան զուգադիպութեան առիթով, Համրայի Ս. Ռիթա եկեղեցիին զանգակատունը իր խաչով եւ մերձակայ մզկիթի մինարէն` հնարամիտ տեսանկիւնէ մը կողք-կողքի ցոյց տուող Սեմերճեանի նկարներուն մէջ, որոնք իր օրին զարդարեցին լիբանանեան մամուլին առաջին էջերը` որպէս խորհրդանիշ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, որուն ուրիշ մէկ արտայայտութիւնը դարձաւ իմամ Մուսա Սատրին այն նկարը, ուր շիի համայնքապետը կը խօսէր Պապ Իտրիսի Քափուչիններու եկեղեցիին մէջ, խորանին դիմաց, խաչը գլխու փաթթոցին վերեւ:

Իսկ ինչ բան այնքան հարազատօրէն կրնար արտայայտել լիբանանցի ժողովուրդին վերապրելու ու գոյատեւելու կամքը, որքան` Ժորժին «Հարս ու փեսան աւերակներու մէջ» լուսանկարը, որ պարգեւատրուեցաւ Լրագրող- լուսանկարիչներու միջազգային միութեան «Ինթըրփրէս ֆոթօ» մրցանակով, 1988-ի մայիսին, Պաղտատի մէջ: Արեւելեան Գերմանիոյ հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցած  պարգեւատրումի հանդիսութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ հիւպատոսը` Սիկֆրիտ Լոֆա, շնորհաւորելով մրցանակակիրը, ըսած էր, որ «Հարս ու փեսան աւերակներուն մէջ» լուսանկարը  հոյակապօրէն կը խորհրդանշէ կեանքը պատերազմին մէջ, մաղթելով, որ այդ նկարով արտայայտուած նոր կեանքի գաղափարը առաջնորդէ բոլոր լիբանանցիները, որպէսզի անոնք միասնաբար լծուին ապագայ Լիբանանի կերտումին:

Ժորժին լուսանկարները կը ցուցադրէին ոչ միայն պատերազմի դրուագները, այլ` լիբանանեան հարցին վերաբերեալ քաղաքական, դիւանագիտական ու միջազգային իրադարձութիւնները: Համեստութիւնը ամօթխածութեան աստիճանին հասցուցած այս հայորդին ընկերակցեցաւ լիբանանցի եւ  օտար պետական ղեկավարներու, գործուղուեցաւ ապագայ Լիբանանի կերտումին նուիրուած շրջանային ու միջազգային  ժողովավայրեր, մերթ Ծայրագոյն Արեւելք ու Միացեալ Նահանգներ, մերթ եւրոպական ու արաբական ոստաններ, Լիբանանին նուիրուած հանդիպումներու ու խորհրդաժողովներու նկարագրութիւնները նկարազարդելու համար:

Ինչպէս ամէնէն կատաղի կռուողները, նոյնպէս ժողովի սեղանին նստած` անոնց լիբանանցի կամ այլազգի հովանաւորները յաճախ  նոյնքան կը զգուշանային արիասիրտ լուսանկարիչ-լրագրողին լուսանկարչական գործիքէն, որքան հակառակորդի մը զէնքէն, որովհետեւ այդ գործիքին ակնթարթային լուսարձակումը կրնար նոյնքան խոցող ու ցաւոտ ըլլալ, որքան` զէնքի մը փամփուշտը, որովհետեւ անհերքելի, անջնջելի, անկաշառելի, անուրանալի, անժխտելի, մէկ խօսքով` բացարձա՛կ ճշմարտութիւնը, մերկ իրականութիւնը շողանկարող պահն էր ան:

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԱԿԱԿԻՐԸ

Լիբանանեան մամուլի զինուորագրեալը եւ ճշմարտութեան դրօշակակիրն էր Ժորժ Սեմերճեանը,մտերիմներուն համար` Անդոն: Անոր զէնքն ու վահանը Ճշմարտութիւնը յայտնաբերող լուսանկարչական գործիքն էր, որ շունչ կ՛առնէր ու փաստագրող կը դառնար իր ձեռքերուն մէջ:

Ճշմարտութեան վկաներն էին Ժորժին լուսանկարները, որոնք առանց մեկնաբանութեան անգամ` յաճախ շատ աւելի տպաւորիչ ու պերճախօս էին, քան` ամէնէն սրամիտ ու հարազատ նկարագրութիւնները, շատ աւելի համոզիչ` քան ամբողջ գրականութիւն մը:  Այս պատճառով ալ, անոր պահը որսացող լուսանկարները ոչ միայն փնտռուած էին «Նահար»ի կամ «Լ՛Օրիան Լէ Ժուր»ի նման  լիբանանեան մեծագոյն թերթերուն կողմէ, այլ արժանացած էին միջազգային լրատու գործակալութիւններու գնահատանքին:

Համբաւը, զոր Ժորժ Սեմերճեանը վաստկեցաւ իբրեւ լրագրող-լուսանկարիչ, նաե՛ւ անողոք ճակատագիրը առիթը չընծայեցին իրեն պէտք եղած չափով ցոյց տալու նաե՛ւ իր արուեստագէտի տաղանդը, որ ի յայտ եկաւ մանաւանդ «Ֆեն Էլ Թասուիր»ի մէջ լոյս տեսած իր լուսանկարներու ընդմէջէն:

Ոչ միայն իր գործընկերներուն, այլ լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան իր կողմէ «հալածուած» պետական, կուսակցական, հոգեւորական, մեծ կամ պարզ շարքային մարդոց ու զինեալներուն կողմէ իր անձին ու հեզաբարոյ բնաւորութեան հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքն ու համակրանքը, անոր շրջահայեցութիւնը, վաստակն ու բարի համբաւը զինք հասցուցին Մամուլի Լրագրող-լուսանկարիչներու սենտիքայի նախագահի պաշտօնին: Հիմնարկ մը, որ լիբանանեան բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներէն կազմուած խճանկար մըն է: Օտար մամուլի շրջանակներուն մէջ, ան կը սիրէր զգացնել հայ ըլլալը եւ լսել հայու յատկանիշերն ու արժանիքները դրուատող խօսքեր, խօսակիցներուն յիշեցնելու համար, որ` «Հայերը այսպէ՛ս են»:

Ժորժը` աւանդապահ, հայրենասէր, գաղափարանուէր հայ ընտանիքի մը միակ զաւակը եւ «Արարատ»ի երկարամեայ ցրուիչին որդին ըլլալով, լիբանանահայ մամուլը հարազատ էր իրեն համար: Այդ հարազատութեան փաստն էր անոր պատրաստակամութիւնը «Արարատ»ին կամ «Ազդակ»ին սիրայօժար տրամադրելու օտար թերթերուն համար սուղ արժող իր նկարները, պայմանաւ որ «չպայաթեցնեն» զանոնք` անոնց հրատարակութիւնը թէկուզ մէկ օրով ուշացնելով, ինչպէս  ինք կ՛ըսէր յաճախ: Հայ մամուլին որակը բարձրացած տեսնելու նախանձախնդրութեամբ, ան երբեք չզլացաւ իր կամաւոր ծառայութիւնը անոր: Չսպասեց, որ հայ թերթերը իր ծառայութիւնը խնդրեն, այլ ի՛նք առաջարկեց զայն` անշահախնդրօրէն:

ՉԻՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԱԶՆԵՐ

Ափսո՛ս, որ ան չկրցաւ իրականացնել «Լիբանանը պատերազմէն առաջ եւ վերջ» ցոյց տուող իր լուսանկարներու ցուցահանդէսը, զոր կը մտածէր տանիլ նաեւ Հայաստան, զանոնք այնուհետեւ ամփոփելու համար ալպոմի մը մէջ: Շատ հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել պատերազմէն առաջ նկարուած հրապարակը, թաղը, փողոցը կամ շէնքը` դարձեալ միեւնոյն տեսանկիւնէն, սակայն պատերազմի հետքերուն պատճառով ստացած իր նոր` աւերուած տեսքով:

Դարձեալ ափսոս, որ ան առիթը չունեցաւ իրականացնելու իր հայրենասիրութեան վկայութիւնը դառնալու կոչուած իր միւս ծրագիրը` երթալ Ղարաբաղ ու Նախիջեւան եւ իր լուսանկարչական գործիքին միջոցով միջազգային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու արդարութեան եւ իրաւունքի համար մարտնչող մեր ժողովուրդին մղած պայքարին վրայ:

«Այդ բոլորին մասին կը խօսինք վերադարձիդ: Լուսանկարչական գործիք մը հետդ տար, չես գիտեր` ինչի կրնաս հանդիպիլ» ըսած էր Սպիտակի երկրաշարժէն տարի մը ետք, դեկտեմբերի 22-ին Հայաստան մեկնումիս նախօրեակին, չկարենալով «երթաս բարով»ի գալ անձամբ:

Գացի ու եկայ բարով, բայց  մայրաքաղաքի արեւելեան շրջաններուն մէջ, բանակային միաւորներուն եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ պայթած անակնկալ բախումներն ու ռմբարձակումները զիս արգելափակեցին «Արարատ»ի իմ գրասենեակիս մէջ, «Սահակեան» վարժարանին ներքեւ, ուրկէ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու միակ միջոցը ձայնասփիւռի գործիքս էր: Այս գործիքին միջոցով 31 յունուար 1990-ի երեկոյեան իմացայ Ժորժին վիրաւորուիլը միեւնոյն առաւօտեան, Անթիլիասի մայրուղիին վրայ, շրջանին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն ընթացքին, իսկ քանի մը օր ետք` «Նահար»ի, «Տիար»ի խմբագրութեանց եւ իր գործընկերներուն գուժկան ելոյթները, որոնք  աւելի ուժեղ կը հնչէին ականջիս, քան` վարժարանին շուրջ տեղացող ռումբերուն որոտները:

ՄՕՐ ԱՂՕԹՔՆԵՐԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷԻՆ ԵՂԱԾ…

Արդեօք այդ առտու տունէն դուրս ելլելէ առաջ մոռցա՞ծ էր առնելու օրհնութիւնը մօրը` տիկին Մարիին, որմէ գաղտնի պահած էր իր անցուցած վտանգալից պահերը` անոր ցաւ չպատճառելու համար: Արդեօք մայրը մոռցա՞ծ էր աղօթել տղուն համար, թէ՞ մայրական օրհնութիւնն ու աղօթքն անգամ այդ օր բաւարար չէին եղած զինք ողջ պահելու համար, ինչպէս տասնհինգ տարի ամբողջ բաւարար չէին եղած աղօթքները բոլոր մայրերուն` եղբայրասպան պատերազմի մահաբեր արհաւիրքէն փրկելու համար իրենց զաւակները: Արդեօք «գործը ամէն գնով կատարելու» պարտականութիւնը իրեն մոռցնե՞լ տուած էր  ընտանիքին` կնոջ, երեք եւ մէկ տարեկան երկու աղջնակներուն սիրոյն ողջ մնալու իր պարտաւորութիւնը: Ո՞ր կողմին փամփուշտով ինկած էր ան: Կորսուա՞ծ փաշփուշտով, թէ՞…: Արդեօք չէ՞ր նկարած զինք անգութօրէն զգետնող պահը: Պատասխան չէի գտներ հարցումներուս:  Ինչպէ՞ս գտնէի խմբագրատան չորս պատերուն մէջ արգելափակուած: Եթէ գտնէի անգամ, ի՛նչ օգուտ կրնային ունենալ: Անոնք պարզապէս արտայայտութիւնն էին զինք ճանչցողներու այն ափսոսանքին, որ Ժորժը կանուխ վճարեց պատնէշի վրայ աննահանջ մնալու իր յանձնառութեան գինը: 41 տարեկան էր միայն:

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Պատնէշի վրայ` կեանքի գնով»
անտիպ հատորէն
Share this Article
CATEGORIES