ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԴՈԿՏ. ԱՖ ՄԻՆԻՍԹՐԻԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ
Երկուշաբթի, 9 մայիս 2011, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան Վանքուվըրի մէջ (Քանատա), Պրիթիշ Քոլոմպիայի համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքէն ստացաւ դոկտ. աֆ մինիսթրիի վկայականը: 2005 թուականէն ի վեր Նարեկ սրբազան կ՛աշխատէր իր աւարտաճառին վրայ, որ կը կրէ` «Կուսակրօն քահանայութիւնը 21-րդ դարու Հայ առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան փորձառութեան ընդմէջէն» խորագիրը:
Ուրբաթ, 26 ապրիլին, սրբազանը յաջողութեամբ կատարեց իր աւարտաճառին պաշտպանութիւնը եւ արժանացաւ համալսարանի քննիչ յանձնաժողովի անդամներուն բարձր գնահատանքին: Արամ Ա. կաթողիկոս ուրախութեամբ ողջունելով սրբազանին յաջողութիւնը` ըսաւ, թէ` «այսպիսով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, թէ համալսարանական բարձրագոյն ուսման յատուկ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ: Յայտնենք, որ Անթիլիասի միաբանութեան այլ անդամներ եւս կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը: