ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԷ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ

Յուշարձաններու պահպանութեան համաշխարհային հիմնադրամի (Ուըրլտ մոնիւմընթ ֆոնտ) եւ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է` Անիի աւերակներու վերականգնման ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներ իրականացնելու առնչութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Ճիհան» գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ուըրլտ մոնիւմընթ ֆոնտի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւն մը:

Կործանման եզրին գտնուող պատմամշակութային արժէքներու պահպանումով զբաղող Ուըրլտ մոնիւմընթ ֆոնտի սոյն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Անիի աւերակներու վերականգնման եւ պահպանման նախագիծը պիտի իրականացուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Նախագիծի առաջին փուլին մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուին Անիի մայր տաճարն ու Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որմէ ետք պիտի քննարկուին բոլոր հնարաւոր եղանակները` այդ պատմամշակութային արժէքներու վերականգնման եւ պահպանման համար:

Կը նախատեսուի ծրագիրը աւարտել յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին: Ծախսերը պիտի հոգան Ուըրլտ մոնիւմընթ ֆոնտն ու Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը:

Նշենք, որ վերի լուրին անդրադառնալով, «Տը Տենվըր Փոսթ» իր կողմէ հարց կու տայ, թէ արդեօք վերականգնողական աշխատանքներէն ետք թրքական իշխանութիւնները պիտի թոյլատրե՞ն Անիի տաճարին մէջ աղօթք կատարել:

«Տը Տենվըր Փոսթ»ը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը տասնամեակներ շարունակ փակուած է` Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ հակադրութեանց:

Share this Article
CATEGORIES