ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՄԷՋ` ԵՐԿՈՒ ԱՆԿՆՈՒՆՔ ՄԱՆԿԱՀԱՍԱԿՆԵՐՈՒ

Գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներուն ընծայուած ֆիզիքական խնամքին կողքին, նաեւ անոնց հոգիին հանդէպ հոգածութեան արտայայտութիւն եղաւ մկրտութեան այն արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 16 մայիս 2011-ի յետմիջօրէին, «Թռչնոց Բոյն»ի Ս. Գայեանէ մատուռին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հովանաւորուած սոյն հաստատութեան մէջ նոր ապաստան գտած երկու մանուկներ` եղբայր ու քոյր` Գէորգը եւ Հռիփսիմէն, որոնք պարագաներու բերմամբ անկնունք մնացած էին, Քրիստոնէական լուսազգեստը զգեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն, ու մեր դարաւոր եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնին օծումը ստանալով` մարմին ու անդամ դարձան Քրիստոսի բանաւոր հօտին:

«Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք հաւատացեալ վկաներն էին սոյն մկրտութեան, մեծ հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութեան: Անոնք միասնաբար երգեցին տէրունական աղօթքը եւ այն շարականները, զորս սորված էին նախապէս:

Հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, մասնակցութեամբ «Գայեանեան» միաբանութեան քոյրեր` Քնար Գայփաքեանի, Շնորհիկ Պոյաճեանի եւ Գայեանէ Պատագեանի, կատարեց մկրտութեան ու դրոշմի խորհուրդը` ներկայութեամբ տնօրէն` Սամուէլ Պոյաճեանի:

 

Հայ որբերու տքնաջան աշխատանքով 1920-ականներու երկրորդ կիսուն կառուցուած «Դանիական սրահ»ը, որ իբրեւ եկեղեցի կը ծառայէ Ժիպէյլի հայութեան, աւելի քան 80 տարիներ ետք, դարձեալ վկան հանդիսացաւ հայ ազգի խնամքին յանձնուած հայ մանուկներու մկրտութեան: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք այստեղ ապաստանած հայ որբերը դանիացի միսիոնարուհիին` անմահանուն Մարիա Ճէյքպսընի կողմէ ո՛չ միայն իբրեւ հայ դաստիարակուեցան, այլ նաեւ հայ եկեղեցւոյ աւազանէ՛ն ծնան Սուրբ մկրտութեամբ, հա՛յ հոգեւորականներու ձեռքով ու հայ միւռոնո՛վ դրոշմուեցան իբրեւ անդամ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտութեան ուրախութիւնը մեծերուն յուզում կը պատճառէր  եւ անցեալի յիշողութեան արձագանգ կը հանդիսանար, երբ շուրջ չորս հազար հայ որբեր նոյն վայրին մէջ իրենց նահատակ ծնողներու երկնային հայեացքին ներքեւ մկրտուեցան 80 տարիներ առաջ, ու իբրեւ հայ մեծնալով` մեր պատուական ժողովուրդին նոր սերունդը կազմեցին:

Share this Article
CATEGORIES