Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ.Ձօն Անկախութեան 28 Մայիս 1918
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած են դէպքեր, թուականներ, տեղանուններ եւ անձնանուններ, որոնք իրենց արձանագրումէն անմիջապէս ետք դադրած են սոսկական դէպք, թուական կամ անուն ըլլալէ ու դարձած են խորհրդանիշեր, իտէալներ, որոնք իրենց մէջ կը խտացնեն պատմութիւն, յոյզեր, կեանք ու մահ, բայց մանաւա՛նդ` պատգամ եւ յանձնառութեան թելադրանք:
Այդ իրադարձութիւններէն է 28 մայիս 1918 թուականը:
Հետեւաբար, այդ օրուայ նպատակը խօսուն է, շարժառիթը` գործնական, խորհուրդը` ակնյայտօրէն բացայայտ:
Մայիսի 28-ը մեր անկախութեան տօնն է: Յաղթանակի եւ ազգային հզօր կամքի արտայայտութեան ժամանակաշրջան մը, որ պսակուեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերով: Տօն, որ սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումով:
24 ապրիլ 1915-էն քանի մը տարի ետք հայ ժողովուրդի զաւակներուն միասնականութեամբ, մէկ սիրտով, մէկ բռունցքով եւ կազմակերպչական տաղանդով, իրենց անձնուիրումին բովանդակ ուժականութեամբ, հաւատքի ու յեղափոխականի արիութեան անխախտ կամքով մարմնաւորեցին եւ կենդանացուցին հայ ժողովուրդի նորագոյն յարութիւնը, իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ոտքի հանեցին հայութեան մնացեալ բեկորները եւ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրեցին մայիս 28-ի փառաւոր յաղթանակը եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը: Հայութիւնը իր ամբողջական շարքերով ու անսակարկ նուիրումով, մոռցած իր կրած Հայոց ցեղասպանութեան տառապանքներն ու դժուարութիւնները, անգամ մը եւս ոտքի կանգնեցաւ` դարերէ ի վեր կորսնցուցած, բայց դարերէ ի վեր իր սրտին մէջ վառ պահած անկախութիւնը վերակերտելու ու իր պապենական հողերուն վերատիրանալու երազը իրականացնելու:
Անկասկած Սարդարապատը բարձրաղօղանջ զանգ է այսօր իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ, հոս` սփիւռքի ափերուն կամ հայրենի հողին վրայ:
Հարազատ հողը սրբութիւն է: Այդ սրբութեան համար կարելի է զոհել կեանքը, ինչպէս զոհած էին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի մէջ մարտնչող հայ ռազմիկներն ու ողջ ժողովուրդը: Այդ հողը հիմա ազատ է, բայց չմոռնանք, որ այդ ազատութիւնը կերտուեցաւ հազարաւոր կամքի տէր մարդկանց արեան գնով: Իսկ արիւնը գին չունի: Արիւնը, եթէ սրտէն քամուած եւ ներծծուած է հողին մէջ, ամուր, ամո՜ւր յիշողութիւն ունի:
Ազգ եւ հող` իրարմէ անբաժան եւ իրարմով պայմանաւորուած տուեալներ:
Երբ հող կ՛ըսենք` անոր նիւթեղէն գոյութիւնը նկատի չունինք միայն: Հողը կենսատու ուժ է, երբ իր պետական եւ քաղաքական կառոյցներով կը ներկայանայ: Մինչեւ իսկ այդ բոլորէն մերկացած վիճակով հողը կրնայ դարձեալ յենարան հանդիսանալ ազգի մը գոյատեւման, ինչպէս եղաւ մեր ժողովուրդին դարեր շարունակ:
Սերունդներու յաջորդականութեան շղթան չի փշրուիր հայրենի հողին վրայ:
Ազգը մահ չի ճանչնար, որովհետեւ կը վերածնի: Այդ վերածնունդը հողն է, որ կը կենսաւորէ:
Վերջապէս ի՞նչ է ժողովուրդի մը ոգին, եւ ուրկէ կու գայ, եթէ ոչ հայրենի հողէն: Այդ ոգին կը կենդանացնէ պատմութիւնը, բազմութիւնները կը մղէ հերոսութեան եւ ներշնչման աղբիւր կը հանդիսանայ ազգային մշակոյթին: Այդ ոգին ամբողջութիւնն է ազգի մը արժէքներուն եւ լոյսը անոր գիտակցութեան:
Մայիս ամիսը կը խորհրդանշէ պատմական շարք մը իրադարձութիւններ, որոնց ընդհանրական իմաստը յաղթանակն է:
Շուշիի ազատագրումը ապահովեց արցախեան ազատամարտի յաղթական երթը այսպիսով ոչ միայն ամրագրուեցաւ Արցախի ազատագրումը, ոչ միայն ծնաւ ու ձեւաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, այլ նաեւ 2006 թուականին դրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հիմքը:
Միւսը` Համաշխարհային Բ. պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի տօնն է:
Սարդարապատի եւ առհասարակ 1918 թուականի մայիսի 24-27 եռեակ հերոսամարտերու յաղթանակն ի սպառ կասեցուց թրքական բանակներու արշաւը դէպի Պաքուի նաւթահորերը: Այս յաղթանակը ոչ միայն հայութեան ամբողջական բնաջնջումէ փրկութեան ելք էր, այլ նաեւ կտրուկ կերպով շրջանցեց արեւելեան ճակատի ողջ ճակատագիրը:
ՄԱՅԻՍԵԱ՜Ն ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏ… անուն խորհրդական. քաղցր եւ ահեղ, անոնց փառքով ճաճանչող:
Անոնք ծնան Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի բաց դաշտերուն վրայ, Արագածի փէշերուն եւ Զանգեզուրի երկնամերձ բարձունքներուն` «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանով հայրենակերտման դժուարին ուղին հարթած ֆետայիներու սերունդին շնորհիւ:
Զինուորներ էին անոնք, մարտիկները ցեղին ազնուագոյն արժէքներուն, ամենահամեստ հայդուկները երեք հազարամեայ հայ արեան ամէնէն իրաւ ապրումներուն:
Մայիս 28-ի անկախութիւնը երազ էր հազարամեայ բոլոր սերունդներուն համար: Երազ, որ դարձաւ իրականութիւն:
Ճիշդ է, որ մակերեսային դատումով մը երազները կը մաշեցնեն ժողովուրդ մը: Այո՛ բայց արտաքնապէս միայն: Միւս կողմէ, սակայն, կ՛ուժեղացնեն եւ կը հզօրացնեն ներքնապէս: Բազմութիւններէն ազգ կը կերտեն: Մայիս 28-ը, արտաքին ճակատի վրայ սուղ արեան գնով յաղթանակ մը ապահովելով հանդերձ, մեզ ներքնապէս զօրացուց եւ պահանջատէր հայութեան վերածեց:
Պէտք է գիտակցինք, որ Սարդարապատի ճակատամարտը լուծեց մեր ազգային փրկութեան խնդիրը: Փրկուեցանք վերջնական գերութենէ կամ բնաջնջումէ:
28 մայիսը միայն հիմը չկազմեց Հայաստանի պետականութեան, այլ հայու հպարտութեան ու վերելքի զգացումներու ձեւաւորման առընթեր, այս թուականով առաջին անգամ ըլլալով սկսաւ ձեւաւորուիլ Հայ դատի պայքարի ըմբռնումը, Հայաստանի ամբողջականութեան պահանջքի իրագործումը, որ մեր բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման երազին թեւ ու թափ տուաւ եւ երկար տարիներ սերունդներ մեծցուց` հայութեան վեհ իտէալներուն ծառայելու պատրաստակամութիւն ներշնչելով:
Հայութեան բոլոր հատուածները, արեւելահայ թէ արեւմտահայ, առանց կուսակցական կամ յարանուական խտրութեան, առանց նկատի առնելու իւրաքանչիւրին քաղաքական ու գաղափարական արեւելումը, իջան պայքարի դաշտ` դիմագրաւելու համար ամբողջական հայութեան սպառնացող վտանգը: Երկրի վերակառուցումը տեղի ունեցաւ նաեւ սփիւռքահայութեան թէ՛ մարդկային, թէ՛ նիւթական ներդրումով:
Դարերու ընթացքին հայուն մտքին մէջ տժգունած էր ազգային քաղաքական պատկանելիութեան գաղափարը, որ լաւագոյն պարագային փոխարինուած էր լոկ կրօնա-եկեղեցական հաւաքականութեան մը պատկանելու գիտակցութեամբ:
Հայաստանի անկախ պետութեան փաստացի գոյութիւնը հայ ժողովուրդի քաղաքական ենթագիտակցութիւնը վերստին բարձրացուց ժամանակակից յառաջադէմ ժողովուրդներու մակարդակին:
Մայիս 28-ին կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ քաղաքական իր վարչաձեւը հիմնեց ժողովրդավարութեան վրայ, ինչ որ օրին հանդիսացաւ հայ կեանքին մէջ տիրող տրամադրութեանց հարազատ արտայայտութիւնը:
Դարեր շարունակ պետական կեանքէ զրկուած հայ ժողովուրդը դարձած էր աշխարհաքաղաքացի:
Հայ ժողովուրդի անկախ պետութեան հռչակման նախորդող ժամանակաշրջանը, հանրապետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանի դէպքերը, ինչպէս նաեւ անոր անկման պայմանները ցոյց կու տան, որ հայ ազատագրական շարժումը իր բացառիկ յաջողութիւններուն առընթեր ունեցաւ նաեւ իր ընկրկումը:
Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին թրքական պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ հայութեան բարեկամ պետութիւններուն աչքին առջեւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը արժանացաւ պետութիւններու բուռն, սակայն միայն բանաւոր ու ամուլ բողոքներուն:
Հայութիւնը այս բոլորէն քաղեց իր քաղաքական դասը, թէ ժողովուրդները իրենց պատմութեան ճակատագրական վայրկեաններուն առանձին կ՛ըլլան փաստօրէն. թէ այդ վայրկեաններուն միայն ու միայն իրենց սեփական ուժին կրնան ապաւինիլ, թէ կրօնական ու քաղաքակրթական նոյնութիւնը պատճառներ չեն, որ օտար պետութիւններ իրեն օժանդակեն:
1918 մայիս 28-ին տեղի ունեցած Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի արիւնահեղ դիւցազնամարտերը յանգեցան մայիս 28-ի պատմական, անմոռանալի անցքին:
Մայիս 28-ը մեկնակէտն էր Հայաստանի անկախացումի գործընթացին, հայ ժողովուրդի միացեալ եւ ինքնիշխան ապրելու ձգտումին: Այդ ձգտումը իրագործումի չհասաւ, գլխաւորաբար համայնավար Ռուսիոյ Անդրկովկասեան քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ հետ քաղաքական համաձայնութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու գոյատեւումը ձախողութեան մատնեց թուրքերու համաթուրանական մեծ երազը, որ հիմնական նպատակակէտը եղած էր Մեծ Եղեռնը կազմակերպողներուն: Մայիս 28-ի անկախութեան հերոսամարտը վերջակէտ մը դրաւ այն ճամբուն, որ Թուրքիոյ տարիներու երազն էր` Թուրանի ստեղծումը:
Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը եւ անոնցմէ ետք միատարր Հայաստանի մը ստեղծումը, գէթ երկար ժամանակի համար, ի սպառ պատուար կանգնեցուցին համաթուրանական յորձանքին դիմաց, որուն առաջին եւ գլխաւոր զոհը Հայութիւնը պիտի ըլլար:
Եթէ 1915-ը Աւագ Ուրբաթն է հայոց պատմութեան, ապա Սարդարապատի հերոսամարտը` Կիրակին է հայոց յաղթական յարութեան:
Այս պահուս մեր հայեացքը կ՛ուղղենք դէպի մեր երկիրը, մեր հայրենիքը, անոր երկիր կոչում տուող Եռագոյնին` կարմիրին, կապոյտին եւ նարնջագոյնին: Քանի մը տարիներէ ի վեր փորձեր կը կատարուին խեղաթիւրելու կամ այլ տեսակի անուններ տալու Եռագոյնի նարնջագոյն գոյնին: Սակայն նշենք, որ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ընթացքին, երբ ծնունդ առաւ Եռագոյնը` ան որ բաղկացուցիչ գոյները կը կոչուին կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: Ուրեմն դրօշակի գոյներու անուանումը չի կրնար փոխուիլ:
Հայոց Եռագոյնը մենք արեամբ պահպանեցինք, որովհետեւ խորհրդանիշն էր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի եւ ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ սադրանք կրնայ այդ Եռագոյնը վերածել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իրագործման առաջադրանքէն շեղող որեւէ հանգանակի խորհրդանիշի:
Այո՛, խուսափում չկայ, Մայիսեան հերոսամարտը կերտուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, սակայն համայն հայութեան ջանքերով, որովհետեւ անիկա համահայկական պահանջ էր, եւ հրամայակա՛ն, կենաց մահու խնդիր, համակուսակցական ծրագրումի եւ իրագործման առարկայ:
Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եւ հայ երիտասարդութիւնը մասնաւորաբար, ի վիճակի ըլլայ հասկնալու, որ 28 մայիսը կերտուեցաւ համայն հայութեան ջանքերով ու զոհողութեամբ, իսկ այսօր, նոյնպէս, համայն հայութեան կը պատկանի այդ օրը յիշատակել արժանավայել ձեւով, տօնակատարել եւ դասեր քաղել:
Այդ դասերէն, առաջինն ու կարեւորագոյնն է, որ հայերու միաբանութեամբ կերտուեցաւ Հայաստանը, իսկ անմիաբանութեամբ փուլ եկաւ:
Խիստ կարեւոր է նաեւ յիշել քանի մը անձնաւորութիւններ:
Առաջինը, անկուսակցական, ռուս բանակին մէջ, թրքական ճակատի վրայ յայտնաբերուած զօրապետը իր փառաւոր յաղթանակով, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը, որ դարձած էր զինուորական մեծահռչակ հեղինակութիւն, ծնած եւ դաստիարակուած օտարացած հայ ընտանիքի մը մէջ, ռուս զինուորական վարժարաններու մէջ կազմաւորուած, թրծուած ռուսական ոգիով, քառասուն տարի ռուս պետական շահերուն ծառայած, անծանօթ` հայ իրականութեան, անհաղորդ` մեր ցաւերուն: Կատարելապէս ռուսացած հայ զօրավարը, երբ քայքայուած ճակատի վերակազմակերպման համար Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդին կողմէ, երկար վարանումներէ ետք, դիմում ստացաւ, հանգստեան կոչուած 62 տարեկան հայազգի զօրավարը, Թիֆլիսի իր բնակարանի դահլիճին մէջ, երկարօրէն ունկնդրելէ ետք Ազգային խորհուրդի պատուիրակներուն բացատրութիւններն ու խնդրանքները, դանդաղօրէն կը բարձրանայ, կ՛իջեցնէ պատէն կախուած զօրավարի սուրը, կը կապէ մէջքին եւ պարթեւահասակ ու թիկնեղ` բարեւի կը կենայ իր ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն դիմաց:
Ահա՛, ոչ մէկ հոսանքի թեքում ունեցող մը, պարզապէս հայու հաւատարիմ արիւն կրող մը, որ համայն հայութեան զաւակն էր, 62 տարիներ վերջ պատիւ պիտի վիճակէր հայօրէն զոհելու կեանքը իր ազգի ճգնաժամի սիրոյն:
Առնականօրէն շքեղ եւ պատկառելի էր Հայոց Սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեանը: Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, երիտասարդական խանդով ոտքի ելաւ եւ իր սուրն ու հմտութիւնը ի սպաս դրաւ հայ մարտական ուժի վերականգնումին:
Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեան վերադարձած էր իր ժողովուրդին եւ ամբողջ ազգը, դարերու մթին անջրպետէ մը ետք, իրմով վերականգնած էր եւ ինք վերականգնած էր սպարապետի իր հինաւուրց փառքը:
Եթէ սպարապետ Թովմաս Նազարբէկեան եւ անոր նմանները հայօրէն պատրաստ էին նահատակուելու, ապա Արամ Մանուկեաններն ու Դրոները ու իրենց նմանները Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երդումին հաւատարիմ` միայն ու միայն ծառայել իրենց ազգին առանց փնտռելու փառք ու պատիւ, յանձն առին իրենց արեամբ ոռոգել հայրենի սուրբ հողը:
Արամ Մանուկեանին` հսկայի մը, վիճակուեցաւ իր սեփական կնիքը պարտադրել պատմութեան ընթացքին:
1917-ի դեկտեմբերին Ազգային խորհուրդին կողմէ, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կ՛ուղարկուի Երեւան եւ ժողովի կը հրաւիրէ Ազգային խորհուրդի անդամները: Ազգային խորհուրդի առաջին նիստին ան կը ներկայացնէ ընդարձակ զեկոյց մը, ընդհանուր քաղաքական դրութեան ու Թիֆլիսի մէջ տիրող մտայնութեան շուրջ եւ հոն է, որ կը յայտարարէ քաղաքական ու ազգային տեսական իր շատ կարեւոր գաղափարը, որ կ՛ըսէր. «Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Ո՛չ ոք, ո՛չ մի մարդ չի ուղարկի տաճկական ճակատ` տուն գնացող ռուսներին փոխարինելու համար: Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում, շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու, թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»: Ահա այս պատգամը ինքնին կը հաստատէ հեռատես քաղաքական գործիչի ու ռազմավարի կարողութիւնը:
Յիշեալ պայմաններու մէջ էր, որ Երեւանի բնակչութիւնը եւ զինուորականութիւնը որոշեցին Արամին վստահիլ գոյամարտի կազմակերպումը եւ զայն նշանակեցին Արարատեան շրջանի տիքթաթէօր: Եթէ բառացի պիտի թարգմանենք այս բառը, ապա կը նշանակէ բռնատէր, միապետ, սակայն իրողութիւնը բացարձակապէս հակառակն էր: Հայ ժողովուրդը զայն ընտրեց կառավարիչ, առաջնորդ` հաւանաբար Արամը իր տիքթաթէօր անուանումով միակն է աշխարհի պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը, անխտիր, իր բարձր գիտակցութեամբ ու անսահման սիրոյ զգացումներուն իբրեւ արտայայտութիւն` անուանեց զայն տիքթաթէօր, ու ապագային ալ ոչ մէկ հայու համար այդ անուանումը բացասական բարդութիւն ստեղծեց, ընդհակառակը, բոլորը անխտիր համախմբուեցան մեծ առաքեալին շուրջ:
Եթէ այսօր ուրախութեամբ եւ հպարտանքով կ՛ընդունինք, որ համայն հայութեան Հայաստանն է այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու անոր գլուխը կանգնող նախագահը, ապա պէտք է արժանավայել ձեւով նշենք 28 մայիս 1918-ն ու Մայիսեան Յաղթանակներով պսակող Հայաստանի անկախ պետականութեան դարբինի` Արամ Մանուկեանի դերակատարութիւնը եւ յիշատակը, որովհետեւ 28 Մայիս 1918-ը համազգային սեփականութիւն է, իսկ Արամ Մանուկեան խորհրդանիշն է այդ սեփականութեան, մեր այսօրուան լինելութեան եւ ինքնութեան` իբրեւ գաղափարական մարդ, քաղաքական գործիչ, աննկուն յեղափոխական, կազմակերպական ղեկավար եւ համայն հայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր:
Այլ անուն մը եւս, Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշա, Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն իբրեւ ներքին գործոց եւ ապա զինուորական նախարար ո՛չ միայն հիմը դրաւ հայկական պետական բանակին ու կազմակերպեց զայն, այլ նաեւ մասնաւորաբար մեծ եւ անչափելի եղաւ անոր դերը թէ՛ Հայաստանի ներքին կայունացումին, եւ թէ մեր հայրենիքի հայկականացումին դժուար գործին մէջ:
1918 յունիսին Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանդր Խատիսեան, հրաւէրով մը կ՛ուղղուի Պոլիս` մասնակցելու Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու ժողովին. Խատիսեան, երբ կը մտնէ Օսմանեան պետութեան պատերազմական նախարարութեան շէնքի սպասման սրահը, անոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շէնքի պատին վրայ գրուած օսմաներէն գրութիւն մը (արաբատառ), զոր կը թարգմանեմ նոյնութեամբ. «Սուրերու հովանիի տակ կը գտնես քու հանգիստը»:
Այս բառերը, որոնք գրուած են մեր հակառակորդին կողմէ, նաեւ այսօր կան թուրքերուն մտայնութեան մէջ անոնք, կը մնան նոյն ուժականութեամբ ու աւելին:
Ինչպէս Հայաստանի առաջին հանրապետութեան երկու տարիները հայոց պատմութեան մէջ ամէնէն նշանակալից եւ ճակատագրական ժամանակաշրջանն է, նոյնն է պարագան նաեւ այսօր, պէտք է գիտակցիլ, որ ոտքի կանգնելու, գոյատեւման համար կռուելու կամ հաշտութիւն կնքելու գերմարդկային ճիգերը: Այս բոլորը ապացոյց են ազգերու ընտանիքին մէջ տեղ գրաւելու հայութեան վճռականութեան:
Որովհետեւ, դրացի ժողովուրդներու եւ երկիրներու միջեւ պատերազմը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը առկայ են յաճախ: Անխուսափելի իրականութիւն է, որ զօրաւոր կողմը զէնքի ուժով եւ դիւանագիտութեամբ իր կամքը կը պարտադրէ տկարին: Հետեւաբար հայ ժողովուրդին կը մնայ լարել ուժերը, ընտրել յարմարագոյն միջոցներն ու զէնքերը` շարունակելու համար երթը:
Վերոնշեալ իրականութիւնն ու անցեալի դասերը խօսուն օրինակ պէտք է ծառայեն Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան պետականութեան, որպէսզի մեր ծաղկուն պապենական Հայաստանը ա՛լ աւելի ծաղկի, մեր ազգը ա՛լ աւելի բարօր կեանք ապրի, մեր պետութեան աւագանին թիավարէ մեզ հանգիստ, ապահով, մեր ազգային դիմագիծը եւ գիտակցութիւնը առանց ապականելու, այս դժուարութեամբ աշխարհին մէջ մեր ինքնութիւնը «Մեր հայրենիք»-ը, իր խորհրդանիշ Եռագոյնով լսելի ու տեսանելի դարձնէ այս աղմկալի աշխարհին մէջ:
21-րդ դարուս, երբ համաշխարհայնացումը կը սպառնայ մեր ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիան իր քարոզչական մեքենայով եւ տնտեսական նուաճումներով կը փորձէ շրջանցել Հայ դատի բոլոր աշխատանքները, մայիսեան հերոսամարտն ու Արամ Մանուկեանը բոլոր ժամանակներէ աւելի կը խօսին մեզի եւ նոր մարտահրաւէրի եւ հրամայականի առջեւ կը դնեն հայութիւնը անխտիր, առանց նկատի առնելու գաղափարական տարբերութիւններն ու դաւանանքը, թէեւ փոխուած են տարեթիւերը, մարդիկ ու մանաւանդ քաղաքականութիւնը:
Հայրենիքը այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի հայկականութեան կռուան է:
Հայաստանը կը հանդիսանայ ամբողջ հայութեան կեցուածքներուն ու պահանջներուն առանցքը, ու անոր ընդմէջէն` մայիս 28-ի խորհուրդը պէտք է գտնէ իր համահայկական լրիւ արժեւորումը: Հայաստանի Հանրապետութեամբ ձեռք բերուած հայոց նորագոյն պատմութեան անկիւնաքարը ներշնչման հասարակակաց աղբիւրն է համայն հայութեան:
Սեփական հայրենիքի ամբողջացումը եւ ազգային պետականութեան բիւրեղացումը կը շարունակեն մնալ հայութեան առաջնորդող սկզբունքները: Վկայ` Ծիծեռնակաբերդի անշէջ հուրը. վկայ` Սարդարապատի բարձրաղօղանջ զանգերը:
Առաջին հանրապետութեան անկումէն ետք անկախութեան գաղափարը պահպանուեցաւ ո՛չ միայն սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Մինչեւ 1991 թուական սեպտեմբերեան հանրաքուէն` 70 երկարատեւ տարիներու ընթացքին այդ գաղափարը փայփայեցին ու զարգացուցին Հայաստանի լաւագոյն մտաւորականները, խորհրդային բանտերու մէջ իրենց կեանքը անցուցած քաղաքական գործիչները: Հայոց անկախութեան գաղափարի նորագոյն հոլովոյթը 1991-ի սեպտեմբերեան իրադարձութիւններու նախերգանքն ու գաղափարական նախապատրաստութիւնն էր:
Արդարեւ, խօսիլ անկախութեան մասին առանց անդրադառնալու ողջ Հայաստանի ու անոր անբաժան մաս կազմող Արցախի, Ջաւախքի ու ապահայացած Նախիջեւանի դիմագրաւած վտանգներուն մասին, պիտի նշանակէր հարուածել հայ ժողովուրդի շահած փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը, հետեւաբար, արգելակել մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու անկախութեան ամրակայման սրբազան պատերազմը:
Ուստի մեր հակառակորդը ու մանաւանդ անոր փանթուրքիզմի ծրագիրները եւ իր կողմէ որդեգրուած ամէն տեսակի սադրանքները, հոսանքները ու ազդեցութիւնները դիմակայելու համար, այսօր, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ամրապնդել անցնող տասնամեակներու մեր հաւատքը հանդէպ մեր անկորնչելի արդար դատին, որ կը պարտադրէ անհաշիւ խոչնդոտներու յաղթահարում, կը ստիպէ ամբողջական ուժերու լարում: Մեր մեծ «ես»-ը փոխարինել «մենք»-ով: Անհրաժեշտ է ամրակուռ, միակամ, մեր պատկանելիութեան գիտակցութեամբ ամրագրուիլ ազգի եւ հայրենիքի ամբողջական շահերուն շուրջ, մշակել ինքնապահպանման-գոյապահպանման լուրջ ռազմավարութիւն. անշուշտ, եթէ կ՛ուզենք իբրեւ հայ գոյատեւել:
Իրերու ներկայ դրութեան մէջ ու Հայաստանի եւ հայկական Արցախի շուրջ շղթայազերծուած ազերի-թուրք յարձակումին դիմաց 28 մայիսի այս օրը մենք անգամ մը եւս իրաւունք ունինք կատարելու բարձրաղաղակ հաստատումներ, որոնք կը միտին իրականութեան եւ ամուր կռուաններու վերածել հայ ժողովուրդի ազատ, անկախ ու ինքնիշխան ապրելու պատմական փաստերը ու ներկայի ձգտումները:
Արդ, անկախ Հայաստան մեզի համար կը նշանակէ Հայաստանէն պոկուած Արցախի, Ջաւախքի, սրբապղծուած Նախիջեւանի ու Գանձակի միացումը: Այս հողամասերը անբաժան մասնիկն են մեր հայրենիքին, որուն արեւմտեան գրաւեալ հողերու ազատագրումով եւ այդ հողերու միացումով կարելի կը դառնայ Միացեալ Հայաստանը եւ իրաւ ու ամբողջական անկախութիւնը:
Մեր ժողովուրդը այսօր դարձեալ մեծ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: Կրկին հայ ժողովուրդի անժամանցելի արժէքներուն, մեր սերունդներու իրաւունքներուն հաշուոյն օտարի շահերը բաւարարելու փորձ կը կատարուի: Բարեբախտաբար հայութիւնը սկսած է գիտակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու քողարկուած ու բացայայտ սպառնալիքներուն: Տակաւին վտանգուած է նաեւ Արցախի հերոսական ժողովուրդի արիւնով ձեռք բերուած ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Միւս կողմէ` Ջաւախքի հայութիւնը զրկուած է մարդկային տարրական իրաւունքներէն:
Մենք համոզուած ենք, որ միմիայն միասնական ջանքերով, ամէնօրեայ աշխատանքով կարելի է լուծել համազգային խնդիրները. ջաւախքահայութեան իրաւունքներու, Արցախի անկախութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման կենսական հիմնահարցերը: Հայաստանի պետական-հասարակական կեանքին մէջ սփիւռքի իրական ներգրաւուածութիւնը կրնայ դառնալ մեր միասնականութեան ամրապնդման կարեւոր գործօնը:
Այս տարի հայոց Մեծ եղեռնի 98-ամեակն է: Կը մօտենանք մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկուն 100-ամեայ տարելիցին: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ հատուցման պայքարը մեծագոյն նշանակութիւն ունի ինչպէս համամարդկային քաղաքակրթական արժէքներու, այնպէս ալ Հայաստանի անկախ պետականութեան անվտանգութեան առումով:
Այսօր, 28 մայիսին, Հայաստանի անկախութեան 95-րդ տարեդարձի առիթով, բնականաբար եւ ինքնաբերաբար, ազգովին պարտաւոր ենք յարգելու յիշատակը հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, հաւատքով ու կամքով համախմբուեցան հայրենիքի կերտման շուրջ: Իրապաշտ մօտենանք հարցին, թէ՛ ինչքան ալ նոր քարեր զետեղենք այդ շէնքին վրայ, որ կը կոչուի 28 մայիս 1918 Հայաստանի Հանրապետութիւն, դարձեալ առաջին քարն է, իբրեւ հիմք մնացողը: Հետեւաբար, կը մնանք մայիս 28 կերտողներուն պատգամին հաւատարմութեամբ, որովհետեւ պատմութիւնը կը մնայ անջնջելի եւ անխախտ:
Ամէն տարի հպարտութեամբ կը նշենք այս օրը, անկախութեան, ազատութեան եւ ինքնութեան օրը, կը նշենք իր դրօշով, քայլերգով ու զինանշանով` այդ օրուան զինանշանով եւ ոչ թէ այսօրուան հանրապետութեան զինանշանով, ուրեմն զգուշ ըլլանք նաեւ զինանշանին:
Արդ, անկախութիւնը արիւնով ձեռքբերողներուն շիրիմին վրայ անգամ մը եւս զետեղենք ծաղկեպսակներ ու պատուանշաններ` խոնարհելով անոնց ռազմիկի ալեծուփ եւ հերոսական նուիրումին առջեւ:
Փառ՜ք ձեր սուրբ եւ ազնիւ արեան, ո՜վ նահատակներ, որով որոգեցիք սուրբ հողը հայրենիքին:
Փառ՜ք ձեր յիշատակին, ո՜վ անմահներ, որ դարերու համար կերտեցի՛ք դիմագիծը հայ միասնական սերունդներուն` խիզախ, պատուախնդիր եւ անվեհեր` կերտելու միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը:

