Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ. Ոչ Որպէս Աւուր Պատշաճի Խորհրդածութիւններ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կառավարութեան անկախութիւնը եւ քաղաքական
իրաւունքները կը կազմեն ժողովուրդները, լեզուն
եւ հասարակաց ծագումը կը կազմեն ազգերը:Ժան-Շարլ Լէոնար Սիսմոնտ տը Սիսմոնտի,
պատմաբան եւ տնտեսագէտ (ծն. 1773 Ժընեւ,
մեռած 1842-ին, Ժընեւ)
Գիտնալով հանդերձ, որ կարգ մը խորհրդածութիւններ մենախօսութեան սահմանէն դուրս պիտի չգան, պէտք է խօսիլ եւ գրել, որպէսզի անտեղի սնապարծութիւնը փոխարինուի ազգային իրաւ հպարտութեամբ:
Վերանկախացած Հայաստանի իշխանութիւնները եւ մտաւորականութիւնը, ձերբազատելէ ետք խորհրդային շրջանի «պատմաշինական» կուտակումներէն, դեռ հաշուեկշիռը չըրին առաջին անկախ հանրապետութեան երկուքուկէս տարիներուն: Արտասահմանի մէջ այդ մասին խօսուեցաւ, յաճախ` բանակռիւի մթնոլորտի մէջ: Կոթողական գործեր լոյս տեսան, ինչպէս` Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ը եւ անգլերէնով Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի բազմահատոր գիրքերը: Ուրիշներ ալ գրած են: Պատմաբանը կամ հրապարակագիրը շատ բան չունին աւելցնելիք, եթէ քարոզչական եւ կողմնապաշտական միտումներ չունին: Բայց վառ մնաց անկախութեան գաղափարը` որպէս իրաւունքի եւ ինքնութեան գիտակցութիւն:
Պատմութիւնը ժողովուրդներու համար ինքնաճանաչման դարպաս է: Տարեդարձ-տարելից առիթ կը համարենք յիշելու եւ յիշեցնելու: Եթէ չենք ուզեր այդքանով բաւարարուիլ, օրը «ֆեթիշ» դարձնել, հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ այսօ՛ր պէտք է խօսիլ «Մայիս 28»-ով յատկանշուող առաջին հանրապետութեան մասին, առանց խրելու ըսուածի եւ ըսուածի նմանող չըսուած կարծուածի բառակոյտերու մէջ: Երբ անցեալի մասին կը խօսինք, անկարելի է, որ անմիջական ներկան ուշադրութեան առարկայ չըլլայ: Դէպի անցեալը դառնալ ներկան հասկնալու եւ առաջնորդելու պէտք է ծառայէ, այլապէս անցելապաշտութիւնը մեզ կը խեղդէ:
Դար մը առաջուան եւ ժամանակակից «անկախութիւններ»-ը նմա՞ն են, թէ՞ տարբեր: Անցեալին եւ ներկայիս «ազգ»ը, զայն բաղկացնող հոսանքները, եւ քանի մը միլիոն անձերը ինչպէ՞ս ապրեցան եւ կ՛ապրին «անկախութիւններ»-ը: Անոնք իրենք զիրենք կը տեսնէի՞ն եւ կը տեսնե՞ն անկախութեան մէջ: Ի՞նչ կ՛ակնկալէին եւ կ՛ակնկալեն, ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է եւ տեղի կ՛ունենայ անկախութեան տիրութիւնը: Աւելի պարզ. հայկական զանգուածները, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), իրապէս տէր եղա՞ծ են եւ տէ՞ր են անկախութեան, առանց գնահատելու բաժակի լեցուն եւ դատարկ մասերը միաժամանակ:
Այսպէս խորհրդածել տրամագծօրէն տարբեր է «զգացական-զբօսաշրջային-հանդիսաւոր» վերաբերումէ, կը մերժէ երէկի եւ այսօրուան կրկնուող ճառերը, խոհեմութիւնները, ի գին ամէն բանի մարդ սիրաշահելու ճապկումները, աղէտ-արտագաղթը «բացատրելու եւ հասկնալու» բարբաջանքները: Տարին անգամ մը խօսիլ եւ լսել անցեալի կամ ներկայի «անկախութեան» մասին, ճաշկերոյթներով կամ բարձրախօսներով ժայթքող փող ու թմբուկով, պարզապէս գետին դոփել է, «քոչարի» պարելու պէս: Եթէ այդ բոլորին ետին ազգային գաղափարախօսութեան կառչած հաւաքականութիւն չկայ, եւ բոլոր մակարդակներու վրայ մաշում կայ, իրարանցումները անվաղորդայն հրավառութիւն կ՛ըլլան, երկինքին մէջ պայթող ու ակնթարթ մը տեւող պլպլացումներ:
Մեր ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի դժուարութիւնները ըմբռնելու եւ յաղթահարելու համար երբեմն կանգ պէտք է առնել եւ ազգ գոյացնող ազդակները, առանց սեթեւեթի, դիրքապաշտական եւ մարդորսական ճապկումներու, միաժամանակ դնել սեղանի վրայ, գիտնալու համար, թէ ի՞նչ կ՛ընենք, ո՞ւր կ՛երթանք, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընելու համար: Այս ընել` անհանգստացնելու եւ անհանգստանալու գնով: Առանց այս հարցումներուն մասին մտածելու` անկախութեան մասին խօսիլ դատարկ եւ անվաղորդայն հռետորութիւն է, նոյնիսկ եթէ հանրային կեանքի մէջ կրկներեւոյթի նմանող հանգամանաւորութիւններու տոնքիշոթեան հողմաղացները կը դարձնէ:
Անկախութիւնը հասարակ տեղիք քլիշէ չէ, ամբոխին հրամցուած անլիցք կարգախօս:
Անկախութիւնը մասնիկն է ազգային գաղափարախօսութեան, որ ամբողջութիւն մըն է, չի շերտուիր` մէկ մասը ընտրելու եւ միւս մասը լքելու համար: Անկախութիւնը էական է: Առանց անոր, լաւագոյն պայմաններու մէջ անգամ, այսինքն երբ կը յարգուին մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները, երբ կարելի կ՛ըլլայ պահել ազգային լեզուն եւ մշակոյթը, ազգի ինքնութիւնը կը մնայ վիրաւոր: Պատմութիւնը, հին եւ նոր, կը վկայէ, որ տիրող ուժերը ամրացնելու համար իրենց դիրքերը անկախութեան ձգտումը միշտ արգելակած են զինուորական բրտութեամբ կամ մշակութային ինքնութեան դէմ նախայարձակումներով: Ինքնութեան տէր հաւաքականութիւններուն համար երկուքն ալ ըստ ամենայնի մերժելի են: Ամուր ինքնութիւն պահած ազգեր, առաւելաբար անոնք, որոնք չեն առաջնորդուած ամբոխային տրամաբանութեամբ, պայքար մղած են անկախութեան համար:
Այդ դեռ երէկ էր, երբ Խորհրդային Միութիւնը կը յայտարարէր, որ խորհրդային բոլոր քաղաքացիները պէտք է սորվին «ռուս մեծ լեզուն», որ միութիւն ստեղծելու շաղախ պիտի ըլլայ, հետեւաբար պիտի խեղդէ անկախութեան եւ անջատման երազանքը: Այդպէս վարուած էին բոլոր գաղութարարները: Անկախութիւնը կարենալ պահելու համար ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչները կենսունակ պէտք է ըլլան: Եթէ անոնց կենսունակութիւնը չքանայ, անկախութիւնը կը դառնայ ձեւական, կը վերաբերի հողամասի մը, ուր մարդիկ կ՛ապրին, կ՛արտադրեն եւ կը սպառեն:
Անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կրնայ ունենալ հայրենիքով, մեր պարագային` այն հողամասով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքը եղած է ինքնութեան կռուան: Հետեւաբար ազգային անկախութիւնը հայրենիքով պայմանաւոր է: Երեւակայեցէ՛ք պահ մը, որ ամերիկեան նահանգ մը, կամ Թասմանիան, տրուի հայերուն, այդ հողամասերը հայրենիք կ՛ըլլա՞ն: Թերեւս հոն մարդիկ լաւ եւ կուշտ կ՛ապրին, բայց անինքնութիւն եւ անանցեալ գոյութիւն մը կ՛ունենան, կ՛ըլլան ջերմանոցի հաւաքականութիւններ:
Անկախութիւնը լաւ է, մաղթելի, ցանկալի, բայց ազգի նպատակներու իրականացման վերջնական հանգրուանը չէ:
Հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը: Մասնակիով գինովնալը անկարելի կը դարձնէ նոյնինքն անկախութիւնը: «Հողակտոր փրկել»-ու նահանջականութիւնը ազգը կը կանգնեցնէ կորստեան դարպասին առջեւ: Այդ նահանջականութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ արտագաղթով, երբ տոկալու եւ տեւելու համար հարկ է կենսագործել վերադարձի փիլիսոփայութիւնը, որպէսզի ազգային գաղափարախօսութիւնը տօնական առիթներու դատարկաբանութիւն չըլլայ:
Յաճախ կը յիշեմ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի դիպուկ սահմանումը, ըստ որուն, Հայաստանը հայերէն խօսողներով բնակուած աշխարհն է: Հայաստանի Հանրապետութիւն (հողակտոր) եւ սփիւռք(ներ), յաճախ կը մոռնանք այս ճշմարտութիւնը` պատշաճեցումներով, մարդորսական կամ «պիզնես»-ային ճապկումներով: Այս իմաստութեամբ հարկ է ըմբռնել նաեւ անկախութեան տիրութեան գաղափարը:
Բնակուած հողն է, որ հայրենիք է: Որպէսզի Հայաստանը հայոց հայրենիք չըլլայ, ցեղասպանութեան զուգահեռ տեղի ունեցաւ նոյնքան մեծ աղէտը, որ հայրենահանումն էր: Եթէ բռնագրաւուած Հայաստանի ազատագրումը կը պահանջենք, այդ կը նշանակէ, որ հոն պիտի վերականգնենք բնակչութիւն, որ ըլլայ շարունակութիւն: Այս հաստատումը տեսութիւն չէ, կը բացատրուի համրանքով: Մոլորակի հեռու եւ մօտ աշխարհներու մէջ տարտղնուած համրանքով ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ալ անկախութիւն կը պահուին: Եթէ ազգային գաղափարախօսութեան տրամաբանութեամբ ընթանան մեր որոշումները եւ նախաձեռնութիւնները, վերադարձի փիլիսոփայութիւնը վառ պէտք է մնայ, որպէսզի ազգի համրանքով իրաւունք հետապնդուի: Զբօսաշրջութիւնը համրանքի տեսանկիւնէ պղպջակ է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութենէն տեղի ունեցող եւ շարունակուող արտագաղթը ազգային աղէտ է` անկախաբար ամէն կարգի արդարացման որձեւէգ արտայայտութիւններէ, ամբոխային թէ ղեկավարական մակարդակներու վրայ:
Մարդորսական (prosélytisme) ճապկումներէ հարկ է հրաժարիլ, քաղաքական իսկական առաջնորդող մտածում դարձնել այն, որ առանց մշակութային անկախութեան, հողատարածքի մը վրայ ապրող հաւաքականութեան մը անկախութիւնը, բախտաւոր պարագային, տնտեսական ազատ շուկայ կրնայ ըլլալ: Իսկ մշակութային անկախութիւն եւ ինքնութիւն եթէ խամրին, ըլլան այլ բան, նախկինի հաւատարմութիւնը լքած նորի սկիզբ, կարելի է հարց տալ, թէ ի վերջոյ ի՞նչ բան է անկախութիւնը: Երբ Հայաստանի մէջ կը հաստատուին օտարալեզու դպրոցներ, ինչպէ՞ս կը պահպանուի մշակութային անկախութիւնը: Այդ մշակութային անկախութիւն-ինքնութիւնը նաեւ ազգային լեզու է: Հայոց լեզուն նախնական լեզու մը չէ, որպէսզի հոն ներածուին հին եւ նոր բառեր, գիտական, արհեստագիտական, քաղաքական, եւ այլ: Այս արդիականացման մերժում չէ, այլ դիմադրական ճիգ` տիրող համարուած լեզուներու կայսերապաշտութեան դէմ: Անկախութեան եւ ինքնութեան այս պայքարը կարծէք դադրած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ բազմատեսակ սփիւռք(ներ)ի մէջ:
Նոյնիսկ հզօր տնտեսութեամբ ըմբռնուող անկախութիւնը սոսկ կճեպ է` առանց մշակութային անկախութեան: Ի վերջոյ, կոպիտ ձեւով պէտք է ըսել, որ անկախ հայրենիք մը նպարավաճառի խանութ չէ, նոյնիսկ երբ ան ցուցանակի վրայ երեւցող «սիւպյերդիւքյան» է կամ պսպղուն պողոտայի վրայ տեղ գտած պսպղուն «էպիլացիա»-յի սրահ… Առանց ազգային գաղափարախօսութեան եւ մշակութային անկախութեան` տնտեսութիւն եւ պետութիւն կը վերածուին շահակցական ակումբի:
Եթէ քիչ մը խորհինք պատմութենէն ժառանգուած արժէքներու մասին, մեր ներկային եւ վաղուան այլ լիցք կու տանք: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, երբ թշնամիներ կը ճնշէին սահմաններու վրայ, երբ սով կար, հայրենահանուած գաղթականութիւն, լուսաւոր միտքով նախարարը համալսարան հիմնեց, որպէսզի ապահովուի, քաղաքական անկախութեան հետ, մշակութային անկախութիւնը: Այդ իրականացուցած տեսիլք ունեցող իմաստունին անունը կու տանք, բայց օրինակով չենք առաջնորդուիր: Անո՞ւնը…
Աւելի պարզ. այսօրուան քաղաքական վերանկախացումը պիտի ըլլա՞յ նաեւ մշակութային վերանկախացում, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի պղպջակային շքեղութիւններէ եւ մարմարի սնափառութենէն անդին, Խորենացին մեր մէջ մնայ: Մեր մէջ, ոչ միայն գրոց-բրոցներու, այլ մանաւանդ` զանգուածներու, որոնք տեղատուութեան սահնակին վրայ նստած` օտարալեզու դպրոցներ կը բանան, օտարալեզու թերթ կը հրատարակեն, օտարալեզու գրականութիւն կը մշակեն, եւ կը ծափահարուին չտեսութեամբ:
Անկախութիւնը երշիկ չէ, որ շերտուի գինեձօնի մը կամ փող-թմբուկի երեկոյի համար:
Կրկնենք. Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առանց մշակութային ամէն օր ապրուող անկախութեան, քաղաքական անկախութիւնը անհասցէ կրկներեւոյթ է:
Յիշել անցեալը, պահել ձեռքբերումները, բայց` տեղ քայլ չընել եւ չբաւարարուիլ մակերեսայնութեամբ: Երբեմն ալ յաճախել մեծերու դպրոցը: Ի՞նչ կ՛ըսէ զուիցերիացի մտածողը. «Կառավարութեան անկախութիւնը եւ քաղաքական իրաւունքները կը կազմեն ժողովուրդները, լեզուն եւ հասարակաց ծագումը կը կազմեն ազգերը»:
16 մայիս 2013
Նուազի-լը-Կրան

