Հայաստանի Անկախութեան 95-ամեակ. Եթէ 70 Տարի Չյիշէինք Մայիս 28
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
70 տարի յիշեցինք 1918 մայիս 28-ի յաղթանակը: Մինչեւ օրս կը շարունակենք յիշել ու տօնել այս մեծ նուաճումը` իբրեւ հայ ժողովուրդի գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պահպանած հայրենիք, մայր Հայաստան: Սփիւռքի նեղ կամ լայն մեր պայմաններուն մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տօնեց այս մեծ յաղթանակը` յատուկ հանդիսութիւններով, երգերով, բանախօսական արտայայտութիւններով, մամուլի էջերուն արձանագրուած յօդուածներով: Հայոց պատմութեան հզօր մէկ էջին դրուատիքը կատարուեցաւ երկա՜ր տարիներէ ի վեր: Դաշնակցական շարքային մը ըլլալու կարիքը չկայ այս տողերը արձանագրելու համար:
Մանուկ օրերէս լսած եմ այս բառը մեր դպրոցին մէջ: Լսած եմ դրացիներէս, քեռիէս, որ շարքային դաշնակցական մըն էր, որ մեզի` քոյրերուս ու եղբօրս սորվեցուցած է յեղափոխական երգերը իր ջութակի նուագով: Երգած ենք ընտանեօք, առանց Դաշնակցութեան ակումբները մտած ըլլալու իբրեւ պատանիներ: Այս կը նշանակէ` ապրիլ հայուն ճակատագրով, հայուն լաւ ու վատ օրերուն հետեւողութեամբ:
Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման տարիները պէտք էր ըլլային: Պուրճ Համուտի մէջ հանդիսութիւն մը կատարելու հանդիսասրահ չունէինք: Արտօնուած էր միայն «Վարդանանց պատերազմ»-ի բեմադրութիւնը ներկայացնել Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Հետեւաբար մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը կատարած են դաշտագնացութեամբ, դէպի Նահր Քելպ: Կրկնելու գնով ըսեմ, թէ մանկութեան օրերէն արձանագրուած յիշողութեամբ կը գրեմ այս տողերը: Ուրեմն ներկայութիւն էր ՀՅ դաշնակցութիւնը, եւ անոր կազմակերպած տօներուն կը հետեւէին հայորդիներ, ընտանիքներով:
Եթէ հանդիսասրահ չենք ունեցած, ձեռնածալ չեն նստած մեր հայրենասէր ազգայինները: Եռագոյն դրօշակներ պարզած` քով քովի եկած են եւ յիշած` Արամ Մանուկեանը, հայ հերոսական ժողովուրդը, իր զաւակները սիրով կռիւի մղած հայ մայրը: Վերջապէս պէտք էր երգէին «Դա շապիկն էր այն քաջ մարդուն, բալա ջան», «Զարթիր որդեակ», «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Հիմի էլ լռենք» եւ միւս գաղափարաշունչ երգերը:
1950-ական թուականներուն եւ անկէ ալ քիչ առաջ, Նոր Սիս թաղամասի «Ազիրեան» ակումբի կիսաշէն սրահն էր ժամադրավայրը: «Նեղ ըրէք, տեղ ըրէք» սրահը կը յորդէր Պուրճ Համուտի բնակիչ երիտասարդներով, մեծ ու փոքր զաւակներով, մայրերով: Ուրախութիւն էր: ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը սկաուտներով թաղերուն մէջ կը շրջէր թնդացնելով օրուան խորհուրդը, ցնծութիւնը: Ճառախօսները եռանդուն էին. Կարօ Սասունի, Արամ Սահակեան, Մուշեղ Իշխան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Հրաչ Տասնապետեան, եւ դաշնակցական այլ ղեկավարներ ճառեր կը խօսէին` ոգեւորելով ներկաները: Ժողովրդային համախումբ երգեցողութիւն: Այսքանն ալ կը բաւէր ոգեկոչելու համար յիշատակը Երեւանի մօտերը թուրք բանակին յաղթած հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակները, Սարդարապատի «պատին տակ», պիտի գոչէր հետագային անմահանուն Պարոյր «Սեւակ:
«Մենք վառեցինք խարոյկը», այո՛, աւելի ուժով:
Հոգ չէ, որ Հայաստանի ժողովուրդը լռեց 70 տարի պարտադրաբար: Սփիւռքի մէջ եւս մնացին լռակեացներ, որպէսզի չնեղուէր հայր Ստալինը: Անցան այդ օրերը, դատաստանի չենք նստած: Իւրաքանչիւր հայ մտածեց ինքն իր ձեւով: Դաշնակցութիւնն ալ մտածեց իր սրտով…
1991 սեպտեմբեր 21: Անկախացաւ Հայաստանը վերջապէս: Եռագոյն դրօշը ստացաւ իր պատուոյ տեղը: Այս դրօշակը 70 տարի կախուած մնաց Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէկ պատին անկիւնը, հազիւ տեսանելի: Այդ օրը, երբ հարց տուած էի պատմութեան թանգարանը մեզի ընկերացող կիտ օրիորդին, թէ սա ի՞նչ դրօշակ է, մեր եռագոյնը չէ՞, ան պատասխանած էր.
– Մեր պատմական դրօշակն է…
Երբ կը յիշենք միշտ յիշատակելին, կը յիշենք նաեւ ու կը խորհրդածենք: Եթէ ՀՅ դաշնակցութիւնն ալ 70 տարի չյիշէր մայիս 28-ն, չծածանէր եռագոյնը, մեր ազգային վարժարանները եւ Հայ ճեմարանը չփակէին իրենց դռները իբրեւ հայ ազգի մեծ տօն, ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէր 70 տարի բռնակալութիւն ապրած մեր հայրենի ժողովուրդը, 1991 սեպտեմբեր 21-ի յաղթանակը…
Այս ամէնը ըսելու, յիշելու համար հարկ չկայ դաշնակցական ըլլալու: Թող յաւէտ պայծառ մնայ մայիս 28 տօնակատարած դաշնակցական մօտիկ անցեալի մեր քաջարի երիտասարդութիւնը, որ բարձր բռնած եռագոյն դրօշը` նոր սերունդները դաստիարակեց հայրենասիրութեամբ, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մեծ երազին պատգամով:

