50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1963)

Խմբագրական

Մայիս 28

Գաղթաշխարհի տարածքին վրայ հայ ազատատենչ ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը` հեռու հայրենիքէն, որուն ժողովուրդը, վստահ ենք, այս պահուս լուռ երկիւղածութեամբ կ՛եղբայրանայ արտասահմանի իր ազգակիցներուն հետ` ոգեկոչելու համար յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով կերտեցին շքեղագոյնը յաղթանակներուն:

Որքան հեռանանք պատմութեան այս շքեղ թուականէն, տարիները որքան թաւալին, այնքան աւելի իրական արժէքով կ՛իմաստաւորուի մեր հայրենիքի անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան հաստատման այս տարեդարձը:

Մայիս 28-ը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարներուն գերագոյն հանգրուանը, թափուած անհաշիւ արիւններու, անկշռելի զոհողութիւններու պսակումը` ղեկավարութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ ճգնաժամային օրերուն, երբ հայութեան մէկ միլիոնը ոչնչացուցած թշնամին եկած ու կանգ առած էր կոտորակուած հայրենիքի սահմաններուն վրայ, միահամուռ ճակատ կազմեց Արարատեան դաշտին մէջ համախմբուած հայութենէն եւ զէնքի ուժով կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը:

Անցան տարիներ: Անկէ ի վեր ուրացումի բազմաթիւ փորձեր եղան: Մեր անկախութիւնը թշնամիին մէկ շնորհը նկատուեցաւ, այն թշնամիին, որուն բանակները իրենց թնդանօթները ուղղած էին Հայաստանի սրտին, էջմիածնի բարձրասլաց գմբէթներուն: Բայց պատմական ճշմարտութիւնները կամայականներու չեն ենթարկուիր: Փաստերը լեզու կ՛առնեն պատմելու համար այն հերոսապատումը, որ Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն դրուագուեցաւ` իբրեւ ամէնէն փառաւոր էջը հայոց նորագոյն պատմութեան:

Կարելի է անվարան ըսել, թէ ինչ որ ունինք այսօր իբրեւ հայրենիք (հոգ չէ թէ` կտրատուած), կը պարտինք մայիս 28-ին: Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը քարտէսին վրայ գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, եթէ Թուրքիան կարողանար անարգել անցնիլ Արարատեան դաշտէն` իրականացնելով համաթուրանականութեան իր երազը, երբ լենինեան Ռուսիան հաշտ աչքով կը դիտէր քեմալականի շարժումները:

Մայիս 28-ով հայ ժողովուրդը ինքնավստահութիւն ստացաւ: Չքացաւ այն տխուր առասպելը, թէ հայը չի կրնար անկախ ըլլալ, պէտք է ենթարկուի օտարի լուծին եւ բարեկարգութիւններ մուրայ:

Մայիս 28-ը շունչ կու տար հայութեան, ապրելու եւ գոյատեւելու վճռական կամք կը ներշնչէր անոր: Նոր արիւն եւ խանդ կը ներարկէր անոր երակներուն: Առանց մայիս 28-ի` հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար եւ անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն, դառնալու համար տարահալած բազմութիւն:

Անիկա կը հանդիսանար պսակումը մեր երկարատեւ պայքարներուն, որոնք մղուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ: Հայու արիւնը իր մէջ կը պարունակէր սերմերը այն ոգիին, որ դրսեւորուեցաւ մայիս 28-ով, դառնալու համար դրօշ` ազատութեան եւ անկախութեան:

Մայիս 28 դրօշ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:

Մայիս 28-ը նուաճում մըն է` ձեռք բերուած հերոսներուն արիւնով, հայ ժողովուրդի քրտինքով: Անոր սեփականութիւնն է, անոր էութեան անբաժանելի մասը:

Իր Դատին ու իրաւունքներուն պաշտպան հայութիւնը բարձր պիտի բռնէ այդ դրօշը` փառք տալով իր անկախութեան կերտիչներուն եւ այն կուսակցութեան, որ զօրացուց ու զինեց անոնց բազուկները:

Share this Article
CATEGORIES