Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր կեանքը կապուած է նաեւ ձեր հարազատներուն, հետեւաբար ուրիշներուն նկատմամբ ունիք նիւթական եւ բարոյական պարտաւորութիւններ եւս:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շրջանակը պիտի քաջալերէ ձեզ` շարունակելու ձեր գործերը, որոնք պիտի ընթանան յաջողութեամբ: Ձեր ծրագիրները ճիշդ ուղիի վրայ դրուած են:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընթերցանութիւնը կը սիրէք եւ կ՛օգտուիք, բայց այսօր դժուարութիւն կրնաք ունենալ կարդալու` ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Օրինակելի դիրք պիտի ունենաք ձեր շուրջիններուն համար: Անոնք պիտի ներշնչուին ձեր միտքերէն եւ ձեր ներկայացուցած քաջալերական խօսքերէն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Փոխանակ առանձին աշխատելու եւ յաւելեալ պարտականութիւն ստանձնելու, դիմեցէք օգնութեան ձեր գործակիցներուն: Անոնք պիտի թեթեւցնեն ձեր ծանր աշխատանքը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անպէտք իրերը թափեցէք, անոնց փոխարէն յարմար եւ պիտանի ապրանք բերէք: Նոյնը ըրէք նաեւ ձեր այլ սովորութիւններուն պարագային: Եթէ ունիք սխալներ, սրբագրեցէք: Ինքնաքննարկումը կարեւոր է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեզմով կը զբաղիք, ինչ որ պէտք է, նոյն ատեն մտածեցէք ձեզմէ փոքր անձերու մասին: Օգնեցէք տկար անձերու եւ ծերերու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մոռցէք անցեալի ձեր վիշտն ու ձախողութիւնները: Այսօր պէտք է կեդրոնանաք ձեր ապագան կերտելու գործին վրայ: «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան», կ՛ըսէ մեր բանաստեղծ աշուղը: Օրը ունի քաջալերական ընթացք: Լաւատես եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը սիրէք բնութիւնը, հետեւաբար պիտի զբաղիք բոյսեր աճեցնելով, ինչ որ բնութիւնը, նաեւ ձեր շրջապատը կը ծաղկեցնէ: Լաւ տրամադրութեամբ պիտի անցընէք օրը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կրնաք գնել ձեր սիրած կամ ձեր օգտին նպաստող որեւէ իր: Այսօր պիտի մտածէք ձեր անձական կարիքներուն մասին, եւ օրը պիտի անցնի գոհունակ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզ մտիկ ընողներ պիտի ըլլան, հետեւաբար սրտի գոհունակութեամբ պիտի անդրադառնաք ձեր կապին, զոր ունիք ձեր շրջապատին հետ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տուած էք կարեւոր որոշում մը, զոր թեթեւի պէտք չէ առնուի: Ժամանակ տրամադրեցէք այս հարցին մասին լաւապէս մտածելու եւ ապա գործի անցնելու:

 

Share this Article
CATEGORIES